Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

    Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն Համախմբումի վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Մազլում Արքեպիսկոպոսին ։ Շուրջ չորս տարիներ առաջ կեանքի կոչուած յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքները՝ իրենց կրօնական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներով։ Համախմբումին նպատակն է գործակցութիւն յառաջացնել շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ և ազդու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր-Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր, Այա Նափայի մէջ (Կիպրոս), գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Ժողովը քննարկեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրներուն, պաշտօնէութեան եւ տնտեսական վիճակին ու եկեղեցիներու անդամակցութեան առնչուած գլխաւոր բնագաւառները եւ համապատասխան որոշումներ առաւ՝ Խորհուրդի առաքելութիւնն ու…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

24-25 Նոյեմբեր 2014-ին, Աթէնքի մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հիւրընկալութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն՝ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Ոչ-քաղկեդոնական Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովը: Յունաստանի հիւսիսային Գոմոթինի քաղաքին մէջ, Ն.Ս. Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ պատմական հանդիպումին ընթացքին, 23 Սեպտեմբեր 2014-ին, երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին շուրջ երեք տասնամեակներ սկսած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ղարաբաղի ճակատին զոհուած երեք նահատակ օդաչուներու ընտանիքներուն և իր զօրակցութիւնը՝ հայոց բանակին։

ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ և ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2014-ին, միօրեայ այցելութեամբ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանեց հանրածանօթ ազգային բարերար և գործարար Ռուբէն Վարդանեան։ Մոսկուայի մէջ կայք հաստատած Ռուբէն Վարդանեան նաեւ կեդրոնատեղիներ ունի Լոնտոնի, Երեւանի ու Նիւ Եորքի մէջ և ձեռնարկած է Հայաստանի ու Ղարաբաղի զարգացման մեծ ծրագիրներու իրագործման։ Ռուբէն Վարդանեան Անթիլիաս ժամանած էր միօրեայ այցելութեամբ հանդիպում ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ԿՐՕՆՔԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵԱՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

«Միութիւն ընդդէմ կրօնքի անունով վայրագութեան» միջազգային համագումարը տեղի ունեցաւ 18-19 Նոյեմբեր 2014-ին, Վիեննայի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID): Ժողովը կը համախմբէր Միջին Արեւելքէն քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդներ, այլ կրօններու, ոչ-կառավարական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական անձնաւորութիւններ: Սոյն համագումարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձամբ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու եւ իր պատգամը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

   Շուրջ մէկ ամսուան բացակայութիւնէն ետք, Շաբաթ երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերադարձաւ Անթիլիաս։ Անցնող շաբաթներուն Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պարսկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Զուիցերիա և Հայաստան։    Պարսկաստանի մէջ շուրջ երկու շաբաթ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Թեհրանի և Իսֆահանի թեմերուն։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ թեմի պատասխանատու մարմիններուն հետ ու…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

11-13 Նոյեմբեր 2014-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, գումարուեցաւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հերթական ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ: Նոյեմբեր 11-ին, բացման արարողութենէն առաջ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը Մայր…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

Գոհութիւն կը յայտնենք Սուրբ Երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, որ վերստին շնորհքը պարգեւեց՝ 11-13 Նոյեմբեր 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի սեմին, Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ քննարկելու մեր Եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԹԻՌԻ ՌՄԲԱՀԱՐՈՒՄԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ

13 Նոյեմբեր 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընթացող Եպիսկոպոսաց ժողովը, առաջին նիստի ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին մօտ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի օդուժի ուղղաթիռի ռմբահարումի միջադէպին՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած այս…

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 Նոյեմբեր 2014-ին հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներուն եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԴԱՍԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, սկսաւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը: Ժողովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսության 76 արքեպիսկոպոսներէն ու եպիսկոպոսներէն կը մասնակցին 58-ը: Բացման արարողութինէն առաջ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը Մայր Տաճարին…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

Սուրբ Էջմիածինի մէջ նոյեմբերի 11-13 2014-ին գումարուող Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի մասնակիցները Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2014-ին, առաջնորդութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Վեհափառ Հայրապետները ծաղկեպսակներ զետեղեցին եւ ապա, անմար կրակին առջեւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Ապա, Գարեգին Բ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Հայաստան: Յառաջիկայ օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Ս. Էջմիածինի մէջ պիտի գումարուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը: Յիշեալ ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը: Յայտնենք, որ նախկին Եպիսկոպոսաց Ժողովը տեղի ունեցած էր 24-27 Սեպտեմբեր 2013-ին: Սոյն ժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ա.Մ. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ թեմական պատասխանատուներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն տուաւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, որ շինարարական վերջին հանգրուանին հասած է: Ան գնահատեց գաղութի պատասխանատուները, որոնք…

«ՄԵՆՔ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄՏԱՀՈԳ ՉԵՆՔ, ԲԱՅՑ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյեան, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական Խորհուրդի անդամները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ պատգամաւորները, միութիւններու պատասխանատուներն ու բարերարները: Բացման խօսքը կատարեց Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար…

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ՉԷ, ԱՅԼ՝ ՆԵՐԿԱՆ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդարանի սրահէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայութեամբ Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդներուն, հանդիպում մը ունեցաւ իրանահայ գաղութի երիտասարդներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին նախ խօսք առաւ Սեպուհ Սրբազանը շեշտելով, որ Վեհափառ Հայրապետին առօրեային մաս կը կազմեն մեր երիտասարդներն ու անոնց մտահոգութիւնները, այդ իսկ պատճառով ան անպայմանօրէն փափաքեցաւ երիտասարդ սերունդին հետ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

2-5 Նոյեմբեր 2014, Ամըրսֆուրթի մէջ (Հոլանտա), Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Ընդհանուր Քարտուղարներու ժողովը, որուն մասնակցեցան երեսուն հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին ատենապետութիւնը վարեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Հայոց։ Ժողովին կարդացած իր զեկոյցին մէջ, Նարեկ Սրբազան ներկայացուց Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքին եւ յատկապէս Հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆԸ

Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Միջ-կրօնական ու Մշակութային Յարաբերութիւններու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ

Ընկերակցութեամբ Իրանի երեք թեմակալ առաջնորդ սրբազաններուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ին, այցելեց Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ «Ալիք»-ի խմբագրութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն կողմէ: Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեանը, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս, յատկապէս Հայ Դատի աշխատանքներուն գծով: Ապա, խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ «ՍԱՍՈՒՆ» ԹԱՂԱՄԱՍԸ ԵՒ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի «Սասուն» թաղամասի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Դպրաց դասի ու հոգեւորականներու թափօրով Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, յանուն շրջանի ժողովուրդին ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդին համար անհուն ուրախութիւն է ոչ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ 85-ԱՄԵԱՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ   85-ԱՄԵԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՈՒՆԿՆԴԻՐ

Հայեացքդ կանգ կ’առնէ անցեալի սեւաշուք ստուերներէն մերկացած քարերուն սպիտակ փսփսուքներուն վրայ, կ’անսաս «Խորհէ՛ եւ մտիր» քաղցր հրաւէրին, կը փորձես որսալ ներքին լոյսը հասարակ քարին տասնամեակներ շարունակ շունչ, ոգի եւ թռիչք պարգեւած խորհուրդին, վերանալ ու նոյնանալ այս քարեղէն շարականին կշռոյթներէն անհունացած հայուն հաւատքին արշալոյսին հետ եւ, ո՜վ զարմանք զարմանալի, յանկարծ կ’անդրադառնաս, որ Դպրեվանքը ժուժկալ ու ներամփոփ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Շարունակելով Թեհրանի Հայոց Թեմին կատարած իր Հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ընկերակցութեամբ, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն յաջորդաբար այցելեց Մարիամեան եւ Սողոմոնեան վարժարանները: Յիշեալ դպրոցներու աշակերտները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Աշակերտներուն դիմաց խօսք առնելով Թեհրանի Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ Նորին Սրբութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ հայ դպրոցին եւ…