ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՈՉ ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

  21-28 Յունուարի 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 14-րդ հանդիպումը: Արեւելեան ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայացուցիչներն են՝ Անտիոքի Ասորի Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցին, Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցին: Հանդիպումը կայացաւ Պապական Խորհուրդի Քրիստոնէական Միութեան Սատարող Բաժանմունքին մէջ:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան՝ Մարթին Հութին:    Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի իրավիճակը: Դեսպանը նաեւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ Նորին Սրբութեան Դամասկոս եւ Հալէպ կատարած այցելութիւններուն մասին:     Յայտնենք, որ Դեսպան Մարթին Հութ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ “THE ARMENIAN CHURCH” (ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ)

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ            Անգլերէն լեզուով գրուած եւ 240 էջերու վրայ տարածուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յիշեալ գիրքին նպատակն է, ինչպէս ինք կը յիշեցնէ գիրքին ներածականին մէջ, մեր դարաւոր եկեղեցին ծանօթացնել օտարներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ ապրող մեր երիտասարդութիւնը մօտէն հաղորդ դարձնել մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութիւններուն, արժէքներուն եւ դաւանանքին։ Վեհափառ Հայրապետը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Յունուար 2017-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը, Միաստուածեան Կրօններու դերը համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման մէջ» թեմայով: Համագումարը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կրօններու նախարարութեան «Աուկաֆ»ի եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան Մշակութային բաժանմունքին կողմէ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն մտաւորականներ, կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի Իրանական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելուներու շարքին յաջորդաբար ընդունեց.- * Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած երկու ժեներալներէ եւ մէկ գնդապետէ, որոնք եկած էին իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի ներքին ապահովութեան առնչուած հարցերու շուրջ։ * Ժպէյլի քաղաքապետը, որ եկած էր խորհրդակցելու Նորին Սրբութեան հետ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 23 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Լիբանանի Թեմի Ազգային վարչութիւնը այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի անցնող տարուան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութիւնը ներկայացուց իր յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թեմին ծաւալած գործունէութիւնը եւ այս իմաստով կատարեց նաեւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2017-ին Ապու Տապիի Կաթողիկէ համայնքի կեդրոնէն ներս սկիզբ առաւ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան հանդիպումը: Սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ծոցի եկեղեցիներէն ներս պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ճանաչում ունեցող եկեղեցիները՝ յատկապէս ոչ Քաղկեդոնական, Ուղղափառ, Աւետարանական եւ Անգլիքան եկեղեցիներու ընտանիքները: Երկու օրերու վրայ տարածուած ժողովներուն գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ եկեղեցիներու գործունէութեանց, անոնց դիմագրած դժուարութիւններուն…

ՄԵԾ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

              Տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցիներու միութեան աղօթքի։ Այս տարի եւս, յատուկ արարողութիւններ եւ քարոզախօսութիւններ տեղի ունեցան, շեշտելու համար եկեղեցիներու միութեան հրամայականը:             Առ այդ, Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2017-ին Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պէյրութի Մարոնիթներու «Սայիտէդ Ալ Ուահտէ» վանքին մէջ։ Միջ-եկեղեցական արարողութեանց ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՐԱԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ

Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնիթ Պատրիարք Պշարա Րաաիին Փոխանորդ՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը։ Պատրիարքին անունով Փօլ Սայյահ Արք.ը իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Նորին Սրբութեան Սուրբ Ծննդեան առիթով, նկատի ունենալով, որ Վեհափառ Հայրապետը այս տարի Ս. Ծննդեան տօնը նշած էր Հալէպի մէջ։ Ան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Սուրիա, ի մասնաւորի Հալէպ՝ շեշտելով թէ նման…

ՄեԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՄՓՈՓ ՊԱՏԿԵՐԸ

18-20 Յունուար, 2017, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերը, մասնակցութեամբ զանազան թեմերէն յիշեալ մարմիններուն անդամ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու։ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ունեցան առանձին նիստեր եւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող օրակարգային հարցերու գծով անոնք ունեցան նաեւ խառն հանդիպումներ։ Նիստերու ընթացքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 21 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Աւստրալիայէն Լիբանան ժամանած եկեղեցական պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորոութեամբ Աւստրալիոյ Միացեալ Եկեղեցւոյ Նախագահ՝ Վերապատուելի Սդուարդ Մագմիլլանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ, առաջին հերթին, անդրադառնալու քրիստոնէական աշխարհը յուզող ընդհանրական հարցերու ու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԵԽ-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

           16-17 Յունուար 2017-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Լիբանանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։                      Ժողովականները…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՎԿԱՅԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ»

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան Հրատարակչական Հիմնադրամի թիւ 19-ը հատորը՝ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» (Գիրք Զ.), Անթիլիաս, 2016, 320 էջ։             Սոյն հատորը շարունակութիւնն է նոյն խորագիրը կրող մատենաշարի նախորդ 5 հատորներուն: Հեղինակը հաւատարիմ մնացած է իր իսկ ստեղծած աւանդոյթին՝ ընթերցողին ներկայացնել Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ վայրերու…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր։             Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան համաձայն Կրօնական Ժողովը պիտի քննարկէ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած կրօնական բնոյթ ունեցող աշխատանքներ ու ծրագիրներ. իսկ Քաղաքական Ժողովը՝ տնտեսական, վարչական, շինարարական եւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 14 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանին։             Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Ս. Ծննդեան շրջանին Վեհափառ Հայրապետին Հալէպ կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ տիրող ընդհանուր կացութեան մասին։   

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Շաբաթ, 14 Յունուար 2017-ի առաւօտուն Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հոգեւոր Տէրը: Հանդիպման ներկայ էին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմի, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացող չորս բարձրաստիճան հոգեւորականներ:             Հոգեւոր Տէրը յատուկ պատուիրակութեամբ մը եկած էր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

    Ուրբաթ, 13 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Գաչեայ Եպիսկոպոսը: Պապական Նուիրակը եկած էր Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին անունով Վեհափառ Հայրապետին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու եւ յանձնելու Պապին շնորհաւորագիրը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցերուն՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՍԱՆ ՌՈՀԱՆԻԻՆ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռոհանիի իր յղած նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախկին նախագահ՝ Ալի Աքպար Հէշէմի Ռաֆսանջանիի մահուան տխուր առիթով: Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցագիրին մէջ յիշելէ ետք իր ունեցած երկու հանդիպումները հանգուցեալին հետ, շեշտեց, թէ Ռաֆսանջանի կարեւոր ներդրում բերած է Իրանի Հարնապետութեան յառաջդիմութեան եւ միջազգային յարաբերութեան զարգացման մէջ: Յայտնենք,…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԷՄՔԵՐ

              Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպ իր կեցութեան ընթացքին հերթաբար ընդունեց քաղաքական եւ հոգեւորական բարձրաստիճան դէմքեր եւ ներկայացուցիչներ։             Ա) Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի բոլոր երեսփոխանները, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը՝ Սուրիոյ Նախագահ՝ Պաշշար Ալ Ասատին հետ Դամասկոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումին համար։ Յայտնեք, որ Սուրիոյ մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ողջունուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱԼԷՊԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋԷՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՅՈՅՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՂԵՑ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

«Հալէպի մէջ պարզուած քանդումի տեսարանը ահաւոր է։ Կարելի չէ՛ այս դառն իրականութիւնը բառերով արտայայտել կամ պատկերացնել։ Կարծէք Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Պեռլինի պարզած տեսարանն է, որ սա օրերուն մեր աչքերուն դիմաց կը պարզուի»։ Այսպէ՛ս յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Հալէպի աւերակներուն վրայէն։ Ընկերակցութեամբ՝ Հալէպի Նահանգապետին, Կուսակցապետին, քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներուն, Առաջնորդ Սրբազանին, իր շքախումբի անդամներուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԿՈՉ ՈՒՂԵՑ ՀԱԼԷՊԷՆ

Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, ներկայութեամբ՝ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շտապ Մարմնի բոլոր անդամներուն, համայնքային բոլոր կառոյցներու եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՍՏՈՒԱԾՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԱՒԵՏԵՑ ՏԱԳՆԱՊԱՀԱՐ ԲԱՅՑ ԿԱՆԳՈՒՆ ՀԱԼԷՊԷՆ  

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առիթով, Նորին Սրբութեան կողքին խորանին վրայ Տիրոջ սեղանին ծառայութիւն բերին Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Անթիլիասէն Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող Միաբան հայրեր՝ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱԶԳԱՅՆԱՇՈՒՆՉ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱԲՈՅՐ ՀԱԼԷՊԸ

Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2017-ին, Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին, տագնապահար՝ սակայն տոկուն մնացած Հալէպի Հայ ժողովուրդը պատմական օր մը ապրեցաւ իր Հոգեւոր Հօր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հալէպ ժամանումով։ Սիրոյ եւ ուրախութեան արցունք կար Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն աչքերուն մէջ, իսկ անոնց դէմքերուն վրայ՝ հաւատքի ամրութեան ու ապագայի վառ տեսիլքի ճառագայթ։ Վեհափառ Հայրապետը, «Կիլիկիա» քայլերգին նուագակցութեամբ մուտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱԼ ԱՍԱՏԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2017-ի առաւօտուն Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի հետ։    Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, Նախագահը Սուրիոյ ներքին կացութեան, ապահովական ու քաղաքական երեսներուն գծով, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։  Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՃԱՄԲՈՎ՝ ԴԱՌՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ էջքն է երկիր՝ ի խնդիր մարդուն երկինք բարձրացման, Աստուծոյ մօտեցումը մարդուն՝ ի խնդիր մարդուն դէպի Աստուած մերձեցման, Աստուծոյ ինքնաճանաչումը մարդուն՝ ի խնդիր մարդուն զԱստուած ճանաչման։ Բեթղեհէմը երկնային հրաւէր է դառնալու Աստուծոյ։ Ի՞նչ կը նշանակէ դառնալ Աստուծոյ։ — Դառնալ Աստուծոյ կը նշանակէ ճանչնալ զԱստուած։ Քրիստոնէական հաւատքի…

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

    Շաբաթ, 31 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Լիբանանի Փտածութեան դէմ պայքարի նախարար՝ Նիքոլա Թուէյնի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Տնտեսութեան նախկին նախարար՝ Վրէժ Սապունճեանը:   Նախարարի այցելութեան հիմնական նպատակն էր ստանալ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը՝ կառավարութեան մէջ իր ստանձնած նոր պաշտօնին համար: Նախարարը տեսակցութեան ընթացքին տեղեկացուց Վեհափառ Հայրապետին իր յառաջիկայի ծրագիրներուն…