Օրհնութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 09։30-ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի վերջին օծման արարողութիւնը։
Ապա, տեղւոյն վրայ ցաւակցութիւններ ընդունելէ ետք, մարմինը պիտի փոխադրուի Անթիլիասի Մայրավանք, ուր, կէսօրէ ետք ժամը 02։30-ին, պիտի կատարուի Գերեզմանի Կարգը եւ հայր սուրբին մարմինը պիտի ամփոփուի «Զարեհեան» միաբանական յուշարձան-դամբարանին մէջ։
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ