23 July, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Քանի մը օրեր առաջ Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Առաջնորդ Սրբազանը մանրամասնօրէն զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի, Ճէզիրէի, Լաթաքիոյ ու Քէսապի մէջ կայք հաստատած հայորդիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Ան նաեւ տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն եւ Սուրիոյ Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն մասին:

Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց պատասխանատու մարմիններուն կատարած աշխատանքները, մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ անոր կարիքներուն օգտակար ըլլալու իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը:

Յայտնենք, որ առաջնորդ Սրբազանը այսօր, Չորեքշաբթի, 23 Յուլիս 2014-ին, Մայրավանքէն մեկնեցաւ Թարթուս, քահանայ հայրերու ու ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, յաջորդաբար այցելելու Լաթաքիա, Քէսապ եւ այլ շրջաններ: Յառաջիկայ Կիրակի, 27 Յուլիս 2014-ին, Շահան Սրբազան պիտի կատարէ Գարատուրանի (Քէսապ) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին վերաօծումը, ուր Վարդավառի տօնին առթիւ Ս. եւ անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի:

Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, Սրբազան Հայրը հաւատացեալ մեր ժողովուրդին պիտի փոխանցէ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւններն ու անվերապահ զօրակցութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը մօտէն տեղեակ պիտի դառնայ տեղափոխուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն, որպէսզի համապատասխան անհրաժեշտ միջոցներն ու օժանդակութիւնները տնօրինուին:

More News