ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Այս առաւօտ, 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ նոյն միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու Սփիւռքի հայութեան առնչուած հարցերու ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու։ Նորին…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԸ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ընկերային ծառայութիւնը. Ս. Աթոռիս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, թէ Հայ եկեղեցին ըլլալով ժողովուրդին եկեղեցին, հարկ է, որ ընկերային ծառայութիւնը դարձնէ առանցքային ներկայութիւն իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ։   Այս ծիրին մէջ ու ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Նոր տարուան եւ…

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր Տարուան առիթով, հետեւեալ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ,-   — Նոր Տարուան գիշերը, Կիրակի, ժամը 12:00-ին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ, տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ կրօնական արարողութիւն եւ պիտի ղօղանջեն Մայր Տաճարին զանգերը։ — Նոր Տարուան գիշերը, ժամը 12:00-ին, դիմատետրի (Facebook) Cilicia…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Ազունիէի ազգային բուժարանը։ Տօնախմբութեան ներկայ էին բուժարանին բնակիչները, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, բժշկական կազմն ու պաշտօնէութիւնը։   Նորին Սրբութեան ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին մամիկներն ու պապիկները, միաբան հայրերուն հետ միասնաբար, արտասանութիւններով, հոգեւոր ու ազգային երգերով…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՀՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ՏՕՆԷ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ

Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ Ծննդեան եւ նոր տարուան սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան։   Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն անմիջապէս ետք, միութեան ատենապետը՝ Բարշ. Կարէն Կիս. Սրկ. Եօսուլքանեան, յանուն ՀԵՀՈՄ-ականներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որմէ ետք ՀԵՀՈՄ-ական Ռիթա Աստիքեանը ջութակով ելոյթ մը ունեցաւ՝ ճոխացնելով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կատարած իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2017-ին, այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոց, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, խնամակալութիւնն ու տիկնաց յանձնախումբը։   Հանդիպումը ընթացք առաւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ,…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԵՐԳԵՐ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունը վերահրատարակեց «Արեւագալի Եւ Հսկումի Երգեր» հատորը, հրամանաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ աշխատասիրութեամբ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին։   Սոյն նօթագրեալ շարականներու գործը ուղեցոյց մըն է Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանին շարականներու ու երգերու երգեցողութեան։ Գիրքը բաժնուած է երկու մասերու՝ Արեւագալի երգեր, որոնք ձայնագրուած են Լեւոն Չիլինկիրեանի կողմէ եւ կ՚ընդգրկեն «Յարեւելից»,…

«ԹՈ՛Ղ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ՁԵՒԵՐՈՎ ԴԱՌՆԱՅ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՐԺԷՔ ՈՒ ՃՇՄԱՐԻՏ ՃԱՆԱՊԱՐՀ» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագով։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։   Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Ստեփանոս…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՎ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ ԻՐ ԿԱՂԱՆԴԸ

  Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, դպրեվանեցիներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրաետին գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեսչական կազմին ու միաբան հայրերու մէկ յարկի տակ համախմբուելով նշեցին Դպրեվանքի կաղանդը:   Դպրեվանեցիներ երգեցին կաղանդի եւ ազգային զանազան երգեր՝ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Ապա, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին,…

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր ­2017-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ իրենց՝ «Արեւելեան ժամանակակից եկեղեցիներ» դասանիւթի դասախօս դոկտ. Ռիմա Նասրալլահ Վան Սաանէի հետ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք։ Անոնց այցելութիւնը սկիզբ առաւ «Կիլիկիա» թանգարանէն, որմէ ետք հանդիպեցան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց փոխվարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանի հետ։ Հայր սուրբը հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր…

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

  17-18 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներէն Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին ծննդեան 150-ամեակին եւ վախճանման 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ, կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան։   Սոյն ձեռնարկներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Ձեռնարկները սկիզբ առին Կիրակի, 17…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Նախաձեռնութեամբ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին՝ Վիէննայի մէջ հիմնած կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին, 15-16 Դեկտեմբեր 2017-ին, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական ժողով մը: Ժողովը քննեց արաբական աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ անոնց կրօնական հաստատութիւնններուն միջեւ երկխօսութեան եւ գործակցութեան համար հարթակի մը ստեղծման կարելիութիւնը: Սոյն Ժողովին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԿԻՆ ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆԸ

  19 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ, միաբան հայրերու ու հիւրերու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեանը։   Նախքան պարգեւատրում, ֆրանսերէն լեզուով կարդացուեցաւ Տիկ. Վերոնիքի ողբացեալ ամուսնոյն՝ Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի կենսագրութիւնը ու յատկապէս իր բերած նպաստը հայ գրականութեան ու մշակոյթին։ Ապա, ֆրանսերէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՆԱԶԱՐԷԹ ԵՒ ՊԵՏԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

  Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Վեհարանի Դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ատեանին վերանորոգման բարերարութիւնը ստանձնած Տիարք Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներու պարգեւատրումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով։   Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, գնահատեց Սապունճեան եղբայրներուն նախաձեռնութիւնը։…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՆՈՐ ԱՏԵԱՆԻ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ

  Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի նոր ատեանին սրբանկարներուն օծումը։   Նոր ատեանի շինութեան ծրագիրը իրագործուեցաւ բարերարութեամբ Տիարք Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներուն, որոնք այս բարերարութիւնը կատարած են ի յիշատակ իրենց ծնողքին՝ Ճորճի եւ Անժել…

ՏՕՆԱԾԱՌԻ ՈՒ Ս. ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր ­2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան ու նոր տարուան տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում՝ մեծ թիւով փոքրերու ու ծնողներու ներկայութեան։ Վեհափառ Հայրապետը իր մաղթանքը ուղղեց եւ տօնածառին ու մսուրին լուսաւորումը կատարեց։ Ապա տեղի ունեցան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Այս առաւօտ, 16 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» մօտէն իրազեկ դառնալու այդտեղ կատարուող աշխատանքներուն։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէնութեան ու խնամակալութեան հետ եւ այցելեց զանազան բաժանմունքներ, ինչպէս նաեւ իր հայրական թելադրութիւնը կատարեց «Թռչնոց Բոյն»-ի պզտիկներուն։   Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցաբար խնամակալութեան հետ ճշդեց «Թռչնոց Բոյն»-ի այն բաժինը, որ արժանդինահայ բարերարուհիի մը կողմէ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿՐՕՆ ԵՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ

26-էն 30 Նոյեմբեր 2017-ին, Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ «Կրօն եւ միջնորդութիւն» խորագիրով յատուկ յայտագիր մը, որուն հետեւեցան 18 մասնակիցներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, սոյն յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։   Իբրեւ շարունակութիւն 21-էն 23 Մայիսին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած «Կրօններ եւ քաղաքականութիւն» հաւաքին, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս անգամ…

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

  Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ մեր եկեղեցւոյ ամէնէն սիրելի սուրբերէն մէկն է։ Անոր տօնը կը նշուի 12-18 Դեկտեմբերի զուգադիպող շաբաթ օրը։ Այս տարի Ս. Յակոբ Մծբնացիի տօնը կը զուգադիպի 16 Դեկտեմբեր 2017-ին.։ Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ։ Արարողութեան ընթացքին…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒՀԻՆ

  Երէկ, 14 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ՝ Փոլ Սայյահին։ Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին մօտ եկած էր ներկայացնելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին նոր ընդհանուր քարտուղարուհին՝ Սուրայյա Պաշաալանին, որ կը պատկանի յիշեալ եկեղեցւոյ։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութենէն թելադրութիւններ լսել ընդհանրապէս էքիւմէնիք շարժումին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս էքիւմէնիք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս առաւօտ, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, Պքէրքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համագումար։ Համագումարին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք ճշդել Երուսաղէմի հարցին շուրջ։ Ինչպէ ծանօթ է, վերջերս ԱՄՆ նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբ պաշտօնապէս Երուսաղէմը ճանչցած էր որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք։ Նախագահին այս որոշումը ընդվզումի հսկայ ալիք յառաջացուց թէ՛ պաղեստինցի ժողովուրդին մէջ եւ թէ՛ իսլամ ու քրիստոնեայ…

«ՄԵՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ, ՅՈՅՍՈՎ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՒԱՐՏԻՆ

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ազգային ընդհանուր ժողովը 2017 Դեկտեմբերին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային ընդհանուր ժողովին Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին Կաթողիկոսութեանս հիմնախնդիրներէն քրիսոտնէական եւ հայեցի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ՝ Հարես Շեհապը, ընկերակցութեամբ նոյն յանձնախումբին հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Ժան Սալմանեանի։ Այցելութեան նպատակն էր Հայրապետը տեղեակ պահել վերջին շրջանին յանձնախումբին կատարած հանդիպումները Երուսաղէմի հարցին գծով, ինչպէս նաեւ հրաւիրել Նորին Սրբութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին։   Արամ Ա. Կաթողիկոս անգամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ»-Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը։ Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ Նախագահին միջեւ՝ ներկայութեամբ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին…

ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԱՐԾԱՐԾՈՂ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ազգային ընդհանուր ժողովը չորս օրուան վրայ գումարեց Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութիւնը քննարկող նիստեր, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնահերթ խնդիրներ, ի մասնաւորի քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, ընկերային ծառայութիւն, Սփիւռքի եւ թեմերու վերակազմակերպում, պահանջատիրութիւն։   Այս գծով, Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանէն), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանէն) եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն)…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԻՐԱԶԵԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԾ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աննախադէպ եւ անկիւնադարձային քայլ մը առնելով, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով դատ բացած էր։ Երկու տարուան հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս քաղաքական արգելքներու դիմաց կը գտնուի։ Այս առնչութեամբ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը յատուկ նիստով մը ժողովականներուն տրամադրութեան տակ դրաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռնարկած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման…

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՈՒՆԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

9 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մունիպ Եունանը։ Արդարեւ, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ երկար տարիներու առաջնորդը եւ լուտերական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Եունան եպիսկոպոս Երուսաղէմէն ուղղակի եկած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ, խորհրդակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ ստեղծուած տագնապին գծով։   Երկար խորհրդակցութենէ ետք, որոշուեցաւ թելադրել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, Միջին Արեւելքի…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՆԻՍՏ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Նկատի ունենալով, որ վերանորոգումը կ՚իրականանայ միայն երիտասարդ ոգիով օժտուած մարդուժով, Ազգային ընդհանուր ժողովը առանձին նիստ տրամադրած էր երիտասարդներուն՝ լսելու անոնց մտահոգութիւնները, եկեղեցիէն ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրներն ու առաջարկները։   Այս նիստին հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն օրիորդ Անի Նաճարեան, Նոր Ջուղայէն տիար Արիս Դաւթեան,…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏԵՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՔՐԻՍՈՏՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԹԵՄԱՆԵՐՈՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին Վեհարանին Դահլիճին մէջ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկոյցներու միջոցով քննելու եւ քննարկելու ընդհանրապէս հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը  եւ յատկապէս կաթողիկոսութիւնը  յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ, Ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան։   «Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» թեմայով նիստին զեկոյցներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ԻՍԼԱՅԷԼԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այս առաւօտ, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին, Նախագահին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ներկայացնող պատուիրակութեան առջեւ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան, մերժեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը, որ չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքի արդարութեան ու պատմական իրողութեան։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Երուսաղէմը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի բացման նիստէն ետք, յաջորդական 5 նիստերու վրայ, ներկայացուեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները՝ տեսերիզի ճամբով, եւ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կրօնական ժողովին տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին Դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար Դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու ու զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կարեւորութեամբ կը շեշտէ, թէ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր յառաջիկայի աշխատանքներուն մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ծրագրէ եկեղեցւոյ առաքելութեան հետեւեալ մարզերը՝ Կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն, Ընկերային ծառայութիւն, Երիտասարդութիւն, Պահանջատիրութիւն, Թեմերու վերակազմակերպում, Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւն   Երեքշաթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային…