ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ.-   — Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս գործող Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն լծուած յատուկ գրասենեակի պատասխանատուն Դոկտ. Միշէլ Նսէյր։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նախ Նորին Սրբութեան ներկայացնելու վերջին շրջանին տարուած աշխատանքները, ապա ունենալու Անոր թելադրութիւնները յառաջիկայ ծրագիրներուն գծով։ Հայրապետը շեշտեց…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ

Այսօր՝ Շաբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Նոր Տարուան առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ մը այժմէական հարցերու։

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿԷ ԻՐ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս միշտ, այս տօնական օրերուն ընթացքին եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բազմապատկեց ընկերային ծառայութեան ոլորտի իր աշխատանքները։ Արդարեւ, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առընթեր, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Դեկտեմբեր ամսուն ձեռնարկեց օժանդակութեան արշաւի մը ու Կաղանդի եւ յաջորդող ամիսներուն սեղանները…

«Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ԿԵԱՆՔՈՎ ՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՐՁԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քրիստոնեայ առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի շունչը այսօր պարուրած էր Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, որովհետեւ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած սուրբին մասունքը դուրս բերուած էր՝ իր օրհնութիւնը տալու հաւաքուած հաւատացեալներուն։ Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տօնը։ Ս. եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու այցելութեանց ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, ականջալուր դարձաւ մամիկներուն ու պապիկներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին։   Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց Բոյն»ի որբերուն, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Գայեանեան Քոյրերուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց մանուկներուն կողմէ Իրեն համար պատրաստուած Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբէկեանը։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր ծանօթացումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը կարգ մը հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեց պարոն դեսպանին՝ յատկապէս Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան­­-Սփիւռք…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2018-ին, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց։ Նորին Սրբութիւնը թափօրով եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց ծերանոց, ուր դիմաւորուեցաւ ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեանի, խնամակալութեան ու տիկնաց յանձնախումբին կողմէ։ Ապա, միաբան հայրերն ու մամիկները-պապիկները միասնաբար երգեցին Ս. Ծնունդի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2019 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական յատուկ պատգամով 2019 տարին կը հռչակէ «ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»։   Արդարեւ, 2003-էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող երեւոյթի մը կամ արժէքի մը նուիրելու Վեհափառ Հայրապետին որոշումը մեր ժողովուրդին մօտ լայն արձագանգ գտաւ. ան առիթ հանդիսացաւ տուեալ տարուան նիւթին մասին խօսելու, գրելու, քննարկումներ կատարելու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Ինչպէս երէկ յայտնած էինք, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանի հետ ու շնորհաւորած նոր Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը։ Այս առիթով, Նորին Սրբութեան կողմէ պատուիրակութիւնը Պրն. Փաշինեանին նամակ մը յանձնած էր։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Երեւանի Կառավարութեան շէնքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար Վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը հազմէին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետներ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան, Միաբանութեան Տնօրէն ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան…

ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՏՕՆԱԾԱՌՆ ՈՒ Ս. ՄՍՈՒՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը կազմակերպած էր Նոր տարուան յատուկ երեկոյ մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եւ փոքրիկներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2018-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսական «Արեւելքի Վտանգուած Քրիստոնեաներու Համակարգում»ին (ՔՐԷՏՕ) կողմէ կազմակերպուած «Վերջ տալ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն եւ Փոքրամասնութիւններուն դէմ կիրարկուած խտրութեան» խորագրեալ միջազգային խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, իսլամ կրօնականներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի պետական ներկայացուցիչներ ու դիւանագէտներ: Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:   Սոյն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՈՂՋՈՒՆԵԼՈՎ ՆՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

10 Դեկտեմբեր 2018   Մեծայարգ Տիար Արմէն Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ ու հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդը։   Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018 նշանակալից օր մըն էր Հայաստանի համար։ Մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտեց նոր Ազգային…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

  Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, 1988 թուականին Հայաստանի Սպիտակ քաղաքին մէջ ահաւոր երկրաշարժին զոհ գացած բազմահազար հայորդիներու հոգիներուն համար։ Հոգեհանգստեան արարողութեան ընդմէջէն հոգեւորականաց դասը ու բոլոր հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։   Առաջին հանդիպումը առնչուած էր միաբանական շէնքին կից եպիսկոպոսներու ու հիւրերու համար շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող կառոյցին։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց շինութեան ընթացքը, որ ճշդուած ժամանակամիջոցին համաձայն պիտի աւարտի յառաջիկայ ամրան սկիզբը։   Շինարարական երկրորդ ծրագիրը առնչուած է…