3 Ապրիլի, 2014

ՄԱԿԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի 2 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գաղթականններու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Դոկտ. Վալէրի Ամոսը, ընկերակցութեամբ իր անմիջական օգնականներուն։ Դոկտ. Ամոս միօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Լիբանան մօտէն զբաղելու Լիբանան հաստատուած շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներուն առնչուած հարցերով։ 

Վեհափառ Հայրապետը նախ իր գնահատանքը յայտնեց Դոկտ. Ամոսին, ՄԱԿի Ապահովական Խորհուրդին ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ Քէսապի հարցը արծարծելուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ գաղթականներուն գծով իր կատարած աշխատանքներուն համար։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով անոր ուշադրութեան յանձնեց Քէսապի պարագան, եւ մասնաւորաբար Լաթաքիա հաստատուած Քէսապցի հայ գաղթականներուն հարցը։ Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ Սուրիոյ կացութեան բերումով նաեւ այլ հայ գաղթականներ կան, որոնք ապաստանած են թէ Սուրիոյ յարաբերաբար խաղաղ շրջաններուն եւ թէ Լիբանանի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ գաղթականներուն անմիջական օժանդակութիւն կատարելու հրամայականը։ Բնականաբար Վեհափառ Հայրապետը իր տրամադրութեան տակ գտնուող յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Դոկտ. Վալէրի Ամոսին։ Այս վերջինը խոստացաւ իր կարելին ընել օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ հայ գաղթականներուն:

 

More News