ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ՆԱՄԱԿ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

  Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ նամակ մը ստացաւ Գանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրէն: Յայտնենք, որ 3 Յունիս 2015-ին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցած էր Գանատայի Վարչապետին հետ եւ այդ առիթով առ ի գնահատանք Վարչապետին, Գանատայի Կառավարութեան եւ Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ցուցաբերած զօրակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳՐԻԳՈՐ-ՊԵՏՐՈՍ Ի. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երկուշաբթի, 27 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Զմմառու Վանք, շնորհաւորելու նորընտիր Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Պատրիարքը: Նորին Սրբութեան կ’ընկերանային Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Տպարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին միջ-եկեղեցական ու աստուածաբանական կազմաւորման մասնակցող աւելի քան 50 համալսարանականներ։ Խումբին մաս կը կազմէին Լիբանանի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Մարոքի և եւրոպական երկիրներու համալսարաններէ ներս աստուածաբանական դասընթացքներու հետեւող ուսանողներ, որոնք եկած էին Լիբանան միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան ու անոր առնչուած ծրագիրներուն և առաջնահերթութիւններուն աւելի…

ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

24 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Ազգային Ողիմպիականի կոմիտէի նախագահ՝ Տիար Գագիկ Ծառուկեանին: Նոյն օրը ժամը 6-ին, Ծառուկեան նաեւ այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքին զանազան բաժանմունքները:   Վեհափառ Հայրապետին եւ Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի եւ Բերիոյ թեմերու առաջնորդները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ազգային…

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՄԱՏԹԷԱՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Սրբութիւն Ապունա Մատթէաս Պատրիարքին միջեւ։           Հանդիպման ներկայ էին Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան ժամանած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը լեցուցած էին Պիքաֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը: Անոնք եկած էին ունկնդրելու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնը:   Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

 Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատարագին ներկայ էին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ, Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ եւ հոծ թիւով հաւատաւոր ժողովուրդ:   Օրուան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ աւանդութեան համաձայն եօթ տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

  Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանան ժամանած օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներուն ու Միաբան Հայրերուն, ժամանեց Կաթողիկոսութեան խնամքին ներքեւ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, Ժըպէյլ, կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բացումը:   Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Մարոնի եկեղեցւոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015-ը, յատկանշական եւ յիշատակելի օր եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Արդարեւ, Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Յուլիս 2015-ի վրայ երկարող, Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան հրաւիրուած եկեղեցիներու պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչները սկսան ժամանել Անթիլիաս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ամբողջ օրուան ընթացքին մինչեւ ուշ գիշեր, յաջորդաբար…

LIVE TELEVISION BROADCAST OF Inauguration of the Armenian Genocide Orphans’ “Aram Bezikian” Museum

Place: Birds’ Nest, Jbeil Time corresponding UTC (GMT): Saturday, July 18, 2015 at 8:00 am To watch live via internet click here: http://www.noursat.tv/ar/receive-us.php?chid=2 For more details on how to receive Noursat on TV in your area, click on the following link: http://www.noursat.tv/ar/receive-us.php?chid=2 Check below your local listings for broadcast dates and times in your area:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԶԻՐԻ ՈՐԲԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԲԱԲԱ ՔՈՒՆՑԼԷՐԻ ԹՈՌԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայասէր որբախնամ՝ Ղազիրի Որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլէրի թոռնիկը՝ Տիկ. Իտա Ալամէտտին, իր երկու որդիներուն՝ Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքարար Կարօ Տէրունեանի։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր կապուած Բաբա Քունցլէրի կեանքին, անոր դերակատարութեան որբերու խնամատարական աշխատանքներուն, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու Պատրիարքին միջեւ:               Վեհափառ Հայրապետին կողքին, հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր. իսկ Պատրիարքին կ’ընկերանային ասորի հոգեւոր հայրեր Պէյրութէն և Դամասկոսէն։               Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԵՐԵՔ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Կիրակի, 12 Յուլիս 2015-ին, Ս. եւ Անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան տասներեք աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԵԼՃԻՔԱՅԷՆ

Մի քանի օրեր առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պելճիքայի զանազան համայնքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Շարլ Քլեման Պոնիֆաս եպիսկոպոսին։ Պատուիրակութեան գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան և յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին։ Պոնիֆաս եպիսկոպոսը մօտէն ծանօթ ըլլալով…

«1915-ԻՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾԸ ՄԻԱՅՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌՈՎ ԿԱՐԵԼԻ Է ԲՆՈՐՈՇԵԼ»          Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Անցնող երեք օրերու վրայ տարածուած միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քասլիքի համալսարանին մէջ, նուիրուած յատկապէս Ասորիներու ցեղասպանութեան։ Աւելի քան հարիւր հոգիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող համագումարը կազմակերպուած էր Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքութեանց կողմէ։               Համագումարի բացման նիստին ներկայ գտնուեցան վեց հոգեւոր պետեր եւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Հոգեւոր պետերու շարքին խօսք առաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Վեհարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Գրիգոր Եպս. Կապրոյեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 5 գերապայծառներ եւ Մեթր Ժագ Չուխատարեան։ Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Վեհափառ Հայրապետին, Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի յուղարկաւորութեան…

ՓՐՈՖ. ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Մեծի Տաննի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց» ձեռնարկներու շարքի ծիրէն ներս, շահեկան հանդիպում-զրոյց մը տեղը ունեցաւ թուրք պատմագէտ Դոկտ. Թաներ Աքչամի եւ լիբանանահայ համալսարանականներու միջեւ, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)։ Ձեռնարկին բացման խօսքը ՀԵՀՈՄի անունով անգլերէնով…

Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատին Զարգացումներուն Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

Առնուած Ազդակ Օրաթերթէն Փրոֆ. Սոֆուօղլու. «Դատին Հիմնական Նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանի Կալուածին Վերադարձն Է Եւ Ոչ Թէ Նիւթական Հատուցումը»   Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն քննարկման ծիրին մէջ երէկ` Չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական գրասենեակին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ հայկական եւ լիբանանեան…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԴՈԿՏ. ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ի երեկոյեան 7:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան պարզած ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքը, որ կազմակերպած էր դասախօսութիւնը, հրաւիրած էր Ա.Մ. Նահանգներու Գլարք համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Դոկտ. Թաներ Աքչամը ներկայացնելու օրուան նիւթը: Հանդիսութեան նախագահեց…