ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին երկրորդ հունձքին վկայականաց բաշխումը։ Ձեռնարկին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։   Հանդէսին բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական կեդրոնի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան։ Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ 2012-2013 տարեշրջանին ծնունդ առած Արեւմտահայերէնի խտացեալ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԷՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն ժամանած չորս ազգայիններու՝ առաջնորդութեամբ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանին:   Անոնք Լիբանան եկած էին որպէս զեկուցաբերներ՝ մասնակցելու Հայկազեան համալսարանին կողմէ կազմակերպուած Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայ գաղութներուն նուիրուած համագումարին:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ազգայինները լայն…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հայ լեզուի եւ գրականութեան ջատագով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած միջ-դպրոցական մրցաշարքը բոլորեց իր 10-րդ տարին։ Հիմնադրամին մրցումները կ՚ընդգրկեն հայ լեզուի ու գրականութեան, հայկական տպագրութեան եւ մամուլի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի բաժիններ։   Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի առաւօտուն, յընթացս Ս. եւ Անմահ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 31 Մայիս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրական եւ ուսանելի հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի ուսանողութեան հետ, որոնք հաւաքուած էին Վեհափառ Հայրապետը լսելու աստուածաբանական այժմէական բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ:   Իր բացման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ քանի մը ժամուան մէջ աստուածաբանական հարցերու շուրջ…

ԱԼԵՆ ՊԱԼԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ՝ ՆԵՐԿԱՅ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութեան, Ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ  տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, ուր Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչ Ալեն Պալեան ներկայացուց «Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը՝ ներկայ վերիվայրումներու լոյսին տակ» նիւթը։ Զրոյցին ներկայ էին ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, ինչպէս նաեւ Հոգշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:   Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց յառաջիկայ հանգրուանի առնչուած խնդիրներ ու մօտեցումներ:

ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԿՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արմենոֆաս հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէրն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայօն պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։   Ձեռնարկին խօսք առաւ Արմենոֆաս-ի ատենապետ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան։ Ան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց պատմականը Արմենոֆաս-ին, որ շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան…

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻԱՑՈՒՄՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Ներկայ գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր Նորին Սրբութիւնը տուաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Հանրապետական Մաղթանքէն ետք   Կատարեցինք «Հանրապետական Մաղթանք» մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, աղօթեցինք մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջդիմութեան ու հզօրութեան համար, մաղթելով որ հայրենի մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իշխանութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան յանձնառու հայոց բանակը՝ խոր հաւատքով…

ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻԱՑՈ՛ՒՄՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնին խորհրդանիշը ոչ միայն իր էութեան մէջ է, այլ նաեւ այն յատկութեան, որ այս անկախութիւնը ընդելուզուած է մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հետ, որուն համար մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Հանրապետական Մաղթանք։ Այս արարողութեամբ, եկեղեցին…

ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ-Ի ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 25 Մայիս 2019-ին, ամբողջ օրը, Արմենոֆասի տարեկան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:   Արմենոֆաս-ը Զուիրցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մըն է, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի մէջ եւ ատենապետն է Փրոֆ. Թենի Սիմոնեանը։ Ս. Աթոռին ներկայացուցիչներն են Յունասատնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԸ ԵՒ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռուբէն Վարդանեանը եւ Լեւոն ու Նուպար Աֆէեանները` իրենց օգնականներով։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս հայութիւնը ու յատկապէս Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը յուզող հարցերուն շուրջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2019-ին, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ: Անոնք իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանակեցին իրար՝ Հայաստանը յուզող ներքին հարցերուն գծով:   Նորին Սրբութիւնն ու Վարչապետը կարեւորութեամբ շեշտեցին սահմանադրական կարգերը յարգելու եւ Հայաստանը ներքին ցնցումներէ հեռու պահելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներուն, որոնք եկած էին Նորին Սրբութեան հայրական խօսքերը ունկնդրելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու։   Հանդիպման սկիզբը խօսք առնելով Միութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով իրենց փափաքին՝ առիթ ընծայեց այցելելու Անթիլիասի Մայրավանք, լսելու իր հայրական յորդորները եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը, ընկերակցութեամբ իրենց գործակից պատուելիներու։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք եւ յատկապէս Գալիֆորնիոյ առնչուած հարցերուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ, Սուրիոյ Նախագահին եւ Հանրապետութեան Միւֆթիին հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ դասպանատան աշխատակազմին կողմէ։   Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը Հայրապետին, որ հակառակ Դամասկոս կատարած իր կարճատեւ այցելութեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեամբ, այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Դոկտ.Ահմատ Պատր Էլ-Տին Հասսունին։   Մօտէն ճանչցած ըլլալով Հանրապետութեան Միւֆթին մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուած նիւթերու շուրջ։   Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱԼ-ԱՍԱՏԻՆ

Այսօր՝ Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Դամասկոսի նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատի հետ։ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներ Դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէիսեան, Ազգային Կեդրոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Յուլիս ամսուան ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ տարուան նուիրուած համահայկական համագումարին, յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին շարք մը դեսպաններու «Թռչնոց Բոյն» կատարելիք այցելութեանց, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ այլ հարցերու մասին։   Յայտնենք, որ օր մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն ունեցած լիակատար եւ միօրեայ աշխատանքային հանդիպումներէն ետք, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019-ին, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան երկու ժողովներու միացեալ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գործադիր Վարչութիւնը ներկայացնող Մարմինը (16 Կրօնական Ժողով, 16 Քաղաքական Ժողով) լայնօրէն քննարկեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց հետ…

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԵՐՈՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ

Այսօր, երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կը գումարուի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, յանուն մեր Ս. Աթոռի թեմերու ժողովուրդին, ջերմօրէն կ՚ողջունենք Շուշիի ազատագրումը, 8 Մայիս 1992-ին։   Արդարեւ, պատմական ու ռազմավարական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դէպք մըն էր Շուշիի ազատագրումը։ Արցախի արի ժողովուրդը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի նիստը։   Կրօնական Ժողովին յաջորդող յիշեալ Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր Կաթողիկոսարանի վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնագաւառներու առնչուած ծրագիրներ։ Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումի հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ։ Քննարկումներու ծիրին մէջ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստը, մասնակցութեամբ ժողովին վանաբնակ ու թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններուն:   Բացման իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնը ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու նպատակասլաց:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ Է ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՀԵՏ

Վենեզուելլայէն ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Վենեզուելլայի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանին հետ։ Հայր սուրբը Նորին Սրբութեան լայն բացատրութիւններ տուաւ երկրի իրավիճակին մասին։ Բարեբախտաբար, հայ համայնքը անմիջականօրէն աղերս չունի տեղի ունեցող ցոյցերուն հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները ապահով վիճակի մէջ են. ոմանք իրենց տուները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ֆրանսայի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի փոխ-նախագահ Տիար Միշէլ Բազումեան

Առաջին հերթին, Պրն. Բազումեան յիշեալ կառոյցի ատենապետ Տիար Պետրոս Թէրզեանին անունով զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ Հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան Հիմնադրամին կատարած աջակցութեան եւ շեշտեց պատրաստակամութիւնը շարունակելու նպաստել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։   Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հիմնադրամին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ։…

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔէՆ ՆԵՐՍ

Այսօր, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհին։ Հանիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ-զուիցերիական յարաբերութեանց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներու միջեւ երկար տարիներու վրայ տարածուած գործակցութեան, ինչպէս նաեւ «Արեմնոֆաս»-ի գործունութեան։   Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ յառաջիկային Փափա Քիւնցլերի նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպման ծրագրը։ Յայտնենք, որ հայոց ցեղասպանութենէն ետք որբահաւաքի եւ վերապրողներու ընկերային ծառայութեան գծով կարեւոր…

«Ի ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆէՈՒԹԵԱՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան» կազմակերպութեան նախագահ Դոկտ. Թաուֆիք Պաաքլինի։ Յայտնենք, որ յիշեալ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ եւ սերտ գործակցութիւն ունի ծերակուտականներուն ու երեսփոխաններու եւ զանազան կազմակերպութեանց հետ, եւ համագումարներու, այցելութիւններու ու այլազան ծրագիրներու ճամբով կը զօրակցի Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Վեհափառ…

ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՅԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ոյժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, դեսպանատան քարտուղարներէն Դաւիթ Ալավերտեանն ու զինուորական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանը, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 104-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱ՛Ն ԾԱՌԱՅԵՑԷՔ»   Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, հայոց ցեղասպանութեան 104 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ժողովրդային քայլարշաւ՝ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Անթիլիասի Մայրավանք։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած խուռներամ բազմութեան ուղղեց ոգեշունչ պատգամ մը։ Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը՝ ամփոփ գիծերու մէջ։     «Դարձեալ Ապրիլ 24 է. հայուն համար ամէ՛ն օր Ապրիլ 24 է…։…

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԵԱՆՔԻ Աւագ Շաբաթը իր լրումին հասաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, անգամ մը եւս իր երդիքին տակ համախմբեց իր հաւատացեալ զաւակները, որպէսզի Քրիստոնէավայել կերպով նշուի Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնը։   Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մատուցեց Ս.…

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։ Պատարագի աւարտին, լուսարարապետ Սրբազան Հայրը բարձրանալով Ս. Խորան՝ վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան։ Հայրապետը, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք…

«ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ» ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԻՋՆԵԼՈՎ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՌՋԵՒ ԲԱՑԱՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Աւագ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կը տիրէր Յիսուսի Թաղման կարգի խորհրդաւորութեամբ համակուած մթնոլորտ մը. առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ուխտաւորներ արդէն Մայր Տաճար այցելելով ծաղիկներ ընծայած էին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի թագաղին, իսկ…

ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵՆՍԱԳՈՐԾԵԼ ՄԵՐ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԹԷ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Աւագ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2019-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որ յիշատակութիւնն է Քրիստոսի աշակերտներուն ոտքը լուալուն եւ կը պարունակէ խոնարհութեան ու սիրով ծառայութեան պատգամը։…

ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՀԱՂՈՐԴՈՒԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ «ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ» ՀԱՄԵՐԳՈՎ

Աւագ Շաբաթը հաւատացեալներուս առիթ կ՚ընծայէ վերապրելու Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ծանրագոյն ժամանակահատուածը եւ աստուածաշնչական աղօթքներով լեցուն ժամերգութիւններու ընդմէջէն երկիւղածութեամբ հետեւելու Անոր հրաշափառ Յարութեան, խորհրդածելու մեր հաւատքին մասին եւ վերանորոգելու քրիստոնէական մեր ուխտը։ Այս տարի Աւագ Շաբթուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը առիթ ընծայեց մեզի, որ մեր հոգեկան գոհունակութիւնը լիցքաւորենք իւրայատուկ համերգով մը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

  ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՒԷՐ ՝ ՄԱՀԷՆ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔ ԸՆԹԱՆԱԼՈՒ     Պօղոս Առաքեալ, Եփեսոսի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ, թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (2.5)։ Առաքեալին այլ նամակներուն մէջ եւս շեշտուած յիշեալ հաստատումը, նպատակը կը կազմէ Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան, եւ հետեւաբար, առանցքը՝ քրիստոնէական հաւատքին։   «Մահ»ը աստուածաշնչական հասկացողութեամբ սոսկ ֆիզիքական գոյութեան վախճանը…

«ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ» ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ շաբաթը մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանն է, որուն ընթացքին Ան կ՚ենթարկուի ամենադառն տառապանքներու ու չարչարանքներու։ Հայ եկեղեցին զայն կը նշէ Աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեպարար յատուկ արարողութիւններու ճամբով։   Այս գծով, Աւագ Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Տասն Կուսանաց» նուիրուած ժամերգութիւնը, ուր Մայրավանքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԽՈՐ ՑԱՒԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՓԱՐԻԶԻ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀՐԴԵՀԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարին մէջ ծագած մեծ հրդեհին համար իր խոր ցաւը կը յայտնէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին, Տաճարի հոգեւոր դասուն եւ Ֆրանսայի պետութեան ու ժողովուրդին։  Վեհափառ Հայրապետը եղած է Նոթր Տամ տաճարէն ներս եւ ծանօթ է անոր ներկայացուցած հոգեւոր, միջ-եկեղեցական ու պատմական իւրայատուկ կարեւորութեան։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՈՎ

Իւրաքանչիւր Ծաղկազարդ կրկնակի տօն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին համար, որովհետեւ այդ օր ո՛չ միայն կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ նաեւ Մայրավանքը կը ծաղկազարդուի իր ժողովուրդով։ Այս տարի եւս, Անթիլիասի Մայրավանքը ողողուեցաւ մանուկներով, պատանիներով, երիտասարդներով ու հայ երիտասարդ ընտանեկան բոյներով, որոնք հաւաքուած էին նշելու հոգեպարար այս տօնը, զոր հաւատացեալները կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՃԱՊՈՒՐԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ

Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Գանատայէն ժամանած Պետրոս Արսլանեան արուեստագէտը, որ ինքզինք հաստատած անուն մըն է նկարչութեան մարզէն ներս: Արսլանեան ի յիշատակ` Անթիլիասի 1929-ի «Նիր Իսթ Րիլիֆ» որբանոցի որբերէն իր հօր Աւետիս Արմենակ Արսլանեանի, նկար մը նուիրեց «Կիլիկիա» թանգարանին: Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի ներկայ հողը նախապէս «Նիր Իսթ Րիլիֆի» պատկանող Ամերիկեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի վարչութեան ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ շեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆէ ԻՏԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՉԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ՝ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ  

Անդրադառնալով Իտալիոյ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ առնուած որոշումին՝ ուղղուած Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու հայոց ցեղասպանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Խորհրդարանի այս իմաստուն ու քաջ քայլը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «այս վճռական քայլը արդարութեան յաղթանակն է ցեղասպանին կողմէ կատարուող այն բոլոր ապատեղեկատուական ու ժխտողական քայլերուն դէմ, որոնց նպատակը պատմութեան փոշիներուն տակ ծածկել է Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԵԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Թեզէի Երիտասարդական Միջազգային Համախմբումին իրենց մասնակցութիւնը բերած խումբ մը հայ առաքելական երիտասարդներ, որոնք տարբեր յանձնախումբերու մէջ ծառայած էին։   Յիշեալ համագումարին մասնակցած էին աւելի ճան 1600 երիտասարդներ զանազան եկեղեցիներու մշակոյթները ներկայացնող ու միասնաբար քննարկած երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներ։ Այս գծով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երիտասարդները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցեր քննարկելու Հայաստանի ներկայ կացութեան, Արցախի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան վերջերս Հալէպ կատարած հովուապետական այցելութեան առնչուած։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՈՒԱԼԻՏ ՊՈՒԽԱՐԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ ԵՒ ԻՐ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին հայակական երեսփոխան պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, ինչպէս նաեւ դեսպանին երկու օգնականները:   Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՆԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի գիւղերու միութեան նախագահ Վանիկ Պէրպէրեանին։ Ան Լիբանան այցելած էր պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով, որպէսզի գործակցութիւն հաստատէ լիբանանի լաւագոյն հինգ գիւղերու հետ։   Յայտնենք, որ Վանիկ Պէրպէրեանը, որուն առաջին այցելութիւնն է Լիբանան, զաւակն է հանրածանօթ նկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանին, որուն սրբապատկերները կը գտնուին Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանները մասնակցեցան Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկին։   Ինչպէս Լիբանանի բոլոր թանգարաններն ու պատմական վայրերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանները եւս իրենց դռները լայնօրէն բացին 1200 այցելուներու դիմաց, որոնք եկած էինք Լիբանանէն եւ օտար երկիրներէ՝…

ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ Ս. ԱՋԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՇԽՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՀԱՒԱՔՈՒԱԾ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Հայոց աշխարհի հաւատքի հօր եւ երկրորդ Լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապ տօնը յատկանշական է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ ան Անթիլիասի Մայրավանքի ուխտի օրն է։ Այդ օրը Գրիգոր Լուսաւորիչին Ս. Աջը, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած բազմաթիւ սուրբերու մասունքները, որոնք Անթիլիաս հասած են գողգոթայի ճամբէն անցնելով, դուրս կը բերուին եւ կը տրամադրուին…

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապ մուտքի տօնին նախօրեակին եւ սուրբին անուան Մայր Տաճարի ուխտի օրուան առթիւ առաւօտեան տեղի կ՚ունենայ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ երեկոյեան՝ Հսկումի արարողութիւն։ Ուխտի օրուան առիթով նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս կը բերէ սուրբերու մասունքները եւ կը զետեղէ Կիլիկիայէն բերուած մասունքներու արկղին մէջ։   Արդարեւ, Շաբաթ, 6 Ապրիլ…

ԴԱՆԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Դանիոյ ազգային, լուտերական եկեղեցին ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քոփենհակընի եպիսկոպոսը, միջ-եկեղեցական օգնութեան յանձնախումբի ատենապետը եւ Միջին Արեւելքէն ներս Դանիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու Դանիոյ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան։ Արդարեւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ»Ի ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԽՈՒՄԲԸ

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շուրջ 15 անձերէ բաղկացած «Սօս Սարգսեան»ի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի անդամները։ Անոնք Լիբանան եկած էին Համազգայինի հրաւէրով, շարք մը ներկայացումներ տալու այստեղ։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թատերական մարզէն ներս խումբին տարած կարեւոր աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Սօս Սարգսեանի մեծ վաստակին ու ջերմ հայրենասիրութեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ԳԻՒՂԻ ՀԱՅԱՀՈԾ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

«ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԷՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երկուշաբթի, 1 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն այցելեց հայաբոյր Նոր Գիւղի ազգային կառոյցները:   Վեհափառ Հայրապետը նախ այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ եկեղեցոյ Թաղականութեան, Դպրաց Դասուն, Տիկնանց Յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

  Բարձր հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 31 Մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վերասրբագործուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ս.եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Օրուան պատարագիչն էր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան: Վեհափառ Հայրապետն ու անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱԼԷՊԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ վերօծումէն ետք, Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12։30-ին,  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան վերօծուած եկեղեցիէն ներս ընդունեցին  Հալէպ նահանգի պետական եւ ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուները, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետներն ու զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։ Եկեղեցւոյ մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը եւ թեմիս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐՕԾՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

  Հալէպ տուած հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ Մայր Եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերօծումը:   Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց Վեհափառ Հայրապետին դիմաւորութեան համար շարք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱԼԷՊ ԺԱՄԱՆԵՑ

Արամ Ա. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միշտ Կը Մնայ Հալէպահայութեան Կողքին՝ Զօրակից, Մասնակից Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն» Հալէպահայութիւնը անհուն բերկրանքով եւ խանդավառութեամբ ողջունեց հաւատքի առաքեալին՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական շնորհաբաշխ եւ օրհնաբեր այցելութիւնը Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին հոծ բազմութեամբ համախմբուելով Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին…

«ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ ՈՒՆԻ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ. Թագաւորին կողմէ հաստատուած միջ-կրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ծրագիրի արաբական աշխարհին ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին արաբական տարբեր երկիրներէ եւ կը ներկայացնէին զանազան կրօնական համայնքներ ու ընկերութիւններ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կեդրոնի ընդհանուր քարտուղար՝ Ֆէյսալ Պին Մուամմարը։   «Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱԼԷՊ

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Հալէպ, ուր օծումը պիտի կատարէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցոյ։ Այս առիթով, Վեհափառը նաեւ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ պիտի ունենայ։   Նորին Սրբութիւնը Հալէպ պիտի մնայ 4 օր։ Անոր պիտի ընկերանան միաբան հայրեր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՔ ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿի լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեցին, օր մը առաջ, յառաջիկայ Ապրիլ 24-ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին:   Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը, մաղթելով որ բոլոր գաղութներէն ներս միջ-կուսակցական գործակցութիւնը աւելի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ՝ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տասնամեակներու աւանդութեան համաձայն, Միջինքին Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի արարողութեան կը հանդիսապետէ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր հայրապետական պատգամը կու տայ ժողովուրդին: Այս տարի եւս, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը ներկայ գտնուեցաւ արեւագալի արարողութեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին, արարողութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայկական վարժարաններու աշակերտներ։ Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:  …

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենին։   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց ներկայ փուլին։ Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած յատուկ կապը Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ եւ այն սերտ գործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

22-էն 26 Մարտ 2019-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, Լիբանանի եկեղեցիներուն եւ Թեզէի միաբանութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանան հիւրընկալեց միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդական համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 1600 երիտասարդներ:   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ըլլալով միջ-եկեղեցական աշխարհի յառաջատարներէն, իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի, Բերիոյ եւ Թեհրանի թեմէրէն ժամանած երիտասարդներով, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՇՈՒՐՋ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵՑՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հիւրընկալեց շուրջ 100 հայ տարեցներ, որոնք եկած էին Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցէն, Ազունիէի ազգային բուժարանէն եւ Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն։ Մամիկներն ու պապիկները, առաջին հերթին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Արեւագալի ժամերգութեան։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք,…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ այս օրերուն գումարուող միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդաց համագումարի մասնակիցներէն խումբ մը երիտասարդներ՝ զանազան երկիրներ ներկայացնող։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պատարագին աւարտին, ողջունելով երիտասարդներուն ներկայութիւնը՝ ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը արիւնը կը կազմէ ազգի մը, եկեղեցւոյ կամ կազմակերպութեան մը։ Անհրաժեշտ է,…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Վերջին շրջանին յաճախակի առիթներով Հայաստանէն հայորդիներ սկսած են այցելել Լիբանան։ Անոնք որպէս ուխտաւորներ կ՚այցելեն Անթիլիասի Մայրավանք, Սրբոց Նահատակաց մատուռ, Ս. Աստուածածին Վանք, վերածննդեան յուշարձան, որբերու թանգարան, «Թռչնոց Բոյն», Ս. Մարիամ Աստուածածինի արձան՝ Հարիսա, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի ու Այնճարի հայկական աւաններ։ Այս այցելութիւններու ծիրին մէջ անոնք նաեւ կը հանդիպին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին աջահամբոյրի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Շաբաթ, 23 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Ասորի Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Ժագ Եագուպ Եպիսկոպոսը եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանը։   Առաջին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի խորացնելու կարելիութիւններուն մասին, իսկ երկրորդ հանդիպումի ընթացքին…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական նորակազմ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը:   Ժողովական աշխատանքներուն ատենապետեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, իսկ ատենադպիրի պաշտօնը վարեց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան:  …

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ին, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպած էր Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթը։ Այս առիթով, անոնց այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ու խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ գնահատեց տեսչութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ մայրերուն եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ մեր զաւակներուն հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ հայ մօր ունեցած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Ամենապատուութիւն Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքի անձնական ներկայացուցիչ Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Պատրիարքական փոխանորդ Մետրոպոլիտ Էմմանուէլի հետ, որուն կ’ընկերանար Աթէնքի մէջ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եպիսկոպոսը։ Այցելութեան նպատակն էր Տիեզերական Պատրիարքին անունով Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ Ուղղափառ եկեղեցիներու դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը։ Պետական նախարարին կ՚ընկերակցէր Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրսեանը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, «Արցախ ռութս ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեանը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան…

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻՆ ՀՈԳՒՈՅՆ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 17 Մարտ 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքին՝ Երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին հոգւոյն համար։ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը։ Միաժամանակ, յանուն Մեծի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:   Մտերմիկ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած երկար հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր քննութեան ենթարկելու Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց յառաջիկայ հանգրուանի առնչուած խնդիրներ ու մօտեցումներ:  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՆ

Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին:   Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու հայ դատի հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, այսօր խոր ցաւով իմացաւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանէն, որ կէսօրին Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան իր հոգին աւանդած է։   Այս տխուր առիթով Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սրբազանին,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ KAICIID-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻ ԺՈՂՈՎ

Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու կոչուած KAICIID-ի (King Abdullah bin Abdulaziz International Centre for Interreligious and Intercultural Dialogue) Գործադիր Մարմինը 2019 տարուան առաջին նիստը գումարեց Լիբանանի մէջ, 1 եւ 2 Մարտ 2019-ին: Ժողովին մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. Թագաւորին անունը կրող միջ-կրօնական յարաբերութիւններու Վիեննայի մէջ գտնուող կեդրոնին բարձրաստիճան պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ…

«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, 5 Մարտ 2019-ին, Կաթողիկոսարանի ճարտարապետները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Հանդիպման ընթացքին ճշդուեցան թանգարանի վերանորոգման ու վերադասաւորման առնչուած աշխատանքներու ընթացքը:   Յայտնենք, որ թանգարանին բացումը կատարուած էր 30 Մարտ 1998-ին:   Թանգարանի վերանորոգման աշխատանքներուն իր նիւթական մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Կարօ…

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԵՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՄԻՏԱՍՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի երաժշտական վաստակին նուիրուած Սրբազան Համերգ՝ հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։  …

ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը բնորոշուած է որպէս «պարիսպ հզօր» եւ «դուռն ամուր», որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ ինքնավերլուծութեան եւ ինքնազրկումի կ’ենթարկէ իր անձը, հոգեպէս կ’ամրապնդուի՝ պատրաստ դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Մեծ Պահքի քառասնօրեայ այս ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է հոգեմտաւոր արժէքներով սնուցանելու մեր հոգիները, եւ նոյն այս նպատակին համար է, որ…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, Մեծ պահոց քառասնօրեակին կանխող Կիրակին Բուն Բարեկենդանի Կիրակին է, որկրօնականին կողքին յատկանշական է իր ազգային աւանդութիւններով։ Այս ծիրին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները՝ ծպտուած տարբեր կերպարներով, այցելութիւն կու տան Վեհափառ Հայրապետին ու տօնը կը նշեն քրիստոնէական ու մշակութային ոլորտին մէջ: Այս տարի եւս, Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ին, յաւարտ Բուն Բարեկենդանի Ս.…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Բուն Բարեկենդանի տօնի նախօրեակին, Ազգային Միացեալ Վարժարանի նախակրթարան բաժնէն խումբ մը աշակերտներ, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին, հայկական տիպի ձեռային աշխատանքներով ու տարազներով ներկայացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Վեհարանի դահլիճին մէջ անոնք Նորին Սրբութեան հրամցուցին Բարեկենդանի յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ իրենց հետ բերած  հայկական չէօրէկը։   Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ընդունեց հայկական կրօնական ու մշակութային աւանդութիւնները կենդանի…

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԿՐՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին ընթացք առաւ «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Միջ-թեմական Յանձնաժողով»-ին երկօրեայ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին թեմերու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչները։   Յանձնաժողովին ատենապետն է Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, իսկ աշխատանքներու համադրողն է Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ…

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՅՍՕՐ ՄԵՆՔ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆՔ՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՈՎ ՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԸՍԵԼՈՒ «ԱՅՍ ՀԱՒԱՏՔԷՆ ՄԵԶ ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ԽԱԽՏԵԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնին նշումը, որուն նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԻՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ֆրանսերէն գիրքը «L’Église Armenienne» (Հայ Եկեղեցին)։ Սոյն հատորը Վեհափառ Հայրապետը գրած է անգլերէն լեզուով, ապա թարգմանուած է ֆրանսերէնի։ Նոյն գիրքը նաեւ կը թարգմանուի արաբերէնի, գերմաներէնի, պարսկերէնի, յունարէնի, ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու։ Գիրքը կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը, նուիրապետական կառոյցը, ծէսը եւ անոր կեանքին ու առաքելութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍԻՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»։ Մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի յիշեալ բառերը մեզ մտածել կու տան մեր գոյութեան պատճառին մասին։ Կան մարդիկ, որոնք այս կեանքը կ՚ապրին ու կ՚ըմբռնեն որպէս նպատակ, իսկ ուրիշներ՝ իբրեւ միջոց հասնելու համար իրենց անձերէն վեր հաւաքական ու սրբազան նպատակներու։ Այս վերջին խումբին պատկանեցան…

ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Շուրջ 600 էջերու վրայ տարածուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այս վերջին հատորը կը ներառէ վերջին ութ տարիներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի պատգամներէն, խօսքերէն ու հարցազրոյցներէն քաղուածքներ՝ հոգեւոր, բարոյական, ազգային, միջ-եկեղեցական ու պահանջատիրական խնդիրներ քննարկող։ Ստորեւ յիշեալ հատորի յառաջաբանէն բաժիններ։     Մարդու օրերը խոտի նման կը ծաղկին ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 18 Փետրուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտԱրաբական ՄիացեալԷմիրութեանց դեսպան Համատ Սաաիտ Ալ Շամսին: Հանդիպման ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու Լիբանանի այժմու կացութեան մասին, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք, ինչպէս նաեւ Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

18 Փետրուարի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Հայաստան։ Նորին Սրբութիւնը Հայաստան պիտի մնայ երեք օր եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

16 եւ 17 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած էին սփիւռքի զանազան երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, որոնք գումարեցին հինգ նիստերէ բաղկացած խորհրդաժողով մը՝ արծարծելով երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու քննարկելով զանոնք դիմագրաւելու գործնական միջոցներու մասին։   Խորհրդաժողովին ատենապետեց Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, իսկ վարեցին Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանն ու Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԱԺԻՇՏ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Կիրակի, 17 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը։   Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեանը, որ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան մարդն ու արուեստագէտը։  Քէշիշեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի նորարար ու ժամանակակից երաժշտական լեզուն ըլլալով հանդերձ…

Նոր Հրատարակութիւն | «ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ». ՀԵՂԻՆԱԿ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վերջին օրերուն լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Նոր Հորիզոններու Դիմաց» հատորը։ Ան կը պարունակէ ութ տարիներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին պատգամներէն ու գրութիւններէն հատուածներ, որոնք կը շօշափեն մեր եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին, Սփիւռքին ու ազգային պահանջատիրութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ։  

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 14 Փետրուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեանը։   Դեսպանին Հայաստան կատարած վերջին ճամբորդութենէն վերադարձին տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի ներքին կացութեան, նոր կառավարութեան Ազգային Ժողովին ներկայացուցած աշխատանքային ծրագիրին, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան հետ կապ ունեցող հարցերու։

«ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ ՀՐԱՒԷՐ ՄԸՆ Է ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՄԵԶՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻՆ՝ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐԸ ԸՆԾԱՅԵԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 13 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։ Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Անդաստան, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական հրավառութիւն։   Արարողութեան աւարտին, իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը։ Կեդրոնանալով տօնին խորհուրդին վրայ ՝ ան ըսաւ, որ, թէեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԵՐԱԺԻՇՏ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 12 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանէն ժամանած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը։   Պրն. Մանսուրեան շուրջ շաբաթ մը պիտի մնայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, որպէս հիւրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Անոր այցելութիւնները պիտի ընդգրկեն Թռչնոց Բոյն, Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Ս. Աստուածածին Վանք ու Դպրեվանք։ Ան ներկայ…

«Հ.Մ.Ը.Մ.-Ը ՄԵՐ ԵՐԱԶԱԾ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՊՐԵՑԱՒ ՈՒ ԱՊՐԵՑՈՒՑ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 10 Փետրուար 2019-ին առաւօտեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանդիսութիւններու եզրափակիչ ձեռնարկը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ձեռնարկը կը հովանաւորէր միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ կը նախագահէր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը։     Սոյն ձեռնարկին Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը փոխանցեց…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ (2-4 Յուլիս 2019)

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած Հայ Մամուլի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայ Մամուլի նուիրուած համահայկական համաժողով, 2-4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։   Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ, եւ հետեւաբար համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող  մամուլի գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։   Համաժողովը պիտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ ՀՌՉԱԿԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՔՐՈՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհակալական ու գնահատանքի նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, ջերմօրէն ողջունելով Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր» հռչակելու իր որոշումը:   Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ ընդգծելով նախագահ Մաքրոնի սոյն որոշումին յատուկ կարեւորութիւնը՝ կ’ըսէ. «Մենք խորապէս կը հաւատանք, թէ այս որոշումը պերճախօս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԼԵՒՈՆ ՆՈՐՏԻԿԵԱՆԸ

Կիրակի, 3 Փետրուար 2019-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտ եւ հնագէտ Դոկտ. Լեւոն Նորտիկեանը։   Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակին ընթերցումէն առաջ Դոկտ. Նորտիկեանի կենսագրութիւնն ու իր մասին վկայութիւններ ընթերցեցին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Քրիսթին Պապիկեան Ասսաֆը եւ իր գործակիցներէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի վերջին օրերու Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։   Արդարեւ, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին, Նորին Սրբութիւնը, հակառակ հեռաձայնային հաղորդակցութեան դժուարութիւններուն, կրցաւ դարձեալ կապ հաստատել Վենեզուելայի հոգեւոր տեսուչին՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի…