ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մասնակցեցաւ Շարժայի (Ա.Մ.Է.) անկլիգան Սուրբ Մարթըն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ծոցի Եկեղեցիներու Խորուհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովին, 20-22 Յունուար 2025-ին։

Նշենք, որ Խորհուրդին հիմնական գործունէութիւնը կը կեդրոնանայ ծոցի տարածաշրջանին մէջ գործող քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց զարգացման ու համերաշխ փոխ յարաբերութեանց վրայ:

Վերոյիշեալ ընդհանուր ժողովին օրակարգի հիմնական նիւթերը եղան Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700 ամեակը եւ ընդհանրապէս եկեղեցիներուն ու քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւուած մարտահրաւէրները տարածաշրջանէն ներս: Այս առիթով Խորհուրդը քննարկեց յառաջիկայ շրջանին իր կատարելիք աշխատանքները եւ ընդգծեց ծոցի շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ու ծաւալելու կարեւորութիւնը։

Յայտնենք, որ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ է եւ եղած է Խորհուրդին ատենապետը։