ՀԱՆԳԻՍՏ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան երիտա- սարդ անդամներէն՝
Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆի
(1982-2025)
վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ի վաղ առաւօտեան, Պէյրութի (Լիբանան) մէջ։
Վերջին օծման ու թաղման կարգի մանրամասնութիւնները աւելի ուշ կը փոխանցենք։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ