12 Սեպտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՐՊԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ԽՕՍՆԱԿ ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱՅԻՆ ՊԱՐԶԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբեր, 2014-ի կէսօրին, Ուաշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Միջին Արեւելքի Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ Տան մէջ, շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ: Հանդիպումին ներկայ էին, նախագահի ապահովական հարցերու խորհրդականը, ինչպէս նաեւ այլ խորհրդականներ:

 

            Պատրիարքներուն առաջարկով, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առնելով, նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, 13 տարիներ առաջ, 11 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն, եւ ապա յիշեց, թէ ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւերով ու արտայայտութիւններով կը շարունակուի աշխարհի զանազան շրջաններէն ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ շրջանէն ներս հետզհետէ ծաւալ ստացող ահաբեկչական շարժումը, միայն վտանգ մը չէ քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ իսլամութեան եւ համայն աշխարհին համար: Հետեւաբար, այս համամարդկային չարիքը պէտք է դիմագրաւել հաւաքական ճիգերով: Այս ծիրէն ներս, արաբ ու իսլամ պետութիւններու մասնակցութիւնը կենսական է, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:

 

            Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան ըսելով, թէ քրիստոնեաները եկւոր չեն, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ չեն, այլ անոնք իրենց արմատները Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ ունին: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց, օր մը առաջ նախագահ Օպամային արտասանած խօսքը եւ Ա.Մ. Նահանգներու յանձնառութիւնը, միացեալ ճիգերով կասեցնելու ահաբեկչական շարժումները:

 

            Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքէն ետք, պատրիարքները յաջորդաբար հակիրճ կերպով իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Իրաքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու կացութեան մասին: Ապա, Րաի Պատրիարքը, նախապէս հոգեւոր պետերուն կողմէ պատրաստուած նամակը, փոխանցեց նախագահ Օպամային:

 

            Նախագահ Օպամա իր կարգին խօսք առնելով, լայն կերպով անդրադարձաւ իր պատգամին մէջ յիշուած կէտերուն, շեշտելով թէ խղճի ազատութիւնը ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն Ա.Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան համար կը մնայ առաջնահերթութիւն: 

More News