ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

25-30 Յունուար 2015, Հռոմի մէջ, գումարուեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներ Աստուածաբանական Երկխօսութեան 12-րդ ժողովը։   Հայ Եկեղեցին իր զոյգ Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս ժողովին։ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ.…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի նիստի աւարտին, Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն ու ժողովականներուն, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:   Ապա, Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացան…

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՏՈՒՏԻ ԲԱՑՄԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գտնուի Երեւան, մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին նիստերուն: Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2015-ի առաւօտուն Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները ներկայ գտնուեցան Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտի բացման հանդիսութեան:   Ապա, կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի 5-րդ նիստի աշխատանքները սկսան:

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2015-ին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեան անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, ներկայ գտնուեցան Հայկական Բանակի օրուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 23-ամեակին նուիրուած՝ «Ծաղկիր իմ երկիր, ես քո զինուորն եմ» տօնական համերգին: Համերգէն ետք, Վեհափառ Հայրապետները ընթրիքի հիւրը եղան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐ

Բանակի օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը և Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հ. Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակո Սահակեանի հետ եւ Հ.Հ. բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այսօր այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԱԵԽ-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, Ամմանի մէջ (Յորդանան), գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ նախագահներէն մէկն է յիշեալ ժողովին, չկրցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ։ Վեհափառ Հայրապետը իր նկատողութիւններն ու առաջարկները գրաւոր յղեց ժողովին։ Դոկտ. Ժան Սալմանեան որպէս անդամ Գործադիր Վարչութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ ժողովական աշխատանքներուն։               Գործադիր Վարչութիւնը լսեց ընդհանուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ՝ ՍԱԼՄԱՆ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶԻՆ, ԻՐ ԵՂԲՕՐ՝ ԱՊՏԱԼԼԱ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական նամակով մը բաժնեց վիշտը Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին, իր եղբօր՝ Ապտալլա Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին մահուան առիթով։ Նամակին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնած էր հանգուցեալին հայրենասիրական իրագործումներուն և միջ-կրօնական գործակցութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի նկատմամբ ունեցած զօրակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի և Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Սուրիոյ կացութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան։ Հայաստան կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին, ինչպէս նաեւ երկու Վեհափառ Հայրապետները պիտի նախագահեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադասման Յանձնախումբի ժողովին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 22 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին և Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին հետ։            Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Հոգեւոր հայրերը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ Ն.Ա. ՊՇԱՐԱ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 20 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին և Պշարա Րայի Պատրիաքին միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր։ Երկու հոգեւոր պետերը հրամայական նկատեցին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կազմակերպումը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան։ Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներէն ներս հոգեւորականներուն ու ժողովուրդի մասնակցութեամբ, յատուկ միջ-եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան ու քարոզներ կը խօսուին՝ շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:   Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ին, Պէյրութի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԹԱՄԱՄ ՍԱԼԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 17 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Լիբանանի Վարչապետ Թամամ Սալամ այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Վարչապետին ու Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան աշխատանքներուն և Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Ուրբաթ, 16 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ Էմին Ժեմայէլը: Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին Քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս շրջանի կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ իրավիճակին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելուներուն կարգին նաեւ ընդունեց Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսը։ Սալիպա Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբութեան փոխանցեց պատրիարքին շնորհաւորութիւնները Ս. Ծննդեան առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Ասորի Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուելիք ծրագիրներուն ընդհանուր պատկերը՝ Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ 100 տարիներ առաջ ասորիներուն դէմ կատարուած ջարդերուն նշման առիթով։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՓԱՐԻԶԻ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երէկ, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով դատապարտելէ ետք Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները, ըսաւ. «Մեր Եկեղեցին կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ լայնախոհութեան: Մեր Եկեղեցին նաեւ յանձնառու է հարցերու խաղաղ լուծման եւ աշխարհի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Րայի Պատրիարքին փոխանորդները՝ Փոլ Սայեահ և Մազլում Արքեպիսկոպոսները։   Ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին Լիբանանի և ընդհանրապէս շրջանին կապուած Պատրիարքին կարգ մը մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը և մասնաւորաբար նախագահական ընտրութիւնը։ Արքեպիսկոպոսները…

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդականը:         Վեհափառ Հայրապետին ու դեսպան Հէյլի միջեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի շուրջ: Այս ծիրէն ներս, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուող հարցեր: Նորին Սրբութիւնը նաեւ արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան…

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հըզպալլան ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հըզպալլայի Քաղաքական Յանձնախումբի նախագահը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ու վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրները: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Լիբանանի նախագահական…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՀԱՅՈՑ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՃԱՄԲՈՎ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԵՂԱՒ»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, աշխարհով մէկ տարածուած հայ եկեղեցիներէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ԱՅԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի:   Դեսպանը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւնները ներկայացնելէ ետք, խօսեցաւ Նոյեմբեր 2014-ին Նորին Սրբութեան Իրան կատարած Հովուապետական այցելութեան դրական անդրադարձին, թէ՛ պետական եւ թէ՛ կրօնական շրջանակներէն ներս:   Ապա, Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

“ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԿՈՂՄՆ Է, Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՀԱԿԱՌԱԿ ԸԼԼԱԼ”     Աստուածային ճշմարտութեան պատգամաբերները, մարգարէները իրենց ժողովուրդի պատմութեան ամենէն ճգնաժամային պահերուն պատգամեցին՝ մի՛ վախնաք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է։ Այս հաւատքով շաղախուած ու յոյսով գօտեպնդուած եբրայեցի ժողովուրդը յաղթահարեց ամէն տեսակ չար ու չարիք, որոնք յաճախ շրջապատեցին զինք իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին։   Աստուածաշունչը յստակօրէն…

LIVE TELEVISION BROADCAST OF CHRISTMAS MASS VIA SATELLITE FROM ANTELIAS — JANUARY 6, 2015

The Lebanese Broadcasting Corporation International (LBCI) will broadcast LIVE via satellite the Christmas Mass presided over by His Holiness Aram I, from St. Gregory the Illuminator Cathedral in Antelias, on Tuesday, 6 January 2015, beginning from 8:00 am UTC (GMT). For the Americas and Australia, check your local LBCI program schedule for exact time. The…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԶԻՆՈՒՈՐՆ Է ԵՂԱԾ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 1 Յունուար 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ ժողովուրդը բացուող Նոր Տարուն առաւօտուն գոհաբանական ու երախտագիտական զգացումներով իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած:   Եկեղեցական արարողութեաց աւարտին, ներկաները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճը, լսելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը: Յանուն ներկայ ժողովուրդին եւ միաբանութեան, Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ.…