ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

        Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը բնորոշուած է որպէս «պարիսպ հզօր» եւ «դուռն ամուր», որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ ինքնավերլուծութեան եւ ինքնազրկումի կ’ենթարկէ իր անձը, հոգեպէս կ’ամրապնդուի՝ պատրաստ դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Մեծ Պահքի քառասնօրեայ այս ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է հոգեմտաւոր արժէքներով սնուցանելու մեր հոգիները, եւ նոյն այս…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Կիրակի, 26 Փետրուար 2017-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանի տօնը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները, որոնք Նորին Սրբութեան ներկայացան ծպտուած ու դիմակաւորուած։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքին մէջ գնահատեց Կիրակնօրեայ Վարժարան յաճախող մանուկներն ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐՕՖԷՍՕՐ ՐԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ

Շաբաթ առաւօտ, 25 Փետրուար 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսէն ժամանած Փրօֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեանին։ Փրօֆէսօրը հանրածանօթ հեղինակ է ցեղասպանութեան եւ ժամանակակից հայոց պատմութեան առնչուած նիւթերը քննարկող բազմաթիւ հատորներու։ Ան նաեւ տասնամեակներէ ի վեր դասախօս է «UCLA» համալսարանէն ներս։ ​Այցելութեան ընթացքին Փրօֆէսօր Րիչըրտին ընկերացած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՆՈՒԻՐՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Կազմակերպութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Խորհրդարանի եւ հովանաւորութեամբ Իսլամական Յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի, 21-22 փետրուար 2017-ին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Պաղեստինի նուիրուած միջազգային 6-րդ համագումար, ի զօրակցութիւն Պաղեստինեան արդար դատի եւ Պաղեստինցի ազնիւ, մարտնչող ու իրաւազրկուած ժողովուրդին:               Համագումարին հրաւիրուած էին բարեկամ երկրներու խորհրդարանի նախագահներ, նախարարներ ու երեսփոխաններ, Պաղեստինեան գլխաւոր կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներ,…

«ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՅԱՒԵՐԺԱՆԱՅ ԵՐԲ ԳԻՏԷ ՈՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ «ՈՉ»Ը ԵՒ «ԱՅՈ»Ն ԸՍԵԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Ազգ մը կը հզօրանայ երբ իմաստութիւնը ունի ժողովուրդին ու հայրենիքին գերագոյն շահերուն շուրջ համախմբուելու»։ Այսպէ՛ս պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պուրճ Համմուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ խորանէն, եկեղեցւոյ մէջ ու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան։   Այս տարի ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2017-ին,…

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ վանաբնակ Միաբաններու եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասուն, կատարուեցան Գիշերային եւ Առաւօտեան զոյգ ժամերգութիւնները: Աղօթասացութենէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեւորականներուն կոչումը լուսարձակի տակ առնող համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

    Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց «Արեւելքի Քրիստոնեաները» Ֆրանսական կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի տնօրէնը՝ խորհրդակցութիւն ունենալու ընդհանրապէս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած խնդիրներու ու յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններու գծով։   Տասնամեակներ առաջ հաստատուած յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակն է օգտակար հանդիսանալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ծրագիրներուն՝ շրջանէն…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց «Բուն Բարեկենդանի, Մեծ Պահոց եւ Ծաղկազարդի Կիրակիները» խորագիրը կրող նոր գիրք մը։   Գիրքը պատրաստեց Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։  

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ անձնուէր հայրապետներ եւ անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ ազգային գանձանակին մէջ ձգեցին իրենց լուման՝ ի խնդիր Հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ու ծաղկման: Այսօր նոյն այդ ծառայութեան առաքելութիւնն է որ կը շարունակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութիւնը՝ յաղթական հոգեւորականներուն պէս որպէս յաջորդ պատրաստելով Աստուծոյ,…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»

            Մեծ ուրախութեամբ կը ծանուցենք, թէ լոյս տեսաւ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնաբանութեան Պատմութիւն»ը գործը, խմբագրութեամբ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանի։ Գիրքը ունի երեք գլուխներ.-             Առաջին գլուխին մէջ կը ներկայացուի մեկնաբանութեան պատմութիւնը, մեկնութեան օրինակներ եւ տեսակներ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ, եւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեկնութիւնը առաջին չորս դարերուն։            …

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՔՈՎ ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ՄՏՆԷ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՄԱՐԶ

Թուրքիոյ դէմ՝ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին անցնող երեք տարիներու ընթացքին, զանազան առիթներով թէ´ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուութեան գրասենեակը որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Հիմա որ 6 Դեկտեմբեր 2016-ին թղթածրարը Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը յանձնուած է, Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքով դատի թղթածրարի պատրաստութեան յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ.…

ՀԵՀՈՄԱԿԱՆՆԵՐ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 11 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամները դարձեալ առիթը ունեցան հանդիպում ունենալու միութեան հովանաւորող եւ զօրավիգ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց Նորին Սրբութեան երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած յատուկ սէրն ու գնահատանքը եւ մանաւանդ իր սպասումը մեր…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԾ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ

Տեառնընդառաջի տօնը Հայ ժողովուրդին ու մանաւանդ հայ ծնողներուն կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ: Մեր ծնողները Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով իրենց մանուկները կը բերեն ընծայելու Աստուծոյ Սուրբ Խորանին: Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻՆ

Կիրակի, 12 Փետրուար 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ ԵՒ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, այցելեց Որբերու Թանգարան ու մօտէն ծանօթացաւ այդտեղ տարուող աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց Թանգարանը աւելի զարգացնելու ու կազմակերպելու։ Թանգարանի հիմնադրութեան բարերարներն են Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեանները։ Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանեան Բանակի Սպայակոյտի պետ՝ Զօրավար Հաթեմ Մալաքի: Զօրավարին կ’ընկերանային բանակային այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Շուրջ ժամ մը տեւող Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան երկրին ապահովութեան առնչուած հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանեան բանակին, որ աջալուրջ կը հսկէ երկրի ապահովութեան, ինչպէս…