14 Մարտի, 2014

ՇՈՒՐՋ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵՑՆԵՐ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԴԱՐՁԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր ժողովուրդին կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ երեւոյթի, Հայ ժողովուրդի զաւակները հրաւիրելով ամբողջ տարուան ընթացքին խորհրդածելու այդ մասին եւ գործնական քայլերու դիմելու այդ ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի»։

Ուրբաթ 14 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 100 տարեցներ՝ մամիկներ ու պապիկներ այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքը եւ ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին։ Անոնք նախ ներկայ գտնուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի մէջ կատարուող Արեւագալի ժամերգութեան եւ ապա Վեհարանի մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց զիրենք: Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց տարեցներուն ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս եւ խօսեցաւ անոնց կարեւոր տեղին ու դերին մասին։ Վեհափառ ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն յետոյ մենք տեսանք լուռ տառապանքը ջարդ ու աքսոր ապրած մեր հայրերուն ու մայրերուն: Մենք երբե՛ք պէտք չէ մոռնանք մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն ապրած տառապալից կեանքը: Տարեց սերունդը իր խոր հաւատքով, ամուր կամքով, չարքաշ աշխատանքով ու վառ տեսիլքով կերտեց մեր ժողովուրդի վերածնունդը: Այսօր ի՛նչ որ ենք, ինչ որ ունինք, կը պարտինք հին սերունդին: Պատի՛ւ ու յարգա~նք մեր հին սերունդին: 

Մայրավանք իրենց այցելութեան ընթացքին տարէցները նաեւ առիթ ունեցան շրջագայելու եւ ծանօթանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրօնական, մշակութային եւ ազգային հարստութիւններուն ու արժէքներուն, որոնք կը գտնուին Մայրավանքի Մատենադարանին եւ Թանգարանին մէջ: Անոնք նաեւ մօտէն տեղեակ դարձան Կաթողիկոսութեան առաքելութեան՝ զանազան բաժանմունքներուն գործունէութեան ճամբով: Տարեցները Մայրավանք իրենց այցելութիւնը աւարտեցին դառնալով Վեհափառ հօր ճաշի հիւրը:

More News