Հարցումներ աղօթքի մասին

2) Ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին` որոնք կ’աղօթեն միայն երբ նեղութեան կամ փորձութեան մէջ իյնան:   Յիսուս կ’ըսէ. «Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ´ք, որպէսզի փորձու­թեան մէջ չիյնաք» (Մատթէոս 26.41): Համաձայն Տիրոջ այս խօսքին, պէտք է աղօթել` որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնանք, եւ ո´չ թէ փորձութեան մէջ իյնալէ ետք: Անոնք որոնք փորձութեան մէջ իյնալէ ետք կ’աղօթեն, կը նմանին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

      Չորեքշաբթի, 27 Օգոստոս 2014, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Սոյն հանդիպումին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:         Հանդիպումին հիմնական…

Մեր Վանքին Նոր Պահապանը

Վանքին մէջ հսկող շուք մը կայ: Տարբեր շունչ եւ շշուկ, որոնք նոյնանման յանգերով կը շշնջան: Աչքեր, որոնք տիւ եւ գիշեր լայնօրէն կը հսկեն, իսկ ցերեկները աչքեր կը գրաւեն: Սիրտ մը, որ մարմարին հաստ ծալքերու ներքեւ՝ կը սպասէ որբ սիրտերը գուրգուրալու, անմխիթար ձեռքերը սփոփելու, իբրեւ մայր իր սիրով առատօրէն յագեցնելու մեր ծարաւի սրտերը եւ ապա՝ զանոնք…

Հարցումներ աղօթքի մասին

1) Ի՞նչ է աղօթքը:   ա) Երբ աշակերտները Յիսուսէն խնդրեցին որ աղօթել սորվեցնէ իրենց, առաջին երկու բառերը որ Յիսուս գործածեց «Հայր մեր…» բառերն էին: Իր այս բառերով, Տէրը ուզեց ցոյց տալ մեզի, թէ աղօթելը` մեր երկնաւոր Հօրը հետ խօսիլ կը նշանակէ: Հետեւաբար, աղօթելը` լոկ մեր Արարիչին ու Աստուծոյն հետ խօսիլը չէ, այլ` մեր Հօրը հետ…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՍԻՍ Ա. ՊԱՊԻՆ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հինգշաբթի, 21 Օգոստոս, 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ցաւակցական նամակ մը յղեց Ն.Ս. Ֆրանսիս Ա. Պապին եւ յայտնեց իր ցաւակցութիւնը, Պապին երեք հարազատներուն ողբերգական մահուան առիթով: Յայտնենք, որ Պապին եղբօր տղուն ընտանիքը Արժանթինի մէջ ինքնաշարժի արկած մը ունեցած է, որուն ընթացքին զոհուած են երկու փոքրիկներ եւ անոնց մայրը. ընտանիքին հայրը կը գտնուի…

ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ (Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ)

Ներածական Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ունի հինգ մեծ տօներ, որոնք կը կոչուին Տաղաւար եւ կը կատարուին ամէն տարի հանդիսաւորապէս, իւրայատուկ կրօնական արարողութիւններով եւ ազգային աւանդութիւններով։ Անոնցմէ առաջին երեքը անմիջականօրէն կապ ունին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին հետ։ Առաջին՝ Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն։ Երկրորդ՝ Ս. Զատիկ՝ Յիշատակ Յարութեան։ Երրորդ՝ Պայծառակերպութիւն կամ Վարդավառ։   Չորրորդը նուիրուած է…

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՊՈՒԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՀԱԿԱՌԱԿ ԶԻՆՔ ՇՐՋԱՊԱՏՈՂ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

           Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Շուէտի եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն: Այս առաջադրութեամբ պատուիրակութիւնը յաջորդաբար պիտի այցելէ Սուրիա եւ Իրաք:              Շուէտի եկեղեցիներու մտահոգութեան…

ՊԱՏԻՒ ՈՒ ՅԱՐԳԱՆՔ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 16 Օգոստոս, 2014։   Գոհութիւն ու փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս տարի եւս մեր բոլորին հոգեպարար առիթը ընծայեց միասնաբար նշելու Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնը,…

«ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՆ ԲՈԼՈՐ ԱՅՆ ԱՆՁԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ Կ’ԱՊՐԻՆ ՈՒ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ԻՐԵՆՑՄԷ ՎԵՀ ՈՒ ՎԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

           Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Սուրբ Աստուածածնայ վանքի Նահատակաց Խորանին վրայ մատուցուած Ս. եւ անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկ. Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեան ու Տէր եւ Տիկ. Արթիւր եւ Թամար Նազարեան ամոլները:               Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին ընթացքին գնահատեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԸ ՄԿՐՏԵՑ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԱՆՔ ԱՆՈՒՆՈՎ

          Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տուած իր պատգամին ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովուոցի՝ Պիքֆայայի վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցող շինարարութեանց եւ այս առիթով, հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան, Պիքֆայայի վանքը մկրտեց «Սուրբ Աստուածածնայ Վանք» անունով:            …

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի նորաօծ բացօթեայ Նահատակաց խորանին վրայ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի վանքի Ուխտի Օրուան առիթով, շաբթուան մը վրայ երկարող դասախօսական շարքը, աղօթաբոյր մթնոլորտի մէջ, իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ, 15 Օգոստոս, 2014-ին: Դասախօսական շարքը, որուն ամէնօրեայ դրութեամբ մասնակից դարձան առաւել քան երկու հարիւր հաւատացեալներ, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ: Դասախօսութիւններու շարքը կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ինչո՞ւ համար Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով խաղողօրհնէք կը կատարուի: Կամ հարցումը կարելի է դնել ուրիշ ձեւով մը.- Ի՞նչ առնչութիւն կայ Վերափոխման տօնին եւ խաղող­օրհնէքին միջեւ:   Խաղողօրհնէքը որեւէ առնչութիւն չունի Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի հետ: Արդ, եթէ անոնք առնչութիւն չունին իրարու հետ, մենք ինչո՞ւ զանոնք կը կատարենք միասնաբար: Այս հարցումին պատասխանը յստակ կը դառնայ եթէ երբեք…

LIVE TELEVISION BROADCAST VIA SATELLITE — AUGUST 16th, 2014

On the occasion of the feast of St. Mary’s Assumption, the Noursat Broadcast will be broadcasting LIVE via satellite the Holy Mass presided over by His Holiness Aram I. Place: St. Mary Monastery, Bikfaya, Lebanon Time corresponding UTC (GMT): Saturday, August 16, 2014 at 5:00 pm     ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՈՒՂՂԱԿԻ ՍՓՌՈՒՄ-16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2014  …

Աստուածածին, Մեղա՜յ Քեզ…

            Օգոստո՜ս…               Տարուան ամէնէն տօթ ամիսներէն մէկը։ Բայց եկեղեցական առումով՝ հայ ժողովուրդին հաւատքի դրսեւորման հիմնական ամիսներէն մին։               Օգոստոս ամսուան ընթացքին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնը։ Աստուածածինը դարեր շարունակ հայ ժողովուրդին համար եղած է «մայրութեան գերագոյն տիպարը», «քրիստոնեայ հաւատացեալին առ յաւէտ բարեխօսը» եւ…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԸ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Երկուշբաթի, 11 Օգոստոս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10-11, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, սկիզբ առաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած դասախօսական շարքը, գլխաւոր վերնագիր ունենալով «Աստուածամօր Կեանքը Օրինակ Հայ Մօր Կենցաղին»: Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, նախ հայցելով Ս. Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ողջունեց ներկաները եւ անոնց մաղթեց,…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի-Չորեքշաբթի, 5-6 Օգոստոս 2014-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ, տեղի ունեցաւ Անկլիգան եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Դիւանի ժողովը, որուն մասնակցեցան Ճէֆրի Ռովըլ Եպիսկոպոս (համա-ատենապետ) եւ Կանոնիկոս Ալիսըն Պարնէթ-Գովըն (համաքարտուղար) ու Պիշոյ Մետրոպոլիտ (համա-ատենապետ), Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (համաքարտուղար) եւ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան (վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու)։ 6 Օգոստոսին ժողովականները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ի՞նչ են հիմնական այն հոգեւոր դասերը զորս կը քաղենք սուրբ կոյս Մարիամին վերափոխման դրուագէն:   1) Աստուածամօր վերափոխուիլը երկրէն երկինք ապացոյց մըն է յաւիտենական կեանքի գոյութեան: Սուրբ կոյսին վերափոխուիլը երկրէն դէպի երկինք, կը բացայայտէ թէ երբ հաւատացեալ մարդը բաժնուի երկրաւոր այս կեանքէն, կը շարունակէ ապրիլ երկինքի մէջ:   2) Աստուածամօր վերափոխումը երկրէն երկինք հրաւէր մըն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Մարոնի Պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Ներկայ էին բոլոր եկեղեցիներու պատրիարքները, ընկերակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներու: Սոյն հանդիպումին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:               Ժողովին սկիզբը խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիգան եկեղեցիներուԱստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնաժողովի Դիւանը: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ յանձնաժողովի համա-ատենապետները՝ Ճէֆրի Րօվէլ Եպիսկոպոսըեւ Պիշոյ Արքեպիսկոպոսը, համաքարտուղարները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանըեւ Կանոնիկոս Ալիսոն Պարնէթ-Գովընը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԻՇՈՅ ՈՒ ՍԱԼԻՊԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ղպտի Պատրիարքի ներկայացուցիչ Պիշոյ Արքեպիսկոպոսին եւ Ասորի Պատրիարքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսին: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

            Երկուշաբթի, 04 Օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:               Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս՝ Լիբանանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՄԷՋ ՀԱՍԱԾ Է ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ

«Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ ահաւասիկ Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու նուիրուած այս թանգարանին շինութիւնը հասած է իր վերջին հանգրուանին» յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հինգշաբթի, 31 Յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Թռչնոց Բոյնի մէջ, Ճիպէյլ: Շարունակելով իր խօսքը ներկայութեամբ թանգարանի շինարարական ու գեղարուեստական յանձնախումբերուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարաններ կան, ու տակաւին նորեր ալ…

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ինչո՞ւ համար Յիսուս ընտրեց որ իր այլակերպութիւնը լերան մը վրայ` ժողովուրդի աչքէն հեռու կատարուէր: Քանի մը պատճառներով.- 1) Սորվեցնելու համար մեզի, փախչիլ մարդոց փառաբանական խօսքերէն: Եթէ Յիսուս մարդոց աչքին դիմաց այլակերպուէր, կրնանք պատկերացնել, թէ ինչպէս բոլորը իր մասին պիտի խօսէին ու պատմէին, եւ ան բոլորին հետաքրքրութեան, փառաբանութեան եւ հիացմունքին առարկան պիտի դառնար, եւ ատիկա մաս…