25 July, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ Ն.Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի նորակերտ Վեհարանին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու Պատրիարքին միջեւ:

Հանդիպման ներկայ էին Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, լուսարարապետ Մայր Տաճարի եւ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, Դպրեվանքի տեսուչ: Իսկ ասորի եկեղեցւոյ կողմէ, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը եւ պատրիարքին գաւազանակիրը:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական միջազգային համագումարները, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ունեցած աստուածաբանական երկխօսութիւններու առնչուած կարգ մը հարցեր: Բնականաբար, հայ եւ ասորի եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը աւելի ամրապնդող առիթ մը եղաւ յիշեալ հանդիպումը:

More News