Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ ԳՈՐԾՈՂ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան դաշտը ընդարձակ ու տարածուն է: Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն հետամուտ է հոգեւոր սնունդ մատակարարելու, այլ հոգեւորին կողքին՝ մշակութային, ազգային, պահանջատիրական, ընկերային ծառայութեան, երիտասարդական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական եւ այլ բնագաւառներէ ներս ծաւալուն աշխատանք կը տանի, ծրագիրներ կը մշակէ եւ իրագործումներ կ’արձանագրէ:               «Շնորհալի» երգչախումբին եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Կ’ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր Տարուան գիշերը՝ Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2015-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր՝ Ուրբաթ, Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։   Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՐՄԱՇ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

«Դպրեվանքը աստուածաբանական ու հայագիտական կեդրոն ըլլալուն կողքին, հայ մշակոյթը ծաղկեցնող աղբիւր է» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս     Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեբեր տօներուն նախօրեակին, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսչութեան, Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Դպրեվանքի ԱՐՄԱՇ երգչախումբը, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որպէս նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, իր գրասենեակին մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ նոյն խորհուրդի ընհանուր քարտուղար Հայր Միշէլ Ժալըխի եւ փոխ քարտուղար Տիար Իլիաս Հալապիի, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական եւ մարդասիրական բաժանմունքներու տնօրէններուն հետ։               Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն կատարուող մարդասիրական օժանդակութիւնը…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է»   Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Սարկաւագութիւնը, որ կը յատկանշուի ծառայութեամբ, եկեղեցւոյ բարձր աստիճաններուն խոնարհագոյնն է: Սարկաւագութեան աւանդութիւնը սկսած է առաքելական շրջանին, երբ քրիստոնէական առաջին համայնքը, հոգատարութեան եւ սպասաւորութեան պաշտօններուն համար, կարիքը կը զգայ ընտրելու եօթը սարկաւագներ: Ահաւասիկ այդ խումբին մէջ էր նաեւ Սուրբ Ստեփանոս, որ նաեւ դարձաւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսն ու նահատակը: Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, Հայ Եկեղեցին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՅՑԵԼԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՏՈՒՑՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մեծի Տանն Կիլկիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեան մէջ կը ներառնէ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը՝ որբեր ու ծնողազուրկներ, տարեցներ ու հիւանդներ, երէցներ ու անկարներ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձամբ օրինակ կը հանդիսանայ եւ կը քաջալերէ Միաբան Հայրերը, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձնեն ընկերային ծառայութեան: Արդարեւ, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ այցելել ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններուն կատարած այցելութիւններու ծիրէն ներս, այցելեց նաեւ Կաթողիկոսարանի հաստատութիւններէն՝ Ազունիէի Ազգային Բուժարանը: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերակցէին Միաբան Հայրեր:   Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոցի մուտքին դիմաւորուեցաւ Բուժարանի տնօրէնին եւ պատասխանատու բժիշկներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը նախ հանդիպում ունեցաւ անոնց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ը վառ յիշատակներով արձանագրուեցաւ «Թռչնոց Բոյն» հաստատութենէն ներս պատսպարուած հայ որբերու յիշողութեան մէջ: Արդարեւ, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկները, պաշտօնէութիւնը, խնամակալութեան ներկայացուցիչները եւ Գայեանեան Քոյրերու միաբանութիւնը այցելութիւն տուին Մայրավանք:   Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին, աւանդութիւն դարձած է անոնց հանդիպումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Մանուկները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին Նոր Տարուան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԺԱՖԻ ՇԻԻԹ ԿՐՕՆԱՊԵՏԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի Նաժաֆ քաղաքի կրօնապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայացուցիչ Շէյխ Ալի Քամալ Պահսունի: Նշենք, որ Նաժաֆ քաղաքը Շիիթ համայնքի կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:…

ՏԱՍԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, 10 Դեկտեմբեր 2015-ին, Լիբանանի մէջ Արժանթինի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Լեհաստանի, Յունաստանի, Չեխիոյ, Ռուսիոյ, Վատիկանի դեսպանները, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Սիկրիտ Քաակ, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանին տեղակալը, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Պէյրութի դիւանագիտական անձնակազմի ղեկավարը, Լիբանանի Արտաքին Գործոց եւ Մշակոյթի նախարարներու ներկայացուցիչները, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի կեդրոնական…

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս, կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան՝ վարիչ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ վարիչ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԵՀՈՄ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ-ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ բացումը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կողմէ կազմակերպուած Նոր Տարուան Ցուցահանդէս-Տօնավաճառին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ցուցադրութեան ու վաճառքի համար դրուած էին հայկական արուեստի գործեր, ամանորեայ զարդարանքներ, հայկական խոհանոցը ներկայացնող ուտեստեղէններ, հայկական գինիներ եւ քոնեակներ, տուրմեր, խտասալիկներ, հայկական մրգեղէններ, ձեռագործներ, տնային գործնական պիտոյքներ…

«ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԱՌԱՋԻՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼՆ Է ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԻՆ» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Գերմանական Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն թերթին

Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հարցազրոյց ունեցաւ Գերմանիոյ ամէնէն կարեւոր օրաթերթէն Ֆրանքֆուրթըր Ալմայնի հետ։   Հարցազրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի մօտ բացած դատին կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն առընթեր, իրաւական գործընթացի նախաձեռնութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է 100 տարիներ յետոյ։ Այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՏՔՈՎ ԹԵՐԱՃ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մտքով թերաճ հայ մանուկներու Զուարթնոց Կեդրոնի վարչութիւնը։ Յիշեալ վարչութիւնը կը բաղկանայ Լիբանանի ընկերային ծառայութեան նուիրուած կառոյցներու ներկայացուցիչներէ եւ մօտէն կը հետեւի մտքով թերաճ մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքներուն։ Ներկայիս 40 մանուկներ ու պատանիներ կը յաճախեն Զուարթնոց Կեդրոն, ուր կազմակերպուած, հետեւողական եւ արդի մեթոտներով աշխատանք կը տարուի։ Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը…

ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ԿԱԼՈՒԱԾԻ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունեց այցելութիւնը Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Առաջնորդ Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչները։   Պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը, որ շնորհիւ իրենց յարատեւ աշխատանքին, թեմը գնած է լայն կարելիութիւններ ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ

Այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Սերժ Սարգսեանին հետ ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին ողջունեց սահմանադրութեան փոփոխութիւնները Հայաստանէն ներս եւ յոյս յայտնեց, որ «այս կարեւոր քայլը աւելի պիտի ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, առիթ պիտի ստեղծէ ժողովուրդը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի լայն ու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքը յուզող հիմնահարցերը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Թէլէ Լիւմյէր-Նուր Սաթ պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ նոյն պատկերասփիւռի հովանիին տակ գործող Նուր ալ Շարք հեռատեսիլի կայանին յանձնախումբը: Սոյն յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Դոկտ. Ժան Սալմանեանը:   Շուրջ տարի մը առաջ հաստատուած Նուր…