31 October, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Լարիջանիին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Իրանի խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորները եւ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները:

Շուրջ ժամ մը տեւող տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերը, Սուրիական տագնապին, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, շրջանէն ներս Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի հայ համայնքին հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը այժմէական հարցեր:

Յիշեալ նիւթերուն շուրջ թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ Լարիջանին իրենց տեսակէտները պարզեցին: Անոնք շեշտեցին ահաբեկչութեան դէմ հաւաքական պայքար մղելու անհրաժեշտութիւնը: Ընդգծեցին կարելի փութով Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձան հետզհետէ ծաւալող Թուրքիոյ բացասական քաղաքականութեան ու անոր հետեւանքներուն Միջին Արեւելքէն ներս: Իրանի հայութեան գծով Լարիջանին իր բարձր գնահատանքը յայտնեց: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան:

More News