24 Մայիսի, 2014

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒՖԹԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 24 Մայիս 2014-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան Մուֆթի Դոկտ. Մոհամմէտ Ռաշիտ Քապպանիի։ Մուֆթիին կþընկերանային իրեն օգնական կրօնաւորներ։

Վեհափառ Հայրապետին եւ Հանրապետութեան Մուֆթիին հանդիպումը անցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Արծարծուեցան շարք մը հարցեր՝ առնչուած Լիբանանի այժմու կացութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու համակեցութեան։ Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ Հանրապետութեան Մուֆթին յատուկ կերպով ընդգծեցին քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը շուտով կայացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք նաեւ անդրադարձան ընդհանրապէս կրօններու երկխօսութեան ու մասնաւորաբար քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան, միասնաբար դիմագրաւելու ներկայ աշխարհին տագնապները։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը եւ Հանրապետութեան Մուֆթին վերջերս ներկայ գտնուեցան Պահրէյնի միջազգային միջ-կրօնական համագումարին, ուր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր որպէս գլխաւոր դասախօս։

More News