Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ին, Հիւսիսային Յունաստանէն Աթէնք վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր իջեւանած պանդոկին մէջ ունեցաւ հետեւեալ հանդիպումները:Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Յունաստանի Պետական Բարեկարգումի նախարար Քիրիաքոս Մետծօթաքիս: Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետին ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան առաւելաբար հայ համայնքին հետ առնչուած հարցեր: Այս ծիրէն ներս, ընդառաջելով Նորին Սրբութեան փափաքին, նախարարը խոստացաւ ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՊԱՏՈՒՈՅ ԴՈԿՏՈՐԱՅ

Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Աթէնքի համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, դասախօսութիւն մը տուաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նիւթին շուրջ: Դասախօսութեան ներկայ էին վարչապետին եւ Յունաստանի եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ակադեմական ու պետական շրջանակներ ներկայացնող բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:   Համալսարանի նախագահը խօսք առնելով ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին…

Հարցումներ աղօթքի մասին  

7) Ոմանք կ’ըսեն. «Աղօթքի պահուն Յիսուսի արիւնով մենք համարձակութիւնը ունինք Աստուծոյ գահին մօտենալու, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք որոշ յանցանքներ եւ չխոստովանուած մեղքեր»: Ճի՞շդ է այս հաստատումը:   Նախ ըսեմ, թէ անոնք որոնք այս խօսքը կ’ըսեն, հաւանաբար իբրեւ հիմ նկատի ունին Եբրայեցիս 4.16, 10.19, Եփեսացիս 3.12, եւ Ա.Յովհաննէս 3.19-22 համարները: Ամէն բանէ առաջ պէտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԳՈՄՈԹԻՆԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 180-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆՑ

Հիւսիսային Յունաստանի քաղաքներուն մէջ հաստատուած հայ համայնքներուն տուած իր հովուապետական այցելութեան շարքին, Վեհափառ Հայրապետը երկրորդ անգամ ըլլալով այցելեց Գոմոթինի, հանդիսապետելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակի տօնախմբութեանց:               Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2014-ին, յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Պատարագիչն էր Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԱՎԱԼԱՅԻ ԵՒ ՔՍԱՆԹԻԻ ՄԷՋ

Շարունակելով հիւսիսային Յունաստանի շրջանը կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէէն ուղղուեցաւ դէպի Գավալա: Գավալայի փոքրաթիւ հայ գաղութի զաւակները ջերմօրէն ողջունեցին Վեհափառ Հայրապետին ժամանումը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին:               Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Կանոնական աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնի խօսք ուղղեց Յունաստանի Ազգային Վարչութեան անդամ Տիկ. Մաննիկ Աշրեան:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբով ու Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուաւ Թեսաղոնիկէի նահանգապետ՝ Տիար Աբոստոլոս Ծիծիքոսթասի:               Նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ պատմական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական բնագաւառներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ այսօրուան աշխարհին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

        Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շարունակելով Յունաստանի հովուապետական այցելութիւնը, Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին ժամանեց Թեսաղոնիկէ: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեան՝ գաւազանակիր, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան եւ Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ Ն.Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՄԻՋԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԳՈՄՈԹԻՆԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Յունաստանի հիւսիսային Գոմոթինի քաղաքին մէջ, Ն.Ս. Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:               Կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ, երկու հոգեւոր պետերը, շրջանի նահանգապետին ճաշի հիւրը եղան: Յետմիջօրէին, Տիեզերական Պատրիարքը եւ Վեհափառ Հայրապետը առանձին հանդիպում մը ունեցան: Շուրջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹԻՆ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Աթէնքէն կը ժամանէ հիւսիսային Յունաստանի Ալեքսանտրուբոլի քաղաքը: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Յունաստանի Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեան: Նորին Սրբութիւնը, Ալեքսանտրուպոլսոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Աթէնքի Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Գագիկ Ղալաճեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Յունաստանի Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեան:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՅՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆԸ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Աթէնք ժամանումէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ուղղուեցաւ դէպի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.-ին կողմէ:   Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ շրջապատուած հոգեւորականներով, Երոնիմոս Արքեպիսկոպոս յատուկ ուղերձով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան այցելութիւնը: Իր ուղերձին մէջ ան յիշեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Աթէնքի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ՝ Տիար Անտոնիս Սամարասին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.-ը, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Ազգային Իշխանութեան անդամներ եւ վարչապետին խորհրդականները:   Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Աթէնք ժամանումէն անմիջապէս վերջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խոր ցաւով եւ յուզումով իմացաւ Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ականահարումը: Վեհափառ Հայրապետին հասած տեղեկութեանց համաձայն, ծրագրուած ոճիր մըն է Տէր Զօրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին ականահարումը ոճրագործ ձեռքերու կողմէ:               Վեհափառ Հայրապետը խստիւ դատապարտելէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յունաստան, ընդառաջելով Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը պիտի տեւէ 10 օր: Ան պիտի այցելէ թեմի եկեղեցիները, հանդիպումներ ունենայ պատկան մարմիններուն հետ, նախագահէ ազգային-եկեղեցական տօնակատարութեանց եւ իր պատգամը ուղղէ ժողովուրդին: Արամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:   Դեսպանը Անթիլիաս այցելեց, Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին խորհրդակցելու կարգ մը հարցերու և Նորին Սրբութեան ունենալիք հանդիպումներուն շուրջ։   Ընդառաջելով դեսպանին խնդրանքին, Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Ուաշինկթընի մէջ տեղի…

ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, «Կիլիկիա» Թանգարանը իր սրահէն ներս, կազմակերպեց սրբանկարչութեան խտացեալ դասընթացք մը, դասախօս ունենալով՝ Հ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանը: Հինգ օրերու վրայ տարածուած դասընթացքին մասնակցեցան շուրջ քսանհինգ արուեստասէրներ, որոնց շարքին էին նաեւ Դպրեվանեցիներ եւ միաբան հայրեր:             Իւրաքանչիւր օր մօտաւոր երկու ժամուան ընթացքին մասնակիցները լսեցին հայ սրբանկարչութեան պատմութեան, աստուածաբանական խորհրդանիշներու եւ…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՏ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ՝ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեւանի մէջ

Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Սփիւռք Ե. համաժողովի բացման նիստին, իր Հայրապետական Պատգամը ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ըսաւ. «Չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ. անտարբերութիւնը ազգային դաւաճանութիւն է։ Հետեւաբար, կոչուած ենք 100-ամեակը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ նշելու ու զայն արժեւորելու այնպիսի իրագործումներով, որոնք մնայուն հետք…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽԱԴՐԵԼ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԴԱՇՏ

Սոյն գրութիւնը Հայրապետական Պատգամն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, արտասանուած 19-20 Սեպտեմբեր 2014-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ խորհրդաժողովի բացման նիստին։   Կը գտնուինք մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռական հանգրուանին։ Եկէք դիտենք մեր շուրջը խորաթափանց հայեացքով ու քննենք մեր կեանքը եւ մեզ շրջապատող պայմանները՝ իրապաշտ ու քննական ոգիով։ Տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն է…

Հարցումներ աղօթքի մասին

5) Օրական քանի՞ վայրկեան պէտք է աղօթել:   Մտածումներս ամփոփեմ քանի մը կէտերու մէջ.- ա) Սկսնակ աղօթողի մը համար մենք կրնանք ժամ ու վայրկեան ճշդել, բայց մէկը որ հոգեւորապէս աճած է, իրեն համար ժամ ու վայրկեան ճշդելը սխալ է: Ինչո՞ւ համար: Նորեկ աղօթող անձ մը, եթէ չորոշէ աղօթքի յատուկ ժամ մը կամ պահ մը եւ…

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ               Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը, յառաջիկայ շաբաթ մեծ խանդավառութեամբ իր դռները կը բանայ։ Գլխաւորաբար Լիբանանէն ու Սուրիայէն ընտրուած ժառանգաւորներ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանէն, Յունաստանէն եւ Մալէզիայէն նախկին թէ նորեկ աշակերտներ, կը ժամանեն Դպրեվանք՝ հայ դպրութեան անկորնչելի դարբնոցը, լիցքաւորուելու համար հոգեւոր արժէքներով եւ իրենց միտքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Չորեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի մեկնի Հայաստան, մասնակցելու Հայաստան-Սփիւռք Ե. համաժողովին:                Սոյն համաժողովին, նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչները:               Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, համաժողովի բացման նիստին, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը պիտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՔԷՎԸՆ ՄՔԱՐԹԻԻ ՀԵՏ

        Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի՝ Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը, կեդրոնատեղիի աշխատակազմի ղեկավարը՝ ՏիարԱրամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս,  իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ, Ուաշինկթընի մէջ գումարուող միջազգային համագումարին, որ նուիրուած էր Միջին Արեւելեան տագնապին ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւններուն: Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի՝ Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ…

Հարցումներ աղօթքի մասին

4) Երբ մեր աղօթքին պատասխանը չենք ստանար, արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ թէ Տէրը չլսեց մեր աղօթքը:   Այս հարցումին պատասխանը արդէն տուած եղանք, երբ վերեւ թուեցինք այն պատճառները` որոնց համար մեր աղօթքները յաճախ կը մնան անպատասխան: Շատ կարեւոր է մեր մտքին մէջ ունենալ հետեւեալ երեք բառերը` լսել, ընդունիլ, պատասխանել: Աստուած իրեն մատուցուած ամէն աղօթք կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՐՊԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ԽՕՍՆԱԿ ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱՅԻՆ ՊԱՐԶԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբեր, 2014-ի կէսօրին, Ուաշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Միջին Արեւելքի Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ Տան մէջ, շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ: Հանդիպումին ներկայ էին, նախագահի ապահովական հարցերու խորհրդականը, ինչպէս նաեւ այլ խորհրդականներ:               Պատրիարքներուն առաջարկով, Արամ Ա.…

«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ՄՇԱԿԷ՝ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՐԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուաշինկթընի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող միջազգային համագումարին իր խօսքը ուղղելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց համապարփակ ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մշակման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը միջազգային համայնքին կողմէ, դիմագրաւելու համար տակաւ ծաւալող ահաբեկչական շարժումները: Վեհափառ Հայրապետը, իր դասախօսութեան սկիզբը, հակիրճ կերպով անդրադառնալով կրօնական արժէքներու եւ ուսուցումներու դիւր մեկնաբանութեան վրայ հիմնուած եւ ահաբեկչութեամբ ինքզինք արտայայտող շարժումներուն, ընդգծեց…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ ԴԱՐՁԱՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՆԻՒԹԵՐԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարը կը շարունակէ իր աշխատանքները, մասնակցութեամբ շուրջ 500 հոգիներու, որոնց կարգին բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, քոնկրէսի անդամներ եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու պատկանող պատասխանատուներ: Ամերիկեան ու միջազգային տեղեկատուական օրկաններ յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւին համագումարի աշխատանքներուն:               Համագումարին առաջին օրը, պաշտօնական մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ, միջ-եկեղեցական կրօնական արարողութեամբ, բացումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:   Համագումարին առաջին օրուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը համագումարի մասնակիցներուն ուղղելով՝ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հրամայականին:               Երեք գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին անդրադարձաւ քրիստոնէական միութեան իւրայատուկ բնոյթին: Ան ըսաւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գտնուի Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած միջազգային համագումարին:   Համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը երկու առիթներով պաշտօնական խօսք պիտի արտասանէ. առաջինը՝ քրիստոնէական միութեան եւ երկրորդը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ապագային մասին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ պիտի մասնակցի Ամերիկայի ծերակուտականներուն ու քոնկրէսի անդամներուն հետ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն:   Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը…

«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ԱԶԳԻՆ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔՆ Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կիրակի, 07 Սեպտեմբեր 2014-ին, նախագահեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ  եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատգամ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Առաջին հերթին, ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, շրջապատուած մեր ժողովուրդի զաւակներով: Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ իր ուսանողութեան օրերուն յաճախակի կերպով այցելած…

Հարցումներ աղօթքի մասին

3) Ի՞նչ պատճառներով մեր աղօթքները յաճախ կը մնան անպատասխան:   1) Կարեւոր պատճառներէն մին թէ ինչո´ւ մեր աղօթքները երբեմն կը մնան անպատասխան, այն է` որ չենք ակնկալեր ու չենք սպասեր անոնց պատասխանուիլը: Այն մարդը որ կ’աղօթէ բայց Աստուծմէ պատասխան չ’ակնկալեր, կը նմանի այն փոքրիկին, որ տունի մը դուռին զանգակը կը զարնէ, բայց առանց սպասելու որ…