8 April, 2014

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

Նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ամբողջական յանձնառութեամբ զօրավիգ կը կանգնի Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան միջազգային թէ’ համազգային բոլոր ճիգերուն, որոնք կը միտին արդարութիւն հատուցել մեր ժողովուրդին եւ կանխարգիլել մարդկային ընկերութեան մէջ այլ ցեղասպանութիւններ:

  

          Իր ժողովուրդին հետ տեղահանուած ու աքսորական մեր Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը մէկ ծիլն է այն հազարաւոր հոգեւորականներուն, որոնք, Ա. Համաշխարհային պատերազմի քօղին տակ, Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան ընթացքին, թրքական բարբարոսութեան ամէնէն դաժան միջոցներով կոտորուեցան Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններուն մէջ:

 

            Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, մեր միաբանութիւնը Նախախնամողին հրաշագործութեամբ, ամէնէն դժուարին պայմաններուն տակ, տէր կանգնեցաւ իր վտարանդի ժողովուրդին եւ մեր հայրերու սրբազան ժառանգին:

 

Արդարեւ, մեր միաբանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետներուն առաջնորդութեամբ, անցնող 99 տարիներու ընթացքին սփիւռքեան դաժան պայմաններուն մէջ, եղաւ իր տարագիր եւ իրաւազրկուած ժողովուրդի զաւակներուն հետ, վերակազմակերպելով սփիւռքահայութեան հոգեւոր, կրօնական, կրթական ու մշակութային բազմերես կեանքը, ըլլալով անոնց համար կենդանի յոյսի փարոս եւ զանոնք առաջնորդելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման ու հայրենիքի վերանկախութեան սրբազան նպատակին:

 

Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, կը վերանորոգէ իր ծառայական ուխտը եւ կ’առաջադրէ.-

 

ա- Կազմաւորել հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեամբ գիտակից նոր սերունդ, որ քաջածանօթ է իր պատմութեան եւ հետամուտ իր արդար դատին:

 

բ- Որոնել եւ օգտագործել այն բոլոր միջոցները, որպէսզի ամբողջանայ հայկական պահանջատիրութեան թղթածրարը, եւ իրաւական փաստարկումներով հետապնդուի մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքը:

 

գ- Ցոյց տալ աշխարհին, որ Թուրքիոյ ձեռքով, մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած է նաեւ մշակութային եղեռն, փճացման եւ ոչնչացման ենթարկուած է հայկական հարուստ ու դարաւոր քաղաքակրթութիւնը, որուն հետեւանքով նաեւ տուժած եւ աղքատացած է ողջ մարդկային քաղաքակրթութիւնը:

 

դ- Ի մի հաւաքել հայկական Կիլիկիայէն փրկուած գանձերը եւ զանոնք ապահով կերպով պահպանել ու ցուցադրել Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:

 

ե- Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին՝ Ապրիլի 24-ին, հռչակել մեր նահատակներուն սրբադասումը:

 

զ- Վերանորոգ յանձնառութեամբ մեր ազգի հաւաքական յիշողութեան մնայուն առանցքը դարձնել մեր արդար իրաւունքներու հետապնդումը:

 

Ուստի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ իր ուխտը կը վերահաստատէ՝ շարունակելու իր ամբողջանուէր ծառայութիւնը, ի փառս Աստուծոյ, ի սպասաւորութիւն մեր ժողովուրդին եւ ի պայծառութիւն մայրենի սուրբ եկեղեցիին:

 

                          ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

                                      ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

More News