11 April, 2014

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Անթիլիաս, Չորեքշաբթի 9 Ապրիլ 2014

Չորեքշաբթի 9 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչեները, Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամները, Թեմակալ Առաջնորդները եւ հրաւիրեալ մասնակիցներ գումարեցին 100-ամեակի ծրագիրները համադրող համագումար մը։

Համագումարը լսեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, ծանօթացաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն ու քննարկեց Կիլիկեան թեմերու 100-ամեակի յանձնախումբերու զեկոյցները։

Համագումարը որոշեց հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքները հունաւորել Վեհափառ Հայրապետին կողմէ որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ ճշդուած նշանաբանով՝ Յիշել, Յիշեցնել ու Պահանջել։ Արձանագրելով հանդերձ որ տարբեր վարչաձեւերու ու քաղաքական յարափոփոխ պայմաններու տակ գործող թեմերու ազգային մարմիններն ու 100-ամեակի յանձնախումբերը բնականաբար տարբեր տարողութեամբ միջոցառումներ կրնան իրականացնել, համագումարը հաստատեց, սակայն, որ անոնք պէտք է պահպանեն նոյն ուղղուածութիւնը եւ նոյն նպատակները։

 

Որդեգրելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամով առաջադրուած սկզբունքները, համագումարը կը հաստատէ հետեւեալները.-

1) Միասնականութիւնը պէտք է դառնայ մղիչ ուժը մեր մտածումներուն, նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն։

2) 100-ամեակը պէտք է նշուի համահայկական տարողութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւատէրն է հայ դատին, իսկ սփիւռքահայութիւնը՝ գլխաւոր զոհը հայրենազրկումին։ Մէկ հայրենիք, մէկ հայութիւն եւ մէկ պահանջատիրութիւն նշանաբանին տակ, հայութեան բոլոր հատուածները գործնապէս պէտք է մասնակցին 100-ամեակին։

3) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հասկնալի պատճառներով շեշտաւորումի տարբերութիւնը պէտք չէ առաջնորդէ խաչաձեւումներու։

4) 100-ամեակի գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ պահանջատիրութիւնը, անցում կատարելով ճանաչումէն դէպի հատուցում։

5) Նախաձեռնուած աշխատանքները պէտք է ունենան գործնական բնոյթ ու հիմնուած ըլլան միջազգային իրաւունքին, ցեղասպանութեան ոճիրի անժամանցելիութեան, մարդու ու ազգերու իրաւունքներու համաշխարհային սկզբունքներուն վրայ։

6) 100-ամեակի աշխատանքները պէտք է թիրախ ունենան ցեղասպան թրքական պետութիւնը եւ ուղղուած ըլլան միջազգային համայնքին։

7) Պահանջատիրական աշխատանքները պէտք է փոխադրենք Թուրքիա՝ բացուելով թուրք մտաւորականութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան, քրտական շրջանակներուն, հայութեան մնացորդացին ու իսլամացուած հայերուն ուղղութեամբ։

8) Շեշտը պէտք է դնենք հայ ժողովուրդի հայրենազրկումի իրողութեան վրայ, միաժամանակ կատարելով եկեղեցապատկան, ազգապատկան ու անհատական կալուածներու ցանկագրումը։

9) Դուրս գալով լոկ հայութեան հասցէագրուած աշխատանքներու ոճէն, մեր նախաձեռնութիւնները պէտք է ուղղենք մեր ապրած երկիրներու անմիջական շրջապատին ու միջազգային համայնքին։ Այս նպատակով, հարկ է ազդու կերպով օգտագործել տեղեկատուական ու հաղորդակցական արդի միջոցները։

10) 100-ամեակը վերածել մեկնակէտի մը՝ պահանջատիրութեան աւելի նպատակաուղղուած ու ազդու պայքարի ծաւալման համար։

11) Կոչ ընել հայ ազգային կառոյցներուն, ունեւոր ազգայիններուն ու առհասարակ հայ հասարակութեան՝ հայթայթելու նիւթական անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ իրագործել 100-ամեակով սկսող լայնածաւալ աշխատանքները:

More News