8 May, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ

Երէկ գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Պահրէյնի լիբանանեան դեսպանատունը:

 

Հանդիպումէն յետոյ դեսպանը պաշտoնական ընդունելութիւն մը տուաւ, որուն ներկայ եղան նաեւ լիբանանեան այլ համայնքներու պատկանող հոգեւորական եւ աշխարհական անձնաւորութիւններ:

 

Յայտնենք, որ Պահրէյնի միջազգային համագումարը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ: Նաեւ յայտնենք, որ ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, Վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ. այսպէս՝ հնդիկ-Մալապար եկեղեցւոյ Կաթողիկոսին, Անտիոքի յոյն ուղղափառ Պատրիարքին, Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիին, Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:

 

Համագումարի վերջին նիստին, այլ մասնակիցներու շարքին, Վեհափառ Հայրապետին անունով խoսք առաւ Սեպուհ Սրբազան, գնահատելով Պահրէյնի պետութիւնը այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար:

More News