ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒՆ

Իւրաքանչիւր տարուայ Բուն Բարեկենդանը կանխող Կիրակիին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Ուխտին ճամբով՝ Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին իրենց ծառայութիւնը մատուցած եւ առ յաւէտ բաժնուած երջանկայիշատակ հայրապետներուն ու հոգելոյս միաբան հայրերուն:   Կիրակի, 31 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Դպրեվանքի ուսանողներէ եւ…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան որպէս շարունակութիւն, Ուրբաթ, 29 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹԵՄԱՅՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս երիտասարդ՝ ապագայ սերունդին հայեցի առողջ դաստիարակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնահերթ առաքելութիւններէն մին կը հանդիսանայ: Ներկայ արհեստագիտական զարգացումները եւ մանաւանդ ընկերային լրատուամիջոցները, որոնք լայն չափով կ’օգտագործուին մեր երիտասարդ սերունդին կողմէ, ունին իրենց դրական ու ժխտական երեսները եւ պայման է անոնց ճշգրիտ գործածութեան մասին ծրագիրներ մշակել՝ յատկապէս ընդհանրական հարցերու գծով:  …

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԳԾՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները։   Վեհափառ Հայրապետը նախ…

ՅԱՆՈՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ, ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին oրհնութեամբ ու տնoրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Իտալիա մեկնեցաւ, ընդառաջելով ՍԷնթ Էճիտիo համայնքի հրաւԷրին, 20-24 Յունուար 2016-ին: Սրբազան Հայրը նախ եղաւ Նափոլիի մԷջ, ուր նոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասախoսութեան ներկայացուց Միջին Արեւելքի քրիստոնԷութեան իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ու մասնաւորաբար ՀալԷպի տագնապալի կացութիւնը, ընդգծելով յատկապԷս շրջանին մԷջ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, 18-19 Յունուար 2016-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած Արաբական Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի ժողովներուն:   Արաբական Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդը վերջին տարիներու ընթացքին ստեղծուած է շրջանէն ներս պետական ճանաչում ունեցող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն կարիքները քննարկելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՏԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ա.Մ. Նահանգներու, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ տարբեր համալսարաններու աստուածաբանութեան ուսանողներ, որոնք Լիբանան այցելած են ծանօթանալու Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներուն: Ուսանողներուն կողքին հանդիպումին նաեւ ներկայ գտնուեցան անոնց ընկերացող դասախօսները:     Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումի ընթացքին Միջին Արեւելքի պատմականը կատարեց եւ անդրադարձաւ միաստուածեան կրօններուն ու Միջին Արեւելքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ. Ա. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

  Երկուշաբթի, 18 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մ.Ա. Նահանգներու Կաթոլիկ Եպիսկոպոսներու Համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Օսքար Գանթու Եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Խորհուրդի Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն գրասենեակին տնօրէնը՝ Դոկտ. Սթէֆըն Գոլէքի եւ Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուն՝ Տիար Տէյվիտ Պէրնոքի:   Պատուիրակութեան այս հանդիպումը կ’իյնար Միջին Արեւելքի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՂ ԷՔԻՒՄԷՆԻԶՄԻ 3-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ»

3-rd International Theological Colloquium for Transformative Ecumenism   Theme: Growing Together in Transformative Ecumenism   11-16 Յունուար 2016-ին, Թանզանիոյ Մոշի քաղաքի Լուտերական Եկեղեցւոյ համագումարներու կեդրոնին մէջ կայացաւ «Փոխակերպող Էքիւմէնիզմի 3-րդ Միջազգային Աստուածաբանական Համագումարը»: Քորիայի Եկեղեցիներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համագումարը կու գար շարունակելու Յուլիս 2013-ին Քորիայի մայրաքաղաք Սէյուլի եւ Յունիս 2014-ին Ֆիլիփեան Կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլլայի ժողովներուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

  Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչ եւ Ամալ Կուսակցութեան քաղաքական դիւանի Ատենապետ Շէյխ Հասան Նասրի պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Նախագահ Պըրիի եւ Ամալ կուսակցութեան բարեմաղթութիւնները:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի  ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցեր:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 9 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Դեսպան Ֆաթըհ Մուհամմատ Ալին: Դեսպանին կ’ընկերանային դեսպանատան քաղաքական գրասենեակին ղեկավարը եւ աշխատակազմի այլ դիւանագէտներ:      Վեհափառ Հայրապետին եւ Դեսպանին խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց Միջին Արեւելքէն ներս վերջին շրջանի քաղաքական զարգացումները եւ Իրանի ու Սէուտական Արապիոյ…

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանային Մանուէլ Պաթագեան եւ Գէորգ Ասատուրեան եպիսկոպոսները:   Վեհափառ Հայրապետը ընդունելէ ետք Հոգեւոր Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին բարեմաղթութիւնները, քննարկեցին Սուրիոյ հայ համայնքին դժուարութիւնները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները:…

ՀԶՊԱԼԼԱ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Լիբանանեան Հզպալլա Կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Կուսակցութեան քաղաքական դիւանի ատենապետը, որուն կ’ընկերանային Լիբանանեան Խորհրդարանին մէջ Հզպալլան ներկայացնող երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Պատուիրակութիւնը Հզպալլա Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնն ու հայ համայնքը Ս.…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ Ն.Վ. ԹԱՄԱՄ ՍԱԼԱՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016-ին կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Լիբանանի Վարչապետ Ն.Վ. Թամմամ Սալամ: Վարչապետը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայատնութեան տօնին եկեղեցական արարողութեան աւարտին, անձամբ Նորին Սրբութեան փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ Վարչապետին եւ Նորին Սրբութեան միջեւ խորհրդակցական հանդիպման, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ Լիբանանի…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ — ԱՆԹԻԼԻԱՍ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸՆ Է ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԹԷ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՄԲԱՆ ՍԻՐՈՅ, ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԽԱՂԱՂ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016-ի առաւօտուն ժամը 10-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, Ս. եւ Անմահ Պատարագով տօնախմբելու մեր Տիրոջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ԵՈՒՆԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Վեհարանի հիւրասրահին մէջ ընդունեց Ասորի Կաթոլիկներու Եունան Պատրիարքը, որուն կ’ընկերակցէին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Քաս-Մուսա Եպիսկոպոսը եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:   Խորհրդակցական այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները:…

ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը եւ յանձնեց Հայոց Ծննդեան տօնին առիթով Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններ յայտնող Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին նամակը: Պապական Նուիրակը նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին փոխանցեց Վատիկանի գլխաւոր պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնները: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութան 100-ամեակին առիթով ընդհանրապէս…

LIVE TELEVISION BROADCAST OF CHRISTMAS MASS VIA SATELLITE FROM ANTELIAS — JANUARY 6TH, 2016

Armenian Catholicosate of Cilicia Communication and Information Department Tel: (04) 410001, 410003 Fax: (04) 419724 E- mail: info@ArmenianOrthodoxChurch.org Web: http://www.ArmenianOrthodoxChurch.org/ PO Box 70 317 Antelias-Lebanon LIVE TELEVISION BROADCAST OF CHRISTMAS MASS VIA SATELLITE FROM ANTELIAS — JANUARY 6TH, 2016 The Lebanese Broadcasting Corporation International (LBCI) will broadcast LIVE via satellite the Christmas Mass presided over…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2016-Ը ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»

3 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2016 թուականը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող պատգամը: Ամբողջ տարուան ընթացքին Հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերն ու ազգային կառոյցները, անսալով Նորին Սրբութեան կոչին վերարժեւորումի պիտի ենթարկեն եւ յատուկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԲԱՑՈՒՈՂ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԻՄԱՑ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՉՈՐՍ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ                          Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2016 տարուան անդրանիկ պատգամին, տրուած Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ամանորի պատարագէն ետք, 1 Յունուար 2016։                                                            Նոր Տարին նկատուած է հաշուետուութեան ու միաժամանակ՝ մեր կեանքի յառաջիկայ հանգրուանը ծրագրելու եւ առաջնահերթութիւնները ճշդելու առիթ։ Այսօր, երբ 2015 թուականը այլեւս…