5 Հունիսի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՏԱՀՈԳ ՀԱԼԷՊԷՆ ՆԵՐՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ, ԿԱՊ ԿԸ ՊԱՀԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Այսօր, Վատիկանի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.  Տ.  Շահան Արք. Սարգիսեան Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց վերջին երկու օրերուն Հալէպի, մասնաւորաբար Նոր Գիւղի շրջանի հայահոծ թաղամասերէն ներս կատարուած սարսափելի ռմբակոծումներու մասին:

 

Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս հեռաձայնային կապեր հաստատեց Սուրիոյ պետական բարձր աստիճան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ օտար միջնորդութիւններու ճամբով ընդդիմադիր շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի կարելի բոլոր միջոցներով առաջքը առնուին դէպի հայահոծ շրջաններ կատարուող ռմբակոծումներուն: Յայտնենք որ ահաւոր ռմբակոծումներուն հետեւանքով հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ, համայնքային հաստատութիւններ, մեծ թիւով բնակարաններ ու թաղամասեր ենթարկուած են լուրջ վնասներու, կան զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

 

Այս օրերուն, ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդը, Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան: Վաղը առաւօտ, Վեհափառը հանդիսաւոր հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի Ֆրանսիս Պապին հետ եւ բնականաբար, յատուկ կերպով պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքին, մասնաւորաբար Սուրիոյ տագնապին ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, եւ այս ուղղութեամբ պիտի խնդրէ նաեւ Պապին միջամտութիւնը:

More News