17 October, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՌԻ եւ ԳՈՐԳԱՏ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, Թեմական Խորհուրդի պատուիրակութեան ու հիւրընկալութեան յանձնախումբին՝ այցելեց Իրանի Սառի կոչուող շրջանը:

Քաղաքի մուտքին, համայնքի պատասխանատուները դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը եւ ապա միասնաբար ուղղուեցան համայնքի հաւաքավայրը հանդիսացող դահլիճը: Այնտեղ, հերթաբար խօսք առին գաղութի պատասխանատու մարմինի ատենապետն ու Առաջնորդ Սրբազանը: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց Սառիի փոքրաթիւ գաղութի կապուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ու հայկական արժէքներուն: Ան յորդորեց ամրօրէն կառչած մնալու հայկականութեան եւ անոր անդաստանէն ներս գտնուող բոլոր արժէքներուն: Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն դիմաց, այսօր ինքնութեան ու մանաւանդ ազգային ինքնութեան պահպանումը կեանքի ամենադժուար գործերէն մէկն է: Սակայն, հակառակ այս բոլորին ես հոգեպէս հպարտ կը զգամ, երբ կը տեսնեմ նման փոքրաթիւ գաղութ մը կրցած է իր ինքնութիւնը պահել: Նոյն նախանձախնդիր ոգիով պէտք է մօտենան Սփիւռքի մէջ գտնուող մեր բոլոր գաղութները»: Վեհափառ Հայրապետը, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը եւ թեմի պատուիրակութիւնը, Սառիի համայնքին ճաշի հիւրերը եղան:

Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Կորկան քաղաքը, ուր անգամ մը եւս քաղաքի մուտքին դիմաւորուեցաւ համայնքի պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք նոյն երեկոյեան պաշտօնական ճաշկերոյթով պատուեցին Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերացող հոգեւոր ու աշխարհական հիւրերը:

Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Գորգատ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան: Պատարագի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ աստուածային սիրոյ մասին, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց անոր հրամայականը ներկայ ժամանակներուն մէջ ապրող իւրաքանչիւր հաւատացեալի առօրեայ կեանքէն ներս: Ապա, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող կարեւոր շրջադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ այդ ուղղութեամբ իւրաքանչիւր գաղութի, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու նախաձեռնելիք աշխատանքներուն եւ պատասխանատուութիւններուն:

Պատարագէն անմիջապէս ետք, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եկեղեցւոյ սրահէն ներս, շրջանի եկեղեցադպրոցական հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ:

More News