ԻՐԱՆԻ ՄՕՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լեւոն Ճաղարեանի հետ։             Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ կայացած խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի ներկայ…

ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

    Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն՝ Դոկտ. Իպրահիմիի հետ:   Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ.…

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան ու Վեհափառ Հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբի, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան պատրաստուեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Սիրոյ սեղանին վեհափառին սեղանակից դարձան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Թեհրանի Առաջնորդական…

«ՎԵՀԱՓԱՌ ՏԷՐ, ԴՈՒՔ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅՐՆ ԷՔ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ»

    Վերոյիշեալ բառերով իրանահայ երիտասարդութիւնը դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:   Հայոց Հայրապետին Իրան այցելութեան ծիրէն ներս, Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Նորին Սրբութեան եւ շրջանի հայ երիտասարդութեան միջեւ:   Երիտասարդութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Մանուէլեան: Ան իր բացման…

ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ՏՕՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

  Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» դահլիճին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը: «Արարատ» մարզաւանի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Արարատ»ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, պետական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչներու, «Կիլիկիեան իշխան»ներու եւ «Կիլիկիան Ասպետ»ներու, եւ ազգային բարերարներու կողմէ: Աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք, սկիզբ առաւ…

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

  Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ մէջ, պատերազմի պատճառով նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան: Պատարագի ընթացքին քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Արամ…

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԻՐ ՏՈՒՆԷՆ ԱՌԱՋ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ ՇԻՆԵՑ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն առընթերակայ ունենալով Ատրպատականի Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանն ու Թեհրանի Թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը: Բազմահարիւր հաւատացեալներու կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի…

«ԻՄԱՄ ԽՈՄԷՅՆԻԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԷՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի ու իր շքախումբի անդամներուն այցելեց Իսլամական Յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ Իմամ Խոմէյնիի դամբարանը: Նորին…

ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՓԱԿՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ  

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2016-ին իր լրումին հասաւ Թեհրանի մէջ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը, որուն կը նախագահէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Համագումարին վերջին օրը քննարկման առարկայ դարձան «կրօնի եւ բռնութեան զանազան եւ հասարակական ազդեցութիւնը», «զիրար ընդունելու եւ ծայրայեղականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին մէջ կրօնաւոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Թեհրանի Հայոց Թեմի նորընտիր պատգամաւորական ժողովին, ուր ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի կրօնական եւ թեմական խորհուրդներն ու հաշուեքննիչ մամնի յանձնախումբը: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով ժողովականներուն ըսաւ. «Եկեղեցին իր էութեամբ համակ առաքելութիւն է, ժողովուրդի կեանքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբին անդամներուն հետ ուղղուեցաւ Թեհրանի Ս. Սարգիս Մայր եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք: Նորին Սրբութեան դիմաւորելու եկած էին զանազան պատկան մարմիններու, յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցական աշակերտ-աշակերտուհիներ, սկաուտներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Աշակերտներու կողմէ մատուցուած աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին սկիզբ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կատարած այցի առաջին օրը: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի Հայոց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԹԵՀՐԱՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբի անդամներով ժամանեց Թեհրան: Նորին Սրբութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ «Կրօնքներու Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոն»ի Նախագահին, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԸ

Ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն.Ս. Թաւատրոսի ուղղուած նամակով Վեհափառ Հայրապետը խիստ կերպով դատապարտեց Կիրակի առաւօտ Գահիրէի Ղպտի եկեղեցւոյ դէմ իրագործուած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացին աւելի քան 30 ղպտի քրիստոնեայ հաւատացեալներ։ Իր նաամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ ահաբեկչութիւնը որուն դէմ որ ուղղուած ըլլայ դատապարտելի է եւ ո՛չ մէկ կրօնքի համար ընդունելի է նման ոճիրներ։ Նման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԹԵՀՐԱՆ

    Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան, Իրան։ Շուրջ շաբաթ մը Վեհափառ Հայրապետը պիտի մնայ Թեհրան ուր պիտի նախագահէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի պետութեան միջ-կրօնական ու Մշակութային Միջազգային Յարաբերութեանց բաժանմունքի հետ տեղի ունենալիք Կրօնական Երկխօսութեան՝ Բռնութիւն եւ Կրօն թեմային շուրջ, հանդիպումներ պիտի ունենայ համայնքային ու պետական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՓՐՕ ՕՐԻԱՆԹԷ»Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբերէն մինչեւ Հինգշաբթի 1 Դեկտեմբեր 2016 Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ «Pro Oriente»ի կազմակերպած Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու աստուածաբաններու երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովը: Ժողոովին Հայ Եկեղեցին ներկայացուցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերպ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը: Աստուածաբանական, եկեղեցաբանական, ծիսական տարբերութեանց եւ գործանական այլ…

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Պրիւքսել– Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2016–ին, նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին, այսօր յետմիջօրէին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ բացած դատին առիթով, որուն նպատակն է պահանջել՝ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՄՄ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆԸ

Առնուած «Զարթօնք» Օրաթերթէն       Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան։ Պատուիրակութիւնը եկած էր շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձը։   Շուրջ…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՏ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ, ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ   Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016­ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ պիտի բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ, պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը:               Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ յետոյ, 28 Ապրիլ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՅԱՐԳԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, յատուկ յարգանք մատուցուեցաւ ազգային բարերարներուն՝ Միհրան, Զապէլ, Հաուըրտ եւ Լէյլա Գարակէօզեաններուն։             Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագին Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Այնուհետեւ Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիսաւորապէս յարգանք մատուցուեցաւ վերոյիշեալ բարերարներուն՝ ներկայութեամբ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնութեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

  Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն պատկանող երկու Աստուածաբաններ՝ Դոկտ. Մարթին Հոյկըր եւ Դոկտ. Օլիվիէր Ֆլուրի։ Անոնք եկած էին 2033-ին Համաքրիստոնէական տարողութեամբ Քրիստոսի յարութիւնը նշելու ծրագրին մասին ունենալու Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը։ Այս գծով, անոնք անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած էին Ֆրանսիս Պապին հետ, եւ ստանալով անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Այնճարի հայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան։ Շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը, թաղականութեան ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէն, ինչպէս նաեւ բարեսիրական ու համայնքային քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Պատուիրակութիւնը եկած էր շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ…

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՆԿ-ՔՈՆԿԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՔՈՐԷԱՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

14-20 Նոյեմբեր 2016-ին, Հոնկ-Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) հրաւիրած միջազգային մասնագիտական խորհրդաժողովը, որ քննարկեց զոյգ Քորէաներու միջեւ խաղաղութեան դաշնագրի մը որդեգրումին կարելիութիւնները։   Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հարաւային Քորէայէն եւ Հիւսիսային Քորէայէն պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ 11 այլ երկիրներէն ժամանած ներկայացուցիչներ։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Ե.Հ.Խ.-ի Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբի անդամ՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան։…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ — Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ — ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն   «Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ Եւ Պայծառ Է Մեր Ժողովուրդի Համախումբ Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ»   Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս     Կիրակի, 27 Նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմին տուած այցելութեան վերջին օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ հանդիսաւորապէս դիմաւորուեցաւ Թեմի հոգեւորականներու, Ազգային Իշխանութեան, կազմակերպութիւններու, յարակից…

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ԶՈՅԳ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի բացման առիթներով, տեղի ունեցաւ պաշտօնական կալա-ընթրիք մը, Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փաւիյոն Ռոյալ-Պիել»-ի մէջ` ներկայութեամբ ազգային, կրօնական, քաղաքական պատասխանատուներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու:     Կազմակերպուած ձեռնարկը անգամ մը եւս ապացուցեց լիբանանահայ գաղութի յանձնառութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն   Աննախընթաց Խանդավառութեան Մթնոլորտի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային, Կուսակցական, Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեսիրական Հաստատութիւնները       Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ը նշանակալից եւ պատմական թուական մը պիտի մնայ լիբանանահայութեան յիշողութեան ու պատմութեան մէջ: Արդարեւ, երէկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ամբողջ օրուան տեւողութեան իրերայաջորդ այցելութիւններ կատարեց Պուրճ Համուտի…

«ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն   Լիբանանահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ: Յաղթանակ մը, որ կը մարմնաւորէ անցեալէն եկած եւ մինչեւ 21-րդ դար հասած հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ձգտումը: Երէկ երեկոյեան պանծալի ու հիասքանչ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ լոյսի ու գիտութեան շքեղ կառոյց մը, որ շուտով պիտի դառնայ լիբանանահայութեան միջնաբերդը, հոգիի ու միտքի դարբնոցը…

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի առիթով «Քազինօ տիւ Լիպան»ի մէջ, Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբի ելոյթը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի։ Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիար Գրիգոր Հաշէօլեան, որ յայտնեց, թէ այս ելոյթը իր բնոյթով եւ գեղարուեստական արժէքով եզակի է եւ աննախադէպ, որովհետեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿՈՏՖՐԻՏ ԼՈԽԸՐԸ

  Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ զուիցերիական եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեանց եւ յատկապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով զուիցերիական եկեղեցիներուն կողմէ կատարուած շարք մը նախաձեռնութիւններուն, եւ այդ ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին Զուիցերիա տուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

«ԱՅՍՕՐ ԲՈԼՈՐՍ՝ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԵՐՏԵՆՔ ՄԵՐ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ» Պատգամեց Արամ Ա․ Կաթողիկոս   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով, Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, Ս․ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ ու «Հայրապետական մաղթանք», ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի, լիբանանահայ կուսակցութիւններու եւ պատկան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ Հէրալտ Եպս. Րէյնն ու Փրոֆ. Ուրս Ֆոն Արքսը, որոնք Զուիցերիայէն ժամանած են խորհրդակցութիւններ ունենալու Նորին Սրբութեան հետ։   Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի իրավիճակն ու շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ հայ ու զուիցերիացի…

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս յստակ շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Տիար Գագիկ Ծառուկեանի Անթիլիասի Մայրավանք այցելութիւնը, Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն։     Տիար Ծառուկեան յատուկ կերպով եկած էր Նորին Սրբութեան պարզելու Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը եւ ստանալու Վեհափառ Հայրապետին պատկերացումը այս ուղղութեամբ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Տիար Ծառուկեանի…

Կաթողիկոսարանի Գրատունը Իր 40-ամեակին Առիթով Կը Ներկայանայ Արդիական Նոր Կայքէջով www.ciliciabookstore.com

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ յատուկ տեղ եւ դեր ունի հայ գիրքը: 1932-էն ի վեր գործող Կաթողիկոսարանի տպարանէն ցարդ լոյս տեսած է աւելի քան 2000 գիրք՝ հայերէն եւ օտար տարբեր լեզուներով: Հայ գիրքի տարածման նպաստող Կաթողիկոսարանի գրատունը, որ այս տարի կը բոլորէ իր 40-րդ տարին, հարուստ է կրօնական, հայագիտական, գրական, պատմական, երաժշտական, արուեստի…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ՀԱՄԱ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի մէջ

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող միջազգային համագումարի վերջին նիստին իր տուած դասախօսութեան ընթացքին, որպէս համագումարի եզրափակիչ խօսք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու վկայութեան առաւել հզօրացման հրամայականը, իսկ եկեղեցիներու պահպանումը շրջանէն ներս նկատեց համա-քրիստոնէական առաջնահերթութիւն։ Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Արեւելեան Պապական Համալսարանի (Pontifical Oriental Institute) կողմէ, համալսարանի 100-ամեակին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Վատիկան իր այցելութեան եռօրեայ շրջանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ֆրանսիս Պապին հետ ունեցած հանդիպումին առընթեր, յաջորդաբար հետեւեալ տեսակցութիւնները ունեցաւ Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, որոնք մօտէն ծանօթ են Նորին Սրբութեան.-   Առաջին հերթին Արամ Ա. Կաթողիկոս աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փարօլինի հետ, որ փաստօրէն Վատիկանի Վարչապետն է։ Վեհափառ Հայրապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս. ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

  Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Վատիկանի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանսիս Պապը հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։        Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Պապին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, հրապարակային երկու ելոյթներու ընթացքին՝ Վատիկանի ու Երեւանի մէջ, յիշած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս 20-րդ դարու…

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի մանուկներն ու ուսուցիչները ստանալէ ետք Ս. Հաղորդութիւն, առաջնորդութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի եւ Վարժարանի պատասխանատուներուն ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ: Շուրջ 100 փոքրիկներ այցելութեան եկած էին շնորհաւորելու համար Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակը։   Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանին անունով…

ՀԵՀՈՄԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նոր վարչութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց նոր վարչութիւնը ու գնահատեց միութեան աշխատանքները, միաժամանակ շեշտելով ներկայ համալսարանական երիտասարդութեան սպասումներուն ու մտահոգութիւններուն համապատասխան նոր ծրագիրներ մշակելու ու աշխատանքային նոր մեթոտներ որդեգրելու հրամայականը։ Ապա, Նորին…

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քարիֆորնիոյ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբի (ՍԱՐՖ) ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Առաջին հերթին ՍԱՐՖ-ի ատենապետը լայն կերպով զեկուցեց մարմինի կատարած աշխատանքներուն ու յատկապէս յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, շեշտելով իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը՝ շարունակելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի։   Հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ։

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ «ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻՆ» ՎԷՊԸ՝ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

           Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւԳէորգ Մելիտինեցի գրական Մրցանակի հրատարակութեանց շարքի 88-րդ հատորը՝ «Անդրդուելին» խորագիրով։ Հեղինակն է Տոքթ. Ժիրայր-Վահէ Մալճեան, որ աշխատակցած է հայ մամուլին եւ գրական հանդէսներու, յատկապէս Պօղոս Սնապեանի խմբագրած «Ազդակ-գրական յաւելուած»ին եւ «Կամար» պարբերականներուն։ Մեր ազգային կեանքը ալեկոծող եւ յուզող երեւոյթները լուսարձակի տակ առնուած են իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ Ն.Վ. ԶՕՐԱՎԱՐ ՄԻՇԷԼ ԱՈՒՆԻ

    Ուրբաթ, 04 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Պաապտայի նախագահական ապարանք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Ն.Վ. Զօր. Միշէլ Աունի հետ։   Նորին Սրբութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, թեմերուն ու ժողովական կառոյցներուն անունով եւ անձնապէս ջերմօրէն շնորհաւորեց Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութիւնը, մաղթելով որ իր ընտրութեամբ՝ ներքին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

  «Միջ-կրօնական երկխօսութիւն՝ նուիրուած բազմազանութեան, հանդուրժողականութեան եւ ընկերային համագործակցութեան» (Interreligious Dialogue on Diversity, Tolerance and Social Cohesion in the Arab Region) նիւթով համագումարը տեղի ունեցաւ 1-2 Նոյեմբեր 2016-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ։ Միջ-կրօնական համագումարը կազմակերպուած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զարգացման Ծրագիրներու բաժանմունքի (UNDP) եւ Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնի (KAICIID) համագործակցութեամբ։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 37-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԸ ՁՕՆԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ

Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, «Որք Զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս հաստատուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսին: Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) եւ Անկլիգան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը, 24-29 Հոկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, գումարեց իր 5-րդ հանդիպումը։ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու ջանքերով եւ փոխ-հասկացողութեամբ, ժողովը խմբագրեց «Ս. Հոգւոյ բնութիւնը եւ գործերը» վերնագրով աստուածաբանական կարեւոր վաւերաթուղթ մը։     Աստուածաբանական քննարկումներու առընթեր, իւրաքանչիւր մասնակից ներկայացուց իր եկեղեցւոյ ծրագիրները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Ապա, անոնք 6-րդ հանդիպումի օրակարգը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԱՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ՔԷՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Թաւատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Մետրոպոլիտ Պիշոյը։ Վերջինս Նորին Սրբութեան փոխանցեց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ ուզեց իր կարծիքը ունենալ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքին ներքին դաւանական…

«ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՏԵՂ ՊԷՏՔ Է ԳՐԱՒԵՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Վերոյիշեալ շեշտադրումը կատարեց Նորին Սրբութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովի բացման նիստին։ Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց միջ-եկեղեցական շարժումի պարզած ներկայ վիճակին, վեր առնելով դրական ու բացասական շարք մը երեւոյթներ։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ բերաւ կառոյցներէն դէպի ժողովուրդ ընթացող…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

    Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բացումը կատարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի հինգերորդ նիստին։     Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կը կազմեն Հայ Եկեղեցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեամբ, Ղպտի, Ասորի, Հնդկաստանի Մալապար, Հապէշ եւ Էրիթրիոյ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

  19-22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կիպրոսի Փարալիմնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն (Քաղկեդոնական ու Ոչ-քաղկեդոնական) եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց (UBS) միջեւ համագործակցութեան աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիեզերական ու Ռուսիոյ Պատրիարքութեանց, Յունաստանի, Կիպրոսի, Հայ, Ղպտի ու Ասորի եկեղեցիներու եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց ներկայացուցիչները։ Սոյն ժողովին Հայ Եկեղեցին ներկայացուցին Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

    Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, ֆրանսայէն խումբ մը ուխտաւորներ, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի, այցելեցին Մայրավանք։ Ուխտաւորները նախ Կաթողիկոսարանի Նահատակաց մատրան մէջ իրենց աղօթքը բարձրացուցին եւ ապա, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մասնակից դարձան Ս. եւ Անմահ Պատարագին։   Օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Վահան Սրբազան, որ նախքան քարոզը…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տուած հայրապետական այցելութեան վերադարձին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Վեհարանի դահլիճին մէջ։     Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր միաբաններուն, որոնք իրենց պաշտօններն ու պարտականութիւնները կը կատարեն բծախնդրութեամբ եւ իրենց ներդրումը կը բերեն Կաթողիկոսարանի առաքելութեան։ Ան նաեւ անդրադարձաւ այս այցելութեան տարբեր երեսներուն եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԻՊՐՈՍԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Կիպրոս այցելութեան ընթացքին՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի ժողովի մասնակցութենէն ետք, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան յատուկ ժամադրութեամբ այցելեց Կիպրոսի Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Տ. Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին, որուն փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները։   Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, Նարեկ Սրբազան Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսին հետ քննարկեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութեանց, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի կազմակերպած միջ-ուղղափառ խորհրդակցութիւնը գումարուեցաւ Կիպրոսի մէջ, 6-13 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները ներկայացնող 30 հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այս խորհրդակցութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։   Խորհրդակցութեան նպատակն էր «Դէպի…

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Հատոր Դ.

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Դ. Հատորը, որուն մէջ ներառնուած են Հայ Գրականութեան իրապաշտ սերունդի գրողներ, Յ. Պարոնեան, Մ. Խրիմեան, Գ. Սրուանձտեանց, Խ. Նար-Պէյ, Մ. Չերազ, Եղիա Տ., Մ. Մամուրեան, Ծերենց եւ Ս. Տիւսաբ: Իւրաքանչիւր հեղինակ իր ոճով կրցած է իր ներքին յուզումներն ու սլացքը արտայայտել եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի կազմակերպութեամբ, 9 Հոկտեմբեր 2016-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն եւ պաշտօնական ընթրիք։ 20-ամեակի նշումին առընթեր, Նիւ Ճըրզի կեցութեան կարճ շրջանին, Նորին Սրբութիւնը եկեղեցական, քաղաքական եւ թեմական հանդիպումներ ունեցաւ։ Վեհափառ…

«ՄԵՆՔ ՆԱԽՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՇԻՆԵԼԸ, ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նիւ Ճըրզիի մէջ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու…

«Մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայութիւնը իմ կեանքիս “ամէն բանէ վերն է”» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, գանատահայութիւնը՝ Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն, Գէյմպրիճէն, Սէյնթ Գէթրինզէն ու Վանգուվըրէն, համախմբուած էր Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս տօնախմբելու իր Հովուապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը։ Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան,…

«ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵ՛Ք ՍՏՈՒԵՐ ՉԷ ՏԵՍԱԾ ՈՒ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԷ, ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՈՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ» Վստահեցուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնթրէալի մէջ երիտասարդութեան հետ հանդիպման ընթացքին

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի առիթով Մոնթրէալի գաղութին տուած այցելութեան ընթացքին, Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 7 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Նորին Սրբութեան եւ երիտասարդութեան միջեւ։               Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ քաջալեր հանդիսացաւ…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ՃԱՇ ՏՈՒԱՒ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

7 Հոկտեմբեր 2016-ին, Գանատայի մէջ Լիբանանի Ընդհանուր Հիւպատոս Տիար Ֆատի Զիատէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը տուաւ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Գանատայի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Յակոբ Տէր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԱՏԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԳԾՈՎ

Մոնթրէալ իր կեցութեան կարճ շրջանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատի իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու Դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ։ Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի առնչուած հարցերու պատասխանատու Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Կաթողիկոսարանի…

ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Մոնթրէալ, տեղի ունեցաւ դասական երաժշտական բացառիկ ձեռնարկ, նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 20-ամեայ հայրապետական անսակարկ ծառայութեան։ Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ գանատահայ դասական երաժշտութեան աշխարհահռչակ մեկնաբան Ալին Գութան, որուն կ’ընկերակցէին համբաւաւոր դաշնակահար Մայքըլ Մըքմահըն եւ ջութակահար Վան Արմէնեան։    …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Գանատայի Հայոց Թեմի եւ Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր, 2016-ի առաւօտուն, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ հիւրընկալութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին եկեղեցական բարձրաստիճան հիւրեր՝ Գանատայի մէջ Պապական Նուիրակ Լուիճի Պոնազզի Եպիսկոպոս, Մոնթրէալի Արքեպիսկոպոս Քրիսթիան Լէբին,…

«Մեր ինքնութիւնը խաթարող վտանգներուն դիմաց մենք պիտի մնանք կառչած մեր գոյութեան երեք ամրոցներուն՝ եկեղեցի, ընտանիք եւ դպրոց»   Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ, 5 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի, ուր Հայոց Հայրապետը կատարեց Կանոնական աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՂՈՒԹԻՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները: Վեհափառ Հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայոց Հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ…

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՊԱՒԷՆ Է ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, ԵՐԱՇԽԻՔԸ ՄԵՐ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին հայրապետական իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեշունչ պատգամ մը, իսկ Ս. Պատարագին մասնակիցները հայրապետական օրհնութիւնը ստացան աջահամբոյրով:               Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Նորին Սուրբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

«20-ամեակի այս առիթով կը վերանորոգեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտս՝ առաւել նուիրուածութեամբ ու վերանորոգ հաւատքով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարուան «Ծառայութեան Տարի» հռչակագիրին մէջ կ’ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին:…

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ, ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՄԵՐ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ»   Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլէյնտէլի «Սիվիգ» կեդրոնին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1000 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ»ՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

  Լոս Անճելըս ժամանումի վաղորդայնին, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային Առաջնորդարան։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ միաբան հայրեր։ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ Թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելոս ժամանած օրն իսկ, իմանալով Հալէպի մէջ վերջին օրերու ընթացքին թէժ կռիւներու իբր արդիւնք ստեղծուած ծանր կացութեան մասին, կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ եղած զարգացումներուն։ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆԻ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ե.Հ.Խ.-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքի ենթայանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ, 17-21 Սեպտեմբեր, 2016-ին։ Եկեղեցական զանազան ընտանիքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած ու 10 հոգիներէ կազմուած այս ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանա Կիցինեան, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։               Ե.Հ.Խ.-ի գլխաւոր բաժանմունքներէն Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքը իր ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԷՏՈՒԱՐՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուաշինկթընի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Տիար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ, ընդառաջելով անոր հրաւէրին։ Հանդիպումին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Յակոբ Տէր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՊԱՀԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ԿԸ ԿՈՉԷ ՍԻՓԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՔԷՉԷՃԵԱՆԸ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով, Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցաւ Սպահանի պատմական Թեմին։ Հայր Սիփան արդէն մեկնած է հոգեւոր ծառայութեան նոր դաշտը եւ լծուած իր առաքելութեան։   Սիփան Ծ. Վարդապետ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ստանցնած է զանազան պաշտօններ։ Հայր Սուրբը նաեւ ծառայած է Գանատայի Թեմէն ներս իբր Սէնթ Գէթրինզ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ՏԻԱՐ ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը, Ուաշինկթընի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱ

Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, հանդիսապետելու իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց, Լոս Անճելոսի, Մոնթրէալի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը անցեալ տարի բոլորեց հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը, սակայն իր իսկ փափաքով անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ ո՛չ մէկ ձեռնարկ կատարուեցաւ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.-Ի ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

  Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի։               Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայկական կուսակցութիւններու ներդումին կարեւորութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՍԻԶԻԻ ՄԷՋ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 18-20 Սեպտեմբեր 2016-ին, մասնակցեցաւ «Ծարաւ խաղաղութեան համար» միջազգային  համագումարին, կազմակերպուած Ումպրիայի Եպիսկոպոսաց Ժողովին, Ասիզիի Առաջնորդարանին, Ֆրանսիսքեան Միաբանութեան, Սենթ Էճիտիօ համայնքին եւ Ասիզիի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի Ս. Ֆրանսիս տաճարին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան եւ Ս. Պատարագի ընթացքին, Շահան…

ԴԷՊԻ ԱՌԱՒԵԼ ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, արտասանուած Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ կատարուած Հանրապետական Մաղթանքի ընթացքին, 20 Սեպտեմբեր 2016:   Այս սրբազան խորանէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունեմ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը։ Կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը։ Եղբայրական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսէն ետք, Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Յանձնաժողովի նիստին սկիզբը, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսք առնելով գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բերած նպաստը Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման եւ հայ հոգեւոր մշակութային ու ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին, մեկնեցաւ Հայաստան մասնակից դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, Երեւանի մէջ։   Նորին Սրբութեան կ’ընկերանան՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։…

«ԱՐՄԷՆՕՖԱՍԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ»

    Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց, անցնող օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տարեկան իր ժողովը գումարող, Արմէնօֆասի յանձնախումբը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Արմէնօֆաս, իր նիւթական գործունէութենէն անդին, յուշարար մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան՝ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց, միաժամանակ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը՝ հայ եւ զուիցերիացի…

Մ.Ա.Ե.Խ.-Ը ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՒՈՎ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

«Մեր օրերուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան Թուրք կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մ.Ա.Ե.Խ-ի 11-րդ համաժողովին ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովի նիստերու ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան կայսրութեան…

Մ.Ա.Ե.Խ.-Ը ՇԵՇՏԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները, շեշտելով քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։ Համաժողովին մասնակիցները եզրափակիչ յայտարարութեամբ կո՛չ ուղղեցին՝ անմիջապէս վերջ տալ պատերազմներուն եւ դադրեցնել ծայրայեղական շարժումներուն օգնութիւնը, ապահովել գաղթականներուն տունդարձը, դատապարտել ցեղասպանութեան ինչպէս նաեւ ցեղային ու կրօնական «զտում»ի բոլոր արարքները, զօրակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՂՊՏԻ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

    Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Ն.Ս. Թաւատրոս Բ. Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցան։ Տեսակցութեան ընթացքին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, միջ-եկեղեցական եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի հետ առնչութիւն ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ

    Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը բարձրօրէն գնահատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բերած ներդրումը միջ-եկեղեցական շարժումին ընդհանրապէս եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ին մասնաւորապէս, զինք ընտրեց որպէս Խորհուրդի պատուոյ նախագահ։ Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ շեշտեց, թէ ինք յանձնառու կը մնայ իր…

«ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՃԸ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ Է ԴՐԱԾ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց Յորդանանի Թագաւորին   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հանդիպում ունեցան Յորդանանի Ապտալլա Բ. Թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ։ Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի Թագաւորին։ Ճաշկերոյթի…

«ԱՌԱՆՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ»

      Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մ.Ա.Ե.Խ.-ի Համաժողովին   «Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անոր մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է՝ միաժամանակ ան ազդեցութիւնն է կրած շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ զարգացումներուն» ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

  Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Յորդանանի մայրաքաղաք` Ամմանի մէջ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկսաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բնորոշումով ներկայ հաւաքը պատմական կարելի է նկատել հետեւեալ պատճառներով՝ ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է։ բ) Առաջին անգամ ըլլալով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

    Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հետ։ Առաջնորդ Սրբազանը լայնօրէն զեկուցեց Նորին Սրբութեան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ վերջին օրերուն տեղի ունեցած քաղաքական ու ռազմական նոր զարգացումներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄՄԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՒ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամման, Յորդանան, նախագահելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին։ Նորին Սրբութիւնը Խորհուրդի չորս նախագահներէն մէկն է, ուր կը ներկայացնէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքը։ Վեհափառ Հայրապետը համաժողովին գլխաւոր խօսողը պիտի ըլլայ. ան պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։               Վեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄ ՇԱՄՍ ԷԼ ՏԻՆԸ

    Ուրբաթ, 2 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը նախկին նախարար Իպրահիմ Շամս Էլ Տինի։ Յայտնենք, որ նախարարը Լիբանանի Շիի համայնքի հանգուցեալ համայնքապետ Մուհամմատ Միհտի Շամս Էլ Տինի զաւակն է։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարուի ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ…

ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պաշտօնագրով Դպրեվանքի Տեսուչ նշանակեց միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը: Հայր Սուրբը անցնող տարիներուն Լոս Անճելոսի Fuller համալսարանին մԷջ հետեւեցաւ աստուածաբանական ուսման եւ ստացաւ Master of Arts in Theology վկայականը: Անցնող տարեշրջանին Հայր Պօղոս Դպրեվանքէն ներս ծառայեց որպէս փոխ-տեսուչ:            Այս առթիւ յայտնենք, որ Գերպ. Տ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՄԷՋ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախաձեռնութեամբ, 25-26 Օգոստոս 2016-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» գիտաժողովը, Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն գիտաժողովին մասնակցեցաւ Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։   Երկու օրերու վրայ…

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

    Ամրան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներ կ’ունենայ, որոնց ընթացքին քննարկումներ կը կատարէ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող զանազան նիւթերու շուրջ։   Սոյն հանդիպումներուն կը նախագահէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութեան թելադրութեամբ միաբան հայրեր մէկ կամ երկու նիւթի շուրջ զեկոյցներ կը պատրաստեն։ Տրուած…

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ՇՈՒՐՋ

Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շարք մը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին շուրջ, Ժընեւի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ մէջ դատ բացած էր` պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի պատմական կալուածը։               Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիայէն ներս կատարուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Դատարանի եւ…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

      Ժընեւի մէջ, Երեքշաբթի 16 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, Սուրիոյ տագնապի գծով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի հետ տեսնուելէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան գծով։   Այս ծիրէն ներս, դարձեալ Ժընեւի մէջ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ միջ-եկեղեցական այն կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին…