1 October, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՔԻՆԻՈՅ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Աթէնքի հայահոծ Քոքինիոյ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Աբղ. Սաղտճեանի եւ քահանայ հայրերուն՝ Արժ. Տ. Հրայր Ա. Քհնյ Նիկոլեանի եւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ Շահինեանի կողմէ: Ներկայ էին Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանի աշակերտները եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք եկած էին լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը: Կանոնական աղօթքէն ետք, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ փոխանցելու իր պատգամը:

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ծառայութեան վրայ, մեջբերելով Քրիստոսի այն խօսքը, թէ ինք չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու: Եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը ծառայութիւնն է եւ այդ ծառայութիւնը ժողովուրդին տանողը եկեղեցականն է: Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ընդգծեց հայ հոգեւորականին ծառայութիւնը, որ պէտք չէ սահմանափակուի սոսկ կրօնական ծիրէն ներս, այլ պէտք է ընդգրկէ մեր ժողովուրդը, այլ խօսքով՝ պայման է, որ հոգեւորականին ծառայութիւնը ըլլայ կրօնական ու ազգային, որովհետեւ մեր եկեղեցին նաեւ ազգային ու կրօնական դիմագիծ ունի, յիշեցուց Վեհափառ Հայրապետը:

Ապա, խօսք առաւ շրջանի մետրոպոլիտին ներկայացուցիչը, որ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը: Ան անդրադաձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ու յոյն ժողովուրդներու արդար դատին ու պայքարին:

Խօսքերու փոխանակումէն ետք, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ Աթէնքի մէջ գործող զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ, ներդաշնակ գործունէութեան անհրաժեշտութեան վրայ՝ զանազան գաղութներէ ներս: Ան ըսաւ, ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր մարմին իր մօտեցումը ունի, գործելու իր իւրայատուկ ձեւերը ունի, գործունէութեան յատուկ դաշտը ունի, սակայն մեր բոլորին նպատակը նոյնն է: Իսկ այս բոլորը իրար զօդողը համագործակցութիւնն է, որպէսզի կառոյցներուն աշխատանքը ըլլայ արդիւնաշատ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, ճաշի հիւրը եղաւ Երուսաղէմի Տաճարի Պաշտպանութեան Ասպետներու քրիստոնէական բարեգործական միջազգային կազմակերպութեան, որուն Յունաստանի ատենապետն է Տիար Պօղոս Չոլաքեան: Ճաշի ընթացքին խօսք առին ներկայ մետրոպոլիտները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նաեւ յուշանուէր մը յանձնեց Նորին Սրբութեան: Վերջապէս, խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ գնահատեց այս միջազգային կազմակերպութեան եկեղեցանուէր բարեգործական գործունէութիւնը:

More News