ՙՔրիստոսի Յարութիւնը արդարութեան յաղթանակն է՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի 31 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ, մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ տօնախմբելու համար մեր Տիրոջ ու Փրկիչին հրաշափառ յարութիւնը։ Պատարգաը մատոյց Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը՝ «Քրիստոսի յարութիւնը արդարութեան յաղթանակն է» բնորոշումը տալով Քրիստոսի յարութեան: Խօսելով Աստուծոյ ստեղծագործութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սուրբ Զատկուան պատգամը

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ՝ ԵՐԱՇԽԻՔ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ Նոր Կտակարանը Քրիստոսի յարութիւնը կը նկարագրէ որպէս կեանքի յաղթանակը մահուան դէմ: Քրիստոնէական հաւատքին այս հիմնական ճշմարտութիւնը խիտ ու յստակ բառերով կ’արտայայտեն հայ եկեղեցւոյ ծէսէն պոկուած հետեւեալ տողերը.–   «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Մահուամբ զմահ կոխեաց Եւ Յարութեամբն իւրով՝ Մեզ զկեանս պարգեւեաց»:   Մեկնելով յիշեալ հաստատումէն, անհրաժեշտ է հետեւեալ կէտերը շեշտել.– Առաջին,…

Քրիստոսի Թաղման Կարգին նախագահելով՝ ՙՔրիստոս գերեզման իջնելով իր հետ նաեւ գերեզմանեց մարդուն մեղքը՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քրիստոնեայ աշխարհին համար «Աւագ Ուրբաթ»-ը երկիւղածութիւն ու յարգանք պարտադրող օր է, որպէս մեր Տիրոջ մարդկութեան հանդէպ ունեցած գերագոյն սիրոյ նշան, որուն համար յանձն առաւ Աստուածորդին գերեզման իջնել:   Արդարեւ, Ուրբաթ 29 Մարտ 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հարիւրաւոր հաւատացեալներ, իրենց նուիրաբերած ծաղիկներով զարդարեցին Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը, եւ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցին Մայրավանքի շրջաբակը: Քրիստոսի թաղման արարողութեան…

Աւագ Հինգշաբթի- ՙԼսենք Քրիստոսի սիրոյ պատգամը ու սիրենք զիրար, սէրը դարձնելով մեր կեանքին առանցքը՚, րսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի 28 Մարտ 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Առաւօտեան Ժամերգութիւն, ապա Կարգ Ապաշխարողաց եւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան ու հաղորդուեցան:   Նոյն օրը յետ միջօրէի ժամը 4-ին, Մայր Տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ղենջակ կապած, Յիսուսի…

Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Տասը Կուսանաց յիշատակումը

Աւագ Երեքշաբթի 26 Մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան, Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութեան:   Ժամերգութեան ընթացքին, համաձայն տարիներու աւանդութեան, Աւետարանի ընթերցման ժամանակ (Մատթէոս 24.1-26.2), տասը հայ աղջիկներ «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան» վարժարանէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, դասին մէջ կանգնեցան։…

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հայ մանուկները ծաղկազարդուած Անթիլիասի Մայրավանքէն

Կիրակի 24 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասը ծաղկազարդուած էր կրկին անգամ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով Անթիլիասի Մայրավանք համախմբուած էին՝ հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու տօնը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին: Տարիներու ընթացքին հայ մանուկներու կեանքէն ներս ցնծութիւն յառաջացնող Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առնչուած այս դէպքը բնական ընթացքով դարձած էր Մանուկներու Օր: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ի գահակալութեան

Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ին գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ երկու օրեր առաջ, Քէնթըրպըրիի (Անգլիա) մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ պետական թէ կրօնական անձնաւորութիւններ:    Գահակալութեան արարողութեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին ներկայ եղաւ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը: Սրբազանը, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ նորընտիր Արք.ին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին: Յաջորդ օրը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր Արք.ը ու անոր փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Դպրեվանքի մէջ տարեդարձի նշում

Շաբաթ 23 Մարտ 2013-ին, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, ճաշի ընթացքին, Դպրեվանքի սաներ ուրախութեամբ նշեցին Մարտ ամսուան մէջ ծնած իրենց Հսկիչին՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեանի եւ եղբայրներուն՝ Սեբաստիա Աւ. Սրկ. Ղարախանեանի, Յարութիւն Կիւլոյեանի եւ Գրիգոր Ֆենէրճեանի տարեդարձը:     Տեսչութեան եւ դպրեվանեցիներուն անունով՝ Հսկիչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան շնորհաւորեց զանոնք՝ աստուածահաճոյ կեանքի մաղթանքներով:   …

Դպրեվանեցիներ թատրոնի մտերմութեան մէջ

Շաբաթ 23 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ թատերասրահին մէջ, Դպրեվանքի սաներ ներկայ գտնուեցան Համազգայինի ՙԳասպար Իփէկեան՚ թատերախումբի ՙԳիշատիչներու Խրախճանք՚-ը թատերախաղին:     Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւած թատերախաղի ընթացքին, սաներ ապրեցան մարդկային ընկերութիւնը յուզող անարդարութեան եւ եսասիրութեան հարցերը:  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանրապետութեան Միւֆթիին կը շեշտէ միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը

Շաբաթ 23 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած՝ Հոգշ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Չօպուեանէ եւ Դոկտ. ժան Սալմանեանէ, այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթի Քապպանիի: Հանդիպման ընթացքին Միւֆթին պատուիրակութեան պարզեց մանրամասնութիւնները Տար էլ Ֆաթուայի առնչուած վերջին իրադարձութիւններուն ու յատկապէս երկու շէյխերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն: Պատուիրակութիւնը նախ փոխանցելով Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը դատապարտեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէնը

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգ. Գրադաանի Տնօրէն Տիար Տիգրան Զարգարեանը՝ ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարան մատենադարանի Տնօրէն Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի եւ Հայակազեան Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Բաժանմունքի Վարիչ Տիար Անդրանիկ Տաքէսեանի:   Պրն. Զարգարեան զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին Հայաստանի Ազգ. Գրադարանէն ներս կատարուած աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներուն մասին: Ան իր…

Դպրեվանեցիներ Ժունիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանեցիներ Ժիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:     Ժամերգութեան աւարտին« օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն՝ Բրշ. Վիգէն Աւ. Սրկ. Քիւրքլեան, բնաբան ունենալով. ՙՀանգստեան այս աղօթքը եւ աղաչանքը ընդունէ՜ մարդասէ՜ր Աստուած, քու բարերար կամքիդ հաճութեամբ եւ մեր մեղքերուն ու բազմաթիւ յանցանքներուն թողութի՜ւն շնորհէ…

Գերմանացի Փրոֆէսորներ ու համալսարանական ուսանողներ Անթիլիասի մէջ

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին յատուկ առաքելութեամբ Լիբանան գտնուող Գերմանիոյ տարբեր համալսարաններէն խումբ մը դասախօսներ ու ուսանողներ: Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ գործակցաբար կազմակերպուած յիշեալ այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ քրիստոնեայ–իսլամ համակեցութեան եւ անկէ յառաջացող մտահգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:   Շուրջ քառասուն հոգիներէ բաղկացած խումբին մէջ կային քրիստոնեաներ ու իսլամներ, եւ նաեւ թուրքեր:…

Կոկիկեան համալսարանական կրթական հիմնադրամի տնօրէնուհին այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Կոկիկեան Համալսարանական Կրթանպաստի տնօրէնուհ Տիկին Սուհէյլա Հայէք: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել յիշեալ Հիմնադրամի գործունէութեան մասին, եւ լսել իր թելադրութիւնները:   Յայտնենք, որ յիշեալ հիմնադրամի հաստատման մէջ Վեհափառը կարեւոր դեր ունեցաւ եւ հիմադրամը հաստատող Տիար Միշէլ Կոկիկեան մնայուն կապի մէջ է Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հիմնադրամին…

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երէկ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ՝ Բիւրոյի Ատենապետ Տիար Հրանդ Մարգարեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած շարք մը հարցեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ղարաբաղի Վարչապետ՝ Տիար Արա Յարութիւնեանը

Չորեքշաբթի 20 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղարաբաղի վարչապետ՝ Արա Յարութիւնեանը եւ իր անմիջական գործակիցները: Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին, Պրն. Վարչապետը լայն կերպով զեկուցեց Ղարաբաղի ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ տնտեսական մարզին մէջ հետզհետէ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին իրագործուելիք ծրագիրներու մասին: Վեհափառ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը կը շնորհաւորէ Ֆրանսիս Ա. Պապը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով Վատիկան ժամանած պատուիրակութիւնը՝ յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեանի, Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2013, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին դիմաց,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Ֆրանսիս Ա. Պապի գահակալութեան

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Սրբազան քահանայապետը իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք յատուկ նամակ ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուր ան իր եղբայրական ողջոյնը կը փոխանցէր եւ կը խնդրէր որ իր աղօթքներուն մէջ յիշէ զինք: Նոյն նամակին մէջ Ֆրանսիս Ա. Պապը տեղեակ կը պահէր, թէ իր գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 19 Մարտին:   Յայտնենք, որ նոյն օրը…

Անթիլիասի Մայրավանքէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը օրհնեց մեր ժողովուրդը

Անթիլիասի Ուխտի Օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի Օրն է Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջով կ’օրհնէ մեր ժողովուրդը, որ եղաւ պահապանը մեր ժողովուրդին՝ պատմութեան փոթորիկներուն մէջ: Ճի՛շդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը մտերմիկ հանդիպում կ’ունենայ Ֆրանսիս Պապին հետ

Ն.Ս. Ֆրանսիս Քահանայապետին գահակալութեան համար Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմող Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկան ժամանեց Կիրակի, 17 Մարտ 2013-ին եւ իջեւանեցաւ Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու Ս. Մարթա հիւրանոցին մէջ, ուր նաեւ ժամանակաւորապէս կ’ապրի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պապը։   Իրիկուան ժամը 8.00ին, Նարեկ Սրբազան բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ Պապին սեղանակից դառնալու՝…

Դպրեվանեցիներ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի սեմինարի կը մասնակցին

Ընդառաջելով ՙՀորիզոն՚ թմրամոլութեան կանխարգիլման հաստատութեան հրաւէրին, Շաբաթ 16 Մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Դպրեվանքի սաներէն` Համլիկ Զաքարեան եւ Գրիգոր Ֆենէրճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հաստատութեան Պուրճ Համուտի Լ.Օ.Խ.-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպած միօրեայ սեմինարին:     Սեմինարի ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններուն ճամբով զանազան դպրոցներէ եկող երիտասարդ տարիքի ուսանող-ուսանողուհիներ աւելի մօտէն ծանօթացան թմրեցուցիչներու պատճառած աղէտներուն, անոնց ազդեցութիւններուն ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Օրհնութեան Գիր կը յղէ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին

Շաբաթ 16 Մարտ 2013ին, UCLA Համալսարանին Հայկական Ամպիոնին Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը յատուկ հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր, պատուելու համար բազմավաստակ դասախօս ու Հայկական Ցեաղասպանութեան մասին ստուար աշխատանք տարած պատմագէտ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յուվհաննէսեանը:   Հանդիսութենէն մէկ օր առաջ, Փրոֆ. Յովհաննէսեանը այցելեց հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, եւ Առաջնորդ Սրբազանէն ստացաւ Նորին Սրբութեան յղած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Ուրբաթ 15 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, առաջնորդութեամբ վարչութեան Ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանի:   Շուրջ երկու ժամ տեւող խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին, լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած աշխատանքները, Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ կատարուող օժանդակութիւնը շարունակելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան հետ աղերս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական նամակը նորընտիր Պապին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Հռոմէական Եկեղեցւոյ նորընտիր Սրբազան Քահանայապետ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Պապին, անոր ընտրութեան առթիւ, 14 Մարտ 2013:   Ձերդ Սրբութիւն,   Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ քրիստոնէական սիրոյ ու եղբայրակցութեան ոգիով կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը: Վստահ ենք, որ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին դիմագրաւող մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն, Ձեր ընտրութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան…

Սրբազան համերգ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Հինգշաբթի 14 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր Տաճարէն ներս Մեծ Պահքի առիթով «Սրբազան Համերգ» տեղի ունեցաւ, հովանաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։   «Սրբազան Համերգ»-ին ելոյթ ունեցան հինգ Միաբան Հայրեր եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Բաժանմունքին Վարիչ եւ «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավար՝ Հոգշ. Տ.…

ՙԱնհրաժեշտ է մեր երիտասարդները համախմբել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն շուրջ՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի 12 Մարտ 2013-ի գիշեր, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանականներու Միութեան նոր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ միութեան հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեանին: Նոր վարչութեան մաս կը կազմեն Ռազմիկ Միքայէլեան ¥ատենապետ¤, Լեւոն Նաճարեան, Նազելի Մանուկեան, Կասիա Պարսումեան եւ Նարէ Սաղտըճեան:   Ողջունելով ՀԵՀՈՄ-ի նոր վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետը շետեց միութեան կարեւորութիւնը՝ երիտասարդութիւնը մեր…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը մարդկային իրաւունքներու նուիրուած Պէյրութի համագումարին

Երկուշաբթի, 11 Մարտ  2013, Պէյրութի  մէջ, Միջին  Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մարդկային իրաւունքներու քննարկման եւ պաշտպանութեան նուիրուած համագումար մը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Երէցկին Մանիա Միսիրեան:   Համագումարին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՄԱԵԽ-ի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքի Տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա Խտըշեան:   Համագումարին ներկայ գտնուեցան պետական…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ սուրիահայութեան կողքին՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի 10 Մարտ 2013, առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր մօտ հրաւրեց Լիբանան ժամանակաւորապէս հաստատուած Սուրիահայերէն խումբ մը: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց կեցութեան ու գործին, ինչպէս նաեւ զաւակներուն կրթական կեանքին առնչուած հարցերով: Ան հրաւիրեց ներկաները, որ արտայայտուին իրենց ունեցած դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն ու կարիքներուն մասին:   Լսելէ ետք Սուրիահայերուն մտահգոութիւնները, Վեհափառ Հայրապետը…

Դպրեվանեցիներ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 8 Մարտ 2013 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանեցիներ Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:     Ժամերգութեան աւարտին« օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Բրշ. Անդրանիկ Աւ. Սրկ. Տալգլըճեան, բնաբան ունենալով. ՙՀօրը իմաստութիւնը՝ Յիսուս, իմաստութիւն տուր ինծի, որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ՝ ամէն ժամ. չար խորհուրդներէ, խօսքերէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջինքի առիթով Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ

Չորեքշաբթի 6 Մարտ 2013–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:   Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ղարաբաղի փոխ-Վարչապետ Արթիւր Աղաբեկեանը

Երեքշաբթի 5 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ–վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Ղարաբաղի դեսպան՝ Կարօ Քէպապճեանի:   Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու վերջին տարիներուն Ղարաբաղի իրագործումները եւ անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները:   Լսելէ ետք փոխ–վարչապետին զեկոյցը ու…

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Եթովպիոյ նոր Պատրիարքին գահակալութեան

Կիրակի 3 Մարտ 2013, Ատիս Ապապայի Ս. Երրորդութիւն Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն.Ս. Ապունա Մաթիասի գահակալութիւնը:             Հայ Եկեղեցին իր երկու հայրապետական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս արարողութեան: Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան (Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան (Առաջնորդ Եգիպտոսի…

Դպրեվանեցիները Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 1 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանեցիներ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:              Ժամերգութեան աւարտին, Դպրեվանքի Փոխ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանը քարոզեց բնաբան ունենալով, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի՝ ՙՆայեաց Սիրով՚ շարականին յիշեալ տունը. ՙՍիրոյ կրակդ, որ աշխարհի վրայ ձգեցիր, թող բորբոքի մեր հոգիներուն մէջ. թող մեր սիրտերուն խորհուրդները մաքրէ,…