Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Հ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՏԻԿ. ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մoտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեանին:   Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը։  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ ՎԱՌԵՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՋԱՀԸ

Կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին, եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւորապէս վառեց Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահը եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպիչներուն եւ մարզիկներուն: Ջահավառութեան ներկայ էին Միաբան Հայրեր, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Տիար Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Դեսպանը, ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի,…

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆ, ՈՐԱԿԸ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայրապետական Մաղթանք Անթիլիասի Մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձին Առիթով   «ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆ, ՈՐԱԿԸ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է»  Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 28 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետին ընտրութեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

  Ուրբաթ, 26 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ Դեսպան Տիար Ֆրանսուա Պարրաս։             Երկար Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին և Դեսպանին միջեւ, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու և Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր՝ այդ ծիրէն ներս ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի գործունէութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, ընկերակցութեամբ՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական Խաղերու Փոխ-ատենապետ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեանին: Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին, յառաջիկայ Կիրակի Անթիլիասի Նահատակաց մատրան առջեւ տեղի ունենալիք ջահավառութեան ձեռնարկին…

His Holiness Aram I receives the Bureau of the Armenian Revolutionary Federation (ARF)

24 June 2015. The members of the ARF Bureau, headed by its leader Hrant Markarian, visited His Holiness Aram I. They discussed a wide range of issues of mutual interest, including the strengthening of relations between Armenia and the diaspora, the recent popular uprisings in Armenia, the lawsuit against the Constitutional Court of Turkey filed…

«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԱՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՀԻՄՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ՏԱՃԱՐ, ՀՈԳԵ-ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՎԱՌԱՐԱՆ ԵՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐՈՒՆ ՀՆՈՑ»   Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, բարերարներու, ծնողներու եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ժողովուրդի: Բացման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, որ…

«ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ` ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՆՋԸ» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքներուն եւ «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք»ին առիթով`     «ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ` ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՆՋԸ»   ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս                 21 Յունիս 2015-ի Կիրակին յատուկ նշանակութիւն ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը ամբողջութեամբ գրաւուած էր միաբաններու, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, ազգայիններու,…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի սաները՝ Աւետիս Կիս. Սրկ. Ասայեան, Նարեկ Կիս. Սրկ. Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Սէլլումեան, Նորայր Կիս. Սրկ. Տալգլըճեան եւ քահանայից պատրաստութեան դասարանի ուսանող՝ Բաբգէն Կիս. Սրկ. Զէնեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ…

«ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋԸ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼՆ Է»: Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Փարիզի մէջ

Ուրբաթ, 19 Յունիս 2015-ին, Փարիզի խորհրդարանի հրապարակային ձեռնարկներու յատուկ սրահին մէջ տեղի ունեցող Հայ Դատին նուիրուած համագումարին փացումը կատարելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց թէ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատին նպատակը յստակ է.- Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձն է: Արդ, դատավարական ընթացքին առնչուած մօտեցումները պէտք չէ շփոթել դատին նպատակին հետ:…

«ՍԻՐԷ´ ՔՈՒ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԴ ԱՄԲՈՂՋ ՍՐՏՈՎԴ»

«Սիրէ´ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ»: Սիրտը մարդկային մեր բոլոր զգացումներուն ակն է: Ամբողջ սրտով զԱստուած սիրել, կը նշանակէ մեր ամբողջ զգացումներով կապուիլ իրեն, որպէսզի ինք դառնայ մեր զգլխիչ ապրումն ու մեր ամենօրեայ մտածումը: Ամբողջ սրտով զԱստուած սիրելը անոր ներկայութեան մէջ ապրիլ է, անոր սիրոյն մէջ աճիլ է, անոր Հոգիով եռալ է, մեր ուշադրութիւնը միայն…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ՄԻԱՄԵԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՎԿԱՅԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ՄԻԱՄԵԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՎԿԱՅԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ   Նախագահութեամբ եւ Ձեռամբ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ   Տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, Վեհարանի դահլիճին մէջ:          ՀՐԱՒԷՐ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁԱՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

  Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչները յատուկ պատուիրակութեամբ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Դամասկոսի մէջ մասնակցեցան Ասորի Եկեղեցւոյ միւռոնի օրհնութեան եւ ծիսական շարք մը արարողութիւններու։ Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական աննպաստ կացութեան, սոյն հոգեպարար երկօրեայ արարողութիւններուն մասնակից դարձան տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի…

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն   ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՊԱՀԱՆՋԸ  

Շուրջ երկու ամիսներ առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ճամբով, լայն բացատրութիւններ տուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին: Սոյն հաղորդագրութեամբ կարեւոր կը նկատենք անհրաժեշտ յստակեցումներ կատարել՝ 28 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած նոյն դատին էութեան ու նպատակին վերաբերեալ:             Արդարեւ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Կիրակի, 7 Յունիս-Շաբաթ, 13 Յունիս 2015, Ս. Էջմիածնի մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ, Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամ՝ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, ի պաշտօնէ, ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան։ Ժողովի բացման նիստին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին…

ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

        Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց դասարաններու աշակերտները, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան խոնարհ աստիճանները ստացան։             Դպրեվանքի տեսչութիւնը Կիսասարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացուց Դ. Ժառանգաւորացի Չորս սաները՝ Ճորճ Աբրահամեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Գանատա տուած պաշտօնական կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, Օթթաուայի մէջ այցելեց Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ Դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ: Դեսպանը Նորին Սրբութեան տեղեակ պահեց դեսպանատան տարած աշխատանքներուն մասին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մշակութային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շեշտեց հայ եւ գանատացի ժողովուրդներուն բարեկամութեան կարեւորութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Ա.Մ. Նահանգներուն Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ գումարուող Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին: Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան, վստահեցնելով թէ Հովուապետական այս այցելութիւնը նոր աւիւն պիտի ներարկէ Թեմին ազգային-եկեղեցական ծառայական կեանքէն ներս, իսկ Հայրապետական…

Legal Avenues for Armenian Genocide Reparations Օրինական Ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ “Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation” «Օրինական Ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման» հատորը: Սոյն հատորին մէջ ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ճանաչումէն հատուցում» միջազգային համագումարին նիւթերն ու դասախօսութիւնները: Երկօրեայ այս համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, վեցերորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական եւ Հայագիտական Հարցերու Գրասենեակի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցումները հասան իրենց աւարտին։             Շաբաթ, 14 Մարտ 2015-ին, հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցումով սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» մրցաշարքերու առաջին հանդիպումին նախ յաջորդեցին ասմունքի, ապա` Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իմացաւ Ա.Մ. Նահանգներուն Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի որդիին՝ Պօ Պայտընին մահուան լուրը: Այս տխուր առիթով Նորին Սրբութիւնը Պոսթընէն ցաւակցական նամակ մը յղեց Փոխ-նախագահին: Ստորեւ ցաւակցագիր նամակին թարգմանութիւնը. Սիրելի Փոխ-նախագահ Պայտըն, Խոր ցաւով իմացանք ձեր որդիին՝ Պօ Պայտընին մահը, որ պատահեցաւ յետ իր կարճատեւ հիւանդութեան:…

ՏԷ´Ր, ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆՔ

Քրիստոս «դժուարամարս» պատգամ մը ներկայացուց եւ շատեր իր հետեւորդներէն հեռացան իրմէ: Ան տեսնելով որ շատեր հեռացան իրմէ, դարձաւ իր 12 աշակերտներուն եւ հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»: Պետրոս տուաւ իր հոգելիր պատասխանը. «Տէ´ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո´ւն ունիս» (Յհ 6.68): Քրիստոսի հետեւորդները իրենք զիրենք դժուարութեան մը դէմ յանդիման գտան, եւ…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԿՐՕՆԻՑ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԿԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Օթթաուայի մէջ, Գանատա, երկար հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Կրօնից Ազատութեան Նախարար Դոկտ. Էնտրու Պէննըթի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:             Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Նախարարը արծարծեցին կրօններու ազատութեան հրամայականին եւ սկզբունքներուն առնչուող զանազան հարցեր: Նախարար Պէննըթ նշեց, թէ այս օրերուն Միջին Արեւելքի անցուդարձերը իրենց օրակարգին վրայ հրատապ հարց են…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

  Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Ծերակոյտի Նախագահ Լեօ Յուսագոսի հետ եւ շնորհաւորեց Պրն. Յուսագոսի նոր պաշտօնին նշանակումը:             Նախագահը իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդին բերած ներդրումին Գանատայի ծաղկման եւ իբր կազմակերպ համայնք ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:             Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Օթթաուայի մէջ, Գանատա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Ճէյսըն Քէնիի հետ: Վեհափառ Հայրապետն ու Պաշտպանութեան նախարարը անձնական բարեկամներ ըլլալով եւ Անթիլիասի ու Գանատայի մէջ յաճախակի առիթներով հանդիպած ըլլալով մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ Միջին Արեւելքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԹԻՎԸՆ ՀԱՐՓԸՐԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ, Գանատա, հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Վարչապետ Ն.Վ. Սթիվըն Հարփըրին հետ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Գանատայի ժողովուրդին ու կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց որդեգրած յստակ կեցուածքին համար: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Սուրիայէն ներս տիրող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախաճաշ ունեցաւ գաղութի զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն խօսեցաւ եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան գաղութի ազգային եւ եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ: Ան ըսաւ. «Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները զիրար կամրջողը նոյն եւ մէկ նպատակն է՝ ծառայել մեր ազգին ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊՈՍԹԸՆԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը, ընկերակցութեամբ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի եւ միաբան հայրերու: Դպրոցին մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցա Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ Պալճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնուհի…

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

«Եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք» (Մտ 18.1-3): Ո՜վ մեծ մարդիկ, մեծադիրք ու մեծապաշտօն մարդիկ, մեծնալ սիրող ու մեծութեան ցանկացող մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս փոքր ու փոքրութիւնը սիրող չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արքայութիւնը փոքրիկներուն տեղն է: Մեծամոլ մարդուն համար դժուար է մեծարել զԱստուած: Մեծ կոչուիլ ուզող մը՝ Աստուծոյ…

ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ (Ա. ՀԱՏՈՐ)

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մայիս ամսուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ, Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Ա. Հատորը: Իր տեսակին մէջ եզակի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» տասը հատորներու վրայ փռուած երկը, սովորական իմաստով սոսկ մատեան մը չէ, այլ տեսակ մը հրաբխային ժայթք, որ անընդհատ կը յորդի: Ի վերջոյ հոն թաղուած են…

«ՍԷՐՆ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ԴԱՌՆԱՆՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿԱՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԻՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի մէջ

Կիրակի, 31 Մայիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Հայրապետական պատգամ փոխանցեց Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Առընթերականերն էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Ներկայ էին Պոսթընի եւ Նիւ Ինկլընտ շրջանի հազարէն աւելի հայորդիներ,…