20 Հոկտեմբերի, 2014

Հարցումներ աղօթքի մասին

7) Ոմանք կ՚ըսեն. ,Աղօթքի պահուն Յիսուսի արիւնով մենք համարձակութիւնը ունինք Աստուծոյ գահին մօտենալու, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք որոշ յանցանքներ եւ չխոստովանուած մեղքերե: Ճի՞շդ է այս հաստատումը:

Նախորդ թիւ 7 հարցումին պատասխանին շարունակութիւնը.-

4) Ճիշդ է որ Յովհաննէս առաքեալը կը հաստատէ, թէ` ,ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանքե, բայց խօսքը ո՞ր կամ ի՞նչ խնդրանքներու մասին է: Եկէք պահ մը կարդանք ամբողջ հատուածը.-

,ՈրդեակնեԲր, մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ` գործով արտայայտուած ճշմարիտ սէր: Ահա այսպէԲս կը գիտնանք` թէ ճշմարտութեան հետեւող կը մնանք: Այսպէս նաեւ մեր սիրտերը վստահութիւն կ՚ունենան Աստուծոյ առջեւ կանգնելու: Նոյնիսկ եթէ մեր խիղճը ոեւէ յանցանքով մեզ մեղադրէ, չմոռնանք` որ Աստուած մեր խիղճէն աւելի մեծ է եւ ամէն բան գիտէ: Իսկ եթէ մեր խիղճը մեզ չի մեղադրեր, սիրելինեԲր, համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյ, եւ ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանք, որովհետեւ իր պատուիրանները կը գործադրենք եւ կը կատարենք ինչ որ հաճելի է իրեն. եւ իր պատուիրանը սա է, որ հաւատանք իր Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի, եւ սիրենք իրար, ինչպէս որ մեզի պատուիրեցե (Ա.Յովհաննէս 3.18-23):
Հատուածին մեկնութիւնը չէ որ պիտի կատարեմ, բայց կարեւոր քանի մը նշումներ ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ.-

ա) 18 եւ 19 համարները ամենայն յստակութեամբ մեզի կ՚ըսեն, թէ անոնք որոնք կը սիրեն իրենց նմանները եւ իրենց սէրը գործնապէս կ՚արտայայտեն, (ինչպէս նախորդող 16 եւ 17 համարները ցոյց կու տան), միայն անոԲնք կրնան վստահութեամբ Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ: Անգամ մը եւս կարդանք համարները. ,Մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ` գործով արտայայտուած ճշմարիտ սէր:… Այսպէս նաեւ (այսինքն` մեր նմանները գործնապէս սիրելով) մեր սիրտերը վստահութիւն կ՚ունենան Աստուծոյ առջեւ կանգնելուե:

բ) 20-րդ համարը կը հաստատէ, թէ ,նոյնիսկ եթէ մեր խիղճը ոեւէ յանցանքով մեզ մեղադրէ, չմոռնանք` որ Աստուած մեր խիղճէն աւելի մեծ է եւ ամէն բան գիտէե: Ուշադիր ըլլանք: Առաքեալը այստեղ չ՚ըսեր` ,նոյնիսկ եթէ մեր խիղճը ոեւէ յանցանքով մեզ մեղադրէե, կրնանք վստահութեամբ Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ: Խօսքը յանցանք ունենալով հանդերձ` վստահութեամբ Աստուծոյ առջեւ կանգնելու մասին չէ: Առաքեալին նպատակն է, որ պարզապէս քաջալերէ ընթերցողը, որ ,նոյնիսկ եթէ մեր խիղճը ոեւէ յանցանքով մեզ մեղադրէե, պէտք չէ մոռնանք` ,որ Աստուած մեր խիղճէն աւելի մեծ է եւ ամէն բան գիտէե: Ան կ՚ուզէ որ հաւատացեալները յիշեն, թէ Աստուած ,ամէն բան գիտէե, այսինքն` գիտէ մարդկային մեր տկար բնութեան մասին, գիտէ մեր հողեղէն կազմուածքի խեղճութիւններուն մասին, գիտէ որ ենթակայ ենք յաճախ գլորելու:

գ) 21-րդ համարն է, որ մեզի կ՚ըսէ, թէ որոԲնք կրնան համարձակ կերպով դիմել Աստուծոյ. ,Իսկ եթէ մեր խիղճը մեզ չի մեղադրեր, սիրելինեԲր, համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյ…ե: Նախորդ եւ այս համարին տարբերութիւնը յստակ պէտք է ըլլայ ընթերցողին մտքին մէջ: 20-րդ համարին մէջ, առաքեալը կը խօսի` իրենց սիրտը կամ խիղճը յանցանքով մեղադրուած զգացողներուն մասին, եւ կոչ կ՚ուղղէ անոնց` իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Աստուծոյ մեծութեան, սիրոյն ու գթութեան վրայ եւ ոԲչ թէ իրենց գործած յանցանքներուն վրայ, իսկ այս համարին մէջ, առաքեալը կը խօսի անոնց մասին` որոնց սիրտը կամ խիղճը չի մեղադրեր զիրենք, եւ որոնք կրնան համարձակ կերպով դիմել Աստուծոյ: Եթէ այս բացատրութիւնը յստակ ըլլայ մեր մտքին մէջ, ալ չենք կրնար յոխորտալով ըսել, թէ` ,աղօթքի պահուն Յիսուսի արիւնով մենք համարձակութիւնը ունինք Աստուծոյ գահին մօտենալու, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք որոշ յանցանքներ եւ չխոստովանուած մեղքերե: Առաքեալը, իրենց սիրտը յանցանքով ու մեղքով մեղադրուած չզգացողներուն համար է որ կ՚ըսէ, թէ անոնք կրնան վստահութեամբ եւ համարձակ կերպով դիմել Աստուծոյ, եւ ոԲչ թէ` իրենց սիրտը յանցանքով ու մեղքով մեղադրուած զգացողներուն համար:

դ) 22-րդ համարին մէջ, առաքեալը կը հաստատէ, թէ` ,ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանք, որովհետեւ իր պատուիրանները կը գործադրենք եւ կը կատարենք ինչ որ հաճելի է իրենե: Կարեւոր է նկատի առնել, որ այս խօսքը նախորդ խօսքին շարունակութիւնն ու ամբողջացումն է: Նախորդ համարին մէջ, առաքեալը հաստատեց, որ ,եթէ մեր խիղճը մեզ չի մեղադրեր, համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյե, եւ այն ատեն միայն, ,ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանքե: Տուեալ համարով, առաւել եւս յստակ դարձաւ, որ համարձակ կերպով Աստուծոյ դիմողները անոնք են` որոնց սիրտն ու խիղճը զիրենք չի մեղադրեր յանցանքով: Եւ ճիշդ այս մարդիկն են, որ ինչ որ ալ խնդրեն Աստուծմէ` կը ստանան:
Կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել, որ առաքեալը կը խօսի համարձակութեամբ Աստուծոյ դիմելու մասին եւ ոԲչ թէ համարձա¬կութեամբ Աստուծմէ պահանջելու մասին: Համարձակութեամբ Աստուծոյ դիմելը` ուրիշ բան է, համարձակութեամբ Աստուծմէ պահանջելը` ուրիշ բան: Դարձեալ կարդանք առաքեալին բառերը. ,Համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյ, եւ ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանքե: Առաքեալին բառերը յստակ են. ան կը խօսի համարձակութեամբ Աստուծոյ գահին մօտենալու մասին, բայց չի խօսիր համարձակութեամբ խնդրելու կամ պահանջելու մասին:
Անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ համարձակութեամբ կրնան պահանջել Աստուծմէ, թող ըսեն կամ պատասխանեն ինծի.- Ի՞նչն է այն բանը որ կրնաք համարձակութեամբ պահանջել Աստուծմէ: Մեղքերու ու յանցանքներու քաւութի՞ւն. ասիկա համարձակութեամբ պահանջուելիք բան մը չէ, այլ` արցունքով խնդրուելիք բան մը: Շնորհք ու պարգե՞ւ կրնաք համարձակութեամբ պահանջել: Շնորհքն ու պարգեւը համարձակութեամբ պահանջուելիք բանե՞ր են: Տրամաբանակա՞ն բան է պարգեւ պահանջել անձէ մը, եւ այն ալ` համարձակութեամբ: Աստուծոյ ողորմութի՞ւնը կրնաք համարձակութեամբ պահանջել: Համարձակութեամբ պահանջուած ողորմութիւնը` կը դադրի ողորմութիւն ըլլալէ: Աստուած իր շնորհքն ու ողորմութիւնը կու տայ անոնց` որոնք համարձակութեամբ կը մօտենան ,Աստուծոյ շնորհքի աթոռինե (Եբրայեցիս 4.16), եւ ոԲչ թէ անոնց` որոնք համարձակութեամբ կը պահանջեն Աստուծոյ շնորհքն ու ողորմութիւնը: Փրկութի՞ւն կրնաք պահանջել համարձակութեամբ: Փրկութիւնը Յիսուսի արիւնով շնորհուած պարգեւ մըն է: Ո՞վ կրնայ նման պարգեւ մը համարձակութեամբ պահանջել: ՉկաԲյ բան մը որ կրնաք կամ իրաւունք ունիք համարձակութեամբ պահանջել: Ամէն ինչ ու ամէն բան Աստուծոյ պարգեւն է: Ամէն ինչ ու ամէն բան Աստուծոյ ողորմութեան արտայայտութիւնն է: Իսկ ինչ որ Աստուծոյ պարգեւն է եւ Աստուծոյ ողորմութեան արտայայտութիւնն է` չեԲնք կրնար պահանջել, ոԲչ համարձակութեամբ եւ ոԲչ ալ առանց համարձակութեան, այլ միայն կրնանք խնդրել զանոնք:
Անգամ մը եւս յիշենք առաքեալին բառերը. ,Համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյ, եւ ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանքե:
Սուրբ Գրոց մեկնութեան ծանօթ ոեւէ անձ, գիտէ որ այստեղ խօսքը սովորական, այլ խօսքով` նիւթական կամ երկրային խնդրանքներու մասին չէ, այլ` Աստուծոյ պատուիրանները կարենալ կատարելու խնդրանքին մասին է, Աստուծոյ հաճելի եղածը կատարելու խնդրանքին մասին է: Եւ ասիկա յստակ կը դառնայ, եթէ երբեք նկատի առնենք համարը իր ամբողջութեանը մէջ. ,Եւ ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանք, որովհետեւ իր պատուիրանները կը գործադրենք եւ կը կատարենք ինչ որ հաճելի է իրենե: Իր այս բառերով, Յովհաննէս առաքեալը լռելեայն կերպով կարծէք հետեւեալն է որ ըսել կ՚ուզէ. ,Եթէ երբեք մեր նպատակը Աստուծոյ պատուիրանները գործադրելն է, կրնանք համարձակօրէն դիմել Աստուծոյ եւ խնդրել որ օգնէ մեզի գործադրելու իր պատուիրանները, եւ ան պիտի կատարէ մեր սրտին խնդրանքը: Դարձեալ, եթէ մեր նպատակը Աստուծոյ հաճելին կատարելն է, միայն աԲյն ատեն կրնանք համարձակօրէն դիմել իրեն, վստահ ըլլալով որ պիտի օգնէ մեզի կատարելու իրեն հաճելի եղածըե: Իսկ թէ ի՞նչ է Աստուծոյ հիմնական պատուիրանը եւ ի՞նչ է այն բանը որ հաճելի է իրեն, եւ որ պէտք է կատարենք, յաջորդ համարը կը պարզէ. ,Իր պատուիրանը սա է, որ հաւատանք իր Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի, եւ սիրենք իրար (իրեն համար հաճելին), ինչպէս որ մեզի պատուիրեցե (Ա.Յովհաննէս 3.23): Ուրեմն, խորքին մէջ, Յովհաննէս առաքեալը այստեղ կը խօսի հիմնական այն երկու պատուիրաններուն մասին, որոնց մասին խօսեցաւ Քրիստոս ինք եւս, եւ անոնք են` Աստուածսիրութիւնը եւ մարդասիրութիւնը (Մարկոս 12.28-31):

Եզրակացութիւն:
ա) Անոնք որոնք յանցապարտ կեանք մը կ՚ապրին եւ իրենց կեանքին մէջ մեղքեր ունին, չեն կրնար աղօթքով Աստուծոյ ներկայութեան համարձակութեամբ կանգնիլ:
բ) Աղօթքով Աստուծոյ ներկայութեան համարձակութեամբ կրնան կանգնիլ միայն անոնք` որոնք խոստովանած են իրենց մեղքերը, եւ որոնք Աստուածասէր ու մարդասէր են:
գ) Նոր Կտակարանը համարձակութեամբ Աստուծոյ գահին մօտենալու մասին է որ կը խօսի, եւ ոԲչ թէ համարձակութեամբ Աստուծմէ պահանջելու մասին:

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News