«Ողջոյն քեզ, Սուրբ Եկեղեցի։ Ողջոյն քեզ, հոգեւորականաց դաս։ Ես կը մեկնիմ իմ Ստեղծիչիս մօտ։ Ահա կը բաժնուիմ ձեզմէ, սիրելի եղբայրներ եւ կը միանամ մեզ վերանորոգողին՝ Քրիստոսի, մեր Աստուծոյ»։
Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր գանձարանէն քաղուած բառեր են ասոնք, որոնք՝ իբրեւ հրաժեշտի արտայայտութիւն՝ կը հնչեն եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ, երբ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայող հոգեւոր սպասաւորի մը վերջին օծման արարողութիւնը կը կատարուի։
Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ի վաղ առաւօտուն, իր մատղաշ տարիքին մէջ ի Տէր հանգաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին հաւատարիմ զաւակ եւ շատերու բարեկամ ու սիրելի Տ. ԱՆԱՆԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ զոհը դառնալով անողորմ ոճիրի մը։
Արդարեւ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, հայկական աւան Այնճարի (Լիբանան) Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման, կատարուեցաւ հոգելոյս հայր սուրբին վերջին օծման արարողութիւնը, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, թեմի քահանայից դասու ու դպրեվանեցիներու եւ ներկայութեամբ հիւր հոգեւորականներու ու բազմաթիւ հաւատացեալներու։ Միաբան հայրեր, իրենց վաղամեռիկ ուխտակից եղբօր դագաղը շրջապատած՝ առ Աստուած կը բարձրացնէին իրենց աղօթքները՝ Աւետարանի ու սաղմոսի ընթերցմամբ։ Հասաւ այն պահը, երբ անոնք ուսամբարձ Սուրբ Խորան բերին հոգելոյս հայրը սուրբը, որպէսզի ստանար իր վերջին օծումը։
Օծման արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի իր քարոզը կեդրոնացուց Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքերուն վրայ. «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք‚ բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք‚ բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են‚ բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած` բայց խորտակուած չենք» (Բ. Կր 4.8-9)։ Առաքեալին այս խօսքերը վեր առնելով՝ ան թելադրեց աղօթել, որպէսզի մեր սիրտը չպարպուի Աստուծոյ զգացումէն։ Քարոզիչ սրբազանը իր դամբանական խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Երբ հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, մեր հաւատքը մեզի կը յուշէ, թէ կան ցաւեր, որոնք կը բուժուին դեղերով, բայց նաեւ կան ցաւեր, որոնք միայն կրնան բուժուիլ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքով։ Ուստի, մեր սուգին ու տրտմութեան մէջ, պէտք է խրատուինք եւ անդրադառնանք, թէ միայն աղօթքի զօրութեան հաւատացողները կրնան հրաշք յուսալ»։
Խօսելով հոգելոյս Հայր Անանիային մասին՝ Շահէ արքեպիսկոպոս նշենց. «Այսօր հողին կը յանձնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երիտասարդ ու ընտիր ուժերէն մէկը։ Ան, փոքր հասակէն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքեան դաստիարակութեան շնորհիւ, քաղած էր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորութեան խորհուրդը, որ ի վերջոյ զինք պիտի առաջնորդէր խոնարհ հոգիով վերցնելու ծառայութեան լուծը։ Իբրեւ հոգեւորական մարդ ու վարչական աշխատանքներու պատասխանատու, առատաշնորհ մշակ էր ողբացեալը։ Արդարեւ, թէեւ շատ կարճ եղան հայր սուրբին ծառայութեան տարիները, սակայն իբրեւ ջերմութիւն ու խրախոյս փոխանցող խանդավառ քարոզիչ, Իրանէն մինչեւ Լիբանան, ան գործեց եռանդով ու իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ զետեղեց նուիրում, խանդ ու եռանդ եւ ամէն տեղ արժանացաւ մեր ժողովուրդի սիրոյն ու գնահատանքին։ Վարձքդ կատար, սիրելի՛ հայր սուրբ», եզրափակեց իր դամբանական խօսքը սրբազան հայրը։
«Ողջոյն»ի պահուն, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հոգեւոր հայրեր Սուրբ Խորան բարձրանալով՝ հրաժեշտի վերջին համբոյրը տուին իրենց հոգեւոր եղբօր։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հանգուցեալ Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետին մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ թաղման գերեզմանի կարգի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ պետական, կուսակցական ու միութենական բարձրաստիճան պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու։ Շարականներու, աւետարանական ու առաքելական նամակներու ընթերցանութեամբ՝ Հայրապետը կատարեց հողի օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։
Աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ցաւակցութիւններ։