7 April, 2014

«ՇԷՆՔԸ ՄԻՋՈՑ Է ՍՈՍԿ. ՄԵՐ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԾԱՌԱԱՅՈՒԹԻՒՆ Է» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները ու բարերարները, որոնք եկած էին Պիքֆայա, Շաբաթ 5 Ապրիլին ներկայ գտնուելու Միաբանութեան նոր Շէնքին բացման արարողութեան։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Շէնքը որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ արժէք չէ ինքիր մէջ. արժէք կը դառնայ ան երբ նպատակի մը ի խնդիր՝ աղօթքով ու հաւատքով յոյսով ու տեսիլքով շնչաւորուի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանները ի՜նչ տագնապալից օրեր ապրեցան անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին. ջարդ, աքսոր, գաղթականութիւն և աղքատութիւն իրար յաջորդեցին. իսկ Անթիլիասի մէջ նիւթական ահաւոր դժուարութիւնները, մեր գաղութներուն դիմագրաւած բազմազան կարիքները մղեցին որ մեր միաբանները ապրին արօրեայ կեանքին ամենախեղճ պայմաններուն մէջ: Ես կը յիշեմ տակաւին միքանի տասնամեակներ առաջ երեք-չորս միաբաններ կը պառկէին նոյն սենեակին մէջ։ Սակայն մեր միաբանները երբեք չի դժգոհեցան ընդհակարակը անոնք աւելի նուիրումով ծառայեցին մեր ժողովուրդին, որովհետեւ մեր կոչումը ծառայել էր»:

Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Ճշմարիտ բարերար է այդ անձը որ կու տայ առանց հաշիւի, առանց ակնկալութեան, առանց փառքի ու պատիւի մարմաջի. կու տայ նուիրական նպատակի մը, մասնակից դառնալով եկեղեցւոյ ու ազգին առաւել պայծառութեան ու հզօրութեան հաւաքական առաքելութեան: Այսպիսի բարերար են Տէր և Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան ամոլը։ Ո ́վ չի ճանչնար մեր եկեղեցւոյ ու ազգին իրենց նուիրական ծառայութիւնը ու անսակարկ բարերարութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ Ղարաբաղ, Լիբանանէն մինչեւ Քեսապ, Քուէթէն մինչեւ Արաբական Էմիրութիւններ, կատարած այս զոյգը։ Անմիջապէս որ Պրն. Հրայրին և Տիկին Մակիին դիմեցի որ ստանձնեն Միաբանութեան Շէնքին այս մեծածախս բարերարութիւնը, անոնք սիրով ընդառաջեցին։ Ահա ճշմարիտ բարերարի տիպար օրինակ մը»:

Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Տէր և Տիկին Հրայր և Մակի Սողոմոնեանի:

Միաբանական նոր շէնքին բացման արարողութենէն յետոյ Դպրեվանքի սաները իրենց հոգեւոր ու ազգային երգերով ծաղկեցուցին մթնոլորտը Պիքֆայայի բարձրունքին: Նոյն օրը կէսօրին Վեհափառ Հայրապետը և միաբան հայրերը ճաշեցին Դպրեվանքին մէջ ներկայութեամբ Տէր և Տիկին Հրայր և Մակի Սողոմոնեանի:

More News