7 Մայիսի, 2014

‘‘ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱԾԵԼ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ’’ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անկախ իր տուած դասախoսութենէն, Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հրաւիրուեցաւ խoսք առնելու Պահրէյնի մէջ այս oրերուն տեղի ունեցող միջազգային միջ-կրoնական համագումարին, նախագահութեամբ Պահրէյնի թագաւորին:

 

Վեհափառ Հայրապետը շեշտելէ յետոյ երկխoսութեան հրամայականը ներկայ աշխարհին մէջ, կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

 

ա) Երկխoսութիւնը պէտք է մտաւորական աշխարհէն փոխադրել ամէնoրեայ կեանքին: Կ’ապրինք բազմակրoն ու բազմամշակութային ընկերութեան մէջ: Չենք կրնար կղզիացած մնալ. անհրաժեշտ է միասին ըլլալ, միասին մտածել ու գործել՝ պահելով մեր իւրայատուկ արժէքները, մեր ինքնութիւնը:

բ) Անհրաժեշտ է երկխoսութիւնը վերածել գործակցութեան: Ներկայ աշխարհին մէջ ընդհանրական մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք: Արդ, հարկ է մտածել ազդու միջոցներու դիմելու մասին, լուծումներ որոնելու մեզ շրջապատող հարցերուն:

 գ) Երկխoսութիւնը պէտք է վերածել մտածելակերպի ու գործելակերպի մնայուն ընթացքի զարգացնելով երկխoսութեան մշակոյթ մը:

 

Համագումարին կը մասնակցին երեք հարիւր հոգի, զանազան կրoններէ ու երկիրներէ:

More News