ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐ ՀՕՏԻՆ ՀԵՏ

Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի հայ համայնքները ուրախութեան ու յուզումի պահեր ապրեցան, երբ դիմաւորեցին իրենց Հովուապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, 28-29 Յուլիս 2016-ին։ Արդարեւ, Սուրիոյ պատերազմի ստեղծած բոլորին ծանօթ պատճառներով, Սուրիոյ հայ գաղութը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը զանազան առիթներով կո՛չ ուղղեց մեր ժողովուրդին գործնապէս իր զօրակցութիւնը յայտնելու Սուրիոյ հայութեան։ Ընդառաջելով Նորին Սրբութեան կոչերուն հանգանակութիւններ կատարուեցան մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կը պատրաստուի գումարել 11-րդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 5-8 Սեպտեմբեր 2016-ին, Ամմանի մէջ, Յորդանան։ Նախապատրաստական աշխատանքերու վերջին ժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 26 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի ժողովասրահէն ներս։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իբր Խորհուրդի նախագահներէն մին, նախագահեց այս կարեւոր ժողովին, որուն ընթացքին վերջնականացուեցաւ համաժողովի օրակարգը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի 25 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, Պատրիարքի խորհրդական Դոկտ. Կրկէս Սալեհ եւ Լիբանանի Ղպտի համայնքի ներկայացուցիչը։ Հանդիպման սկիզբը Դոկտ. Սալեհ Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Ղպտի Պատրիարքին կողմէ առաքուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Ուրբաթ 22 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, այցելութիւն տուաւ Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ պատասխանատուներուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ մօտէն տեղեակ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԿԱԹՈԼԻԿ ՆՊԱՍՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ» ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի 21 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Սուրբ Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ»ը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ «Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ»ը հիմնուած է Համաշխարհային Բ. Պատերազմի օրերուն՝ 1943 թուականին եւ կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։ Բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը մարդասիրական ծառայութեան 70 տարիներու փորձառութիւն ունի եւ օգտակար կը հանդիսանայ պատերազմներէ տառապող ու բնական աղէտներու հետեւանքով…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի 20 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Էմանուէլ Պոնը, ներկայ էր նաեւ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն։    Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահի ընտութեան, ապահովութեան, Սուրիոյ կացութեան եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան հարցերը։ Վեհափառ Հայրապետը անգամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Ե.Խ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

      17 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը, որ եկած էր տեղեակ պահելու Խորհուրդի ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին եւ ունենալու Նորին Սրբութեան կարծիքը շարք մը հարցերու գծով։   Խորհուրդի ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆԵՐԿԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆՁԵՌԱԾ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական ու Երիտասարդական բաժանմունքներուն, Շաբաթ 16 Յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ երիտասարդական համագումար «Ընկերային Ցանցերը Եւ Հայ Երիտասարդութիւնը» խորագրով: Համագումարին ներկայ էին Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ լիբանանահայ գաղութէն ներս գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ։             Համագումարի…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԻՐԱԶԵԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ԵՐԵՍՆԵՐՈՒՆ

15 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումարի Գ. նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին մանրամասնութիւնները: Դատի յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան անդրադարձաւ դատի իրաւական աշխատանքներուն, իսկ դատին թողած արձագանգին եւ անցեալ Օգոստոսին Սիս այցելած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան չորս անդամներուն փորձառութեան մասին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

  Յուլիս 14 2016-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումարի Ա. նիստը: Նիստին բացումը կատարուեցաւ «Տէրունական» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքներով:   Ապա, ժողովականները լսեցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի գործունէութեան եւ աշխատանքներուն ամփոփ զեկոյցը, որմէ ետք յաջորդաբար իրենց զեկոյցները ներկայացուցին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի, Քուէյթի եւ Պարսկաստանի թեմերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՅՂԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

  Ուրբաթ 15 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետեւելէ ետք Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքին, ցաւակցական ու զօրակցական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին։ «Խոր ցաւով ու ընդվզումով իմացանք Նիս քաղաքին մէջ Յուլիս 14-ին՝ Ֆրանսայի անկախութեան օրը, անմեղ ժողովուրդին դէմ կատարուած ահաբեկչութեան մասին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ…

ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ գումարուող միջ-թեմական երիտասարդական համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն, 14 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն։               Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած երիտասարդները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Նորին Սրբութիւնը բարիգալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն, լուսարձակի տակ առաւ սոյն…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՏԷՍ» ՖԻԼՄԻ ԱՐՏԱԴՐՈՂԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Փրկութեան Քարտէս» ֆիլմի արտադրող Տիար Մանուէլ Սարիբեկեանը, որուն կ’ընկերանար ֆինլանտացի պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ Դոկտ. Սվանթէ Լունտկրենը, որ մեծ ներդրում ունեցած էր ֆիլմի իրագործման մէջ։   «Փրկութեան Քարտէս» ֆիլմը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ու յատկապէս որբերու ծառայութիւն մատուցած հինգ միսիոնարուհիներու՝ Մարիա Ճէյքըպսընի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏՊԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԲԵՐՔԸ

Քանի մը օր առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպը, հրատարակութիւն՝ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, թիւ 85 հատորը (325 էջ)։ Սարգիս Կիրակոսեանի այս անտիպ երկին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի հեղինակին անժամանակ մահուան Ա. տարելիցին։   Ներկայացուածը աւանդական վէպ մը չէ, այլ արտակարգօրէն տարբեր՝ այլաբանական իր բովանդակութեամբ, էութեամբ ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԱՒԵԼԻ ԱԶԴՈՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ՇՐՋԱՆԸ ՈՒ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

    Երեքշաբթի, 12 Յուլիս 2016-ի կէսօրին, երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պքէրքէյի Մարոնիթներու Պատրիարքարանին մէջ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։   Արտաքին Գործոց Նախարարը…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ, Սուրբ Աստուածածին Վանքը հիւրաբար գտնուող Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն ու յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց միջեւ տնտեսական…

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

«Զարթօնք» Օրաթերթ   Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընկերներ Սեւակ Յակոբեան եւ Վարդան Ուզունեան, այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու Վեհափառին, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին իր յղած Օրհնութեան Գիրին համար: Այցելութիւնը առիթ մըն էր Վեհափառ հօր հետ արծարծելու Հայ ազգն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳՆԱՀԱՏԵՑ 2015-2016 ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՒՆՁՔԸ

      Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին (Հ.Հ.Հ.), Ուրբաթ 1 Յուլիս 2016-ին տեղի ունեցաւ 2015-2016 կրթական տարեշրջանի հայ համալսարանականներու հունձքի գնահատման յատուկ երեկոյ մը, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի շուրջ յիսուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՄԱ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս. Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ակադեմիայէն ներս տեղի ունեցաւ Համա-ուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովը, որուն մասնակցեցան Արեւելեան Ուղղափառ տասնչորս եկեղեցիներու պետերը։   Այս ժողովը հազարամեակէ մը ի վեր սպասուած մեծ ժողովն էր: Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած էին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները, բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս ժողովին՝ դիտողի հանգամանքով:…