14 Ապրիլի, 2014

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Կիրակի 13 Ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի օրը՝ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի Մայրավանքը: Տօնական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մանուկներու թափօրը ծայր առաւ Մայր Տաճարէն ու Կաթողիկոսարանի հիւսիսային դարպասէն դուրս, ամբողջ Մայրավանքի շրջանը ըրաւ, ու մայր դարպասէն ներս մտաւ, ցնծագին ուրախութեամբ լեցնելով մանուկներու սրտերը:

Ս. պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ներկայ բազմահազար ժողովուրդը ծափողջոյններով դիմաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ Վեհարանի պատշգամէն երեւելով, իր հայրապետական պատգամը ուղղեց մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ծնողները, որոնք հայու վայել գիտակցութեամբ, եկեղեցւոյ տօներուն մասնակից կը դարձնեն իրենց զաւակները, Աստուծոյ շունչով ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ մեծցնելով զանոնք: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը հազիւ աւարտած, հազարաւոր հայ մանուկներ մեծ ցնծութեամբ դիտեցին աղաւնիներն ու գոյնզգոյն փուչիկները, որոնք Մայրավանքի շրջափակէն դէպի երկինք բարձրացան:
Պատգամէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ Հայրապետը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց, տօնական ուրախութ-եամբ լեցնելով անոնց սրտերը։

Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի խորհրդալից արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Քարոզեց Պատարագիչ Սրբազանը, Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան պատգամը փոխանցելով ներկայ հաւատացեալներուն։

More News