ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ (2025) — ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

2025 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհ­նութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժո­ղո­վուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’ողջունենք յատկապէս մեր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանները, Ազգային իշխանութիւնները, հայ կեան­քէն ներս գործող կազմակերպութիւնները ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, ընկե­րային ու մարզական կառոյցները, եւ բոլորին կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով հարուստ տարի մը։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր Որդւոյն մարդեղութեամբ ու յայտնութեամբ բաց­ուող Նոր Տարին մեր ժողովուրդին համար դառնայ երկնային բա­րիքներով ու շնորհքներով լեցուն տարի մը։

*
*  *

2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի հայ կեանքին առնչուած ար­ժէքի մը, մտահոգութեան կամ դէպքի մը նուիրելու եւ զայն լուսար­ձակի տակ բերելու Մեր սկսած աւանդութիւնը շարունակելով, ինչ­պէս գիտէք, վերջին երեք տարիները յատկացուցինք Սփիւռքին: Շեշ­տեցինք Սփիւռքի վե­րակազմակերպման ու վերակենսաւորման ան­յե­տաձգելի հրամայա­կանը: Յատուկ կերպով անդրադարձանք ինք­նու­թեան, կառոյցներու վերանորոգման, մարդուժի պատրաստու­թեան, համազգային արժէքներու ու իտ­էալ­­ներու շուրջ համախմբման, քրիս­տոնէական ու հայեցի դաստիա­րա­կութեան վերաշեշտաւորման, երի­տասարդու­թիւնը գործի մղելու անհրաժեշտութեան, ճարտարագի­տու­­թեան ճիշդ օգտագործման, կրթական կեանքի վերակազմակերպ­ման, հայ ըն­տա­նիքի վերականգնման, Հայաստան-Սփիւռք յարաբե­րու­թեան նոր որակ տալու կարեւորութեան, եւ այլ համասփիւռքեան եւ համա­հայ­կական այժմէական խնդիրներու:

Գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել որ Հայրապետական Հըռ­չա­կագիրներու թելադրութեան ու գծած ուղիին հետեւելով, մեր հա­մայնք­ները, մամուլը ինչպէս նաեւ մտաւորականներ ու կառոյցներ  լայնօրէն արձագանգեցին. յօդուածներ գրուեցան, դասախօսութիւն­ներ տրուեցան եւ հրապարակային բանավէճեր տեղի ունեցան յիշեալ հարցերուն շուրջ: Այլ խօսքով՝ մեր գաղութները սկսան ինքնաքննու­թեան ու ինքնարժեւորման լուրջ փորձեր կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակազմակերպման համապատասխան ծրագիրներ մշակել: Վերջին քանի մը տարիներուն, թեմերուն տուած Մեր հովուապետա­կան այցելութիւններուն ընթացքին առաջնահերթ տեղ յատկացուցինք Սփիւռքի վերակազմակերպման: Հոգեւոր դասուն, Ազգ. իշխանու­թիւն­­­նե­րուն, քոյր կազմակերպութիւններուն ու երիտասարդութեան հետ ունեցած Մեր հանդիպումներուն ու ժողովուրդին ուղղած Մեր պատ­գամ­նե­րուն մէջ թելադրեցինք, որ Սփիւռքի շուրջ քննարկում­նե­րը շարունակուին նոյն թափով ու միաժամանակ գաղութները լծուին մեր հաւա­քա­­կան կեանքը դէպի վերակազմակերպում  ու վերանո­րո­գում առաջնորդող աշխա­տանք­ներու:

Ո՞ւր է այսօր Սփիւռքը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանո­նագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձը­նել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական: Ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները, աւանդութիւնները ու իտէալները պահել ամուր՝ մնալով հանդերձ ամբողջական ու ան­քակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան: Ինչպէ՞ս կա­րելի է սոսկ յարաբերութենէն անդին՝ հետեւողական ու ծրագրուած գործակցու­թիւն մշակել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի է հա­մասփիւռքեան օրա­կարգ մը մշակել՝ ի խնդիր համահայկական օրա­կարգի մը մշակ­ման, եւ անոր շուրջ համախմբուիլ: Այս հարցադրում­ները տեսական չեն, այլ խորքային, այժմէական ու գոյութենական: Արդ, հրա­մա­յական է զանոնք համա­պար­­փակ ու իրապաշտ մօտե­­ցու­մով քննար­կումի ենթարկել՝ մէկ կող­մէն օգտո­ւե­լով հին սերունդին հա­րուստ փոր­ձառութենէն, եւ միւս կող­մէն, ունե­նալով նոր սերունդին հայեցա­կէտերը:

Վերեւ կատարած մեր յիշեցումները ունին մէկ յստակ պատգամ ու նպա­տակ՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման էջը չէ փակուած, պէտք չէ փակուի: Սփիւռքի վերակազմակերպման նպատակասլաց գործըն­թացքը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակուի իւրաքանչիւր գա­ղութէ ներս, բնականաբար՝ տարբեր մեթոտներով, առաջնահերթու­թիւն­ներով ու շեշտաւորումով: Այլապէս, Սփիւռքը կրնայ ենթակայ դառնալ ինքնամաշումի վտանգին: Արդարեւ, լուրջ մտահո­գութիւն մը, որուն կ’անդրադառնանք յաճախ թէ՛ մեր պատգամներուն ճամբով եւ թէ գա­ղութներուն տուած Մեր այցե­լու­թիւններուն ընթացքին: Կ’ու­զենք միշտ կարե­ւո­րու­թեամբ ընդգծել, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, անոր վերա­կազմակեր­պու­մը Հայաստանի հզօրաց­ման ուղղուած է. իսկ Հա­յաս­տանի հզօրա­ցու­մը իր կարգին պէտք է օժանդակէ Սփիւռքի վերա­կազ­մակերպման:

Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշ­խատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինք­նութիւնը ամուր պահելու մեր ճիգին մէջ, մեծապէս էական կը նկա­տենք մեր կրօնական ու ազգային աւան­դութիւններու վերանորոգ­ման ու վերակենսաւորման հրամայականը: Արդ, մեկնելով այս հաս­տատ համոզումէն, 2025 տարին կը հռչակենք

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ

*
*  *

Ի՞նչ կը հասկնանք աւանդութիւն ըսելով: Ընդհանուր սահմա­նու­մով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմա­կեր­պութեան առնչուած հա­ւա­տալիքներու, արժէքներու, իտ­էալ­ներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտա­ծո­ղու­թիւն­­­ներու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբող­ջու­թիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ: Աւան­դու­թիւնը սերտօրէն կապուած ըլլալով տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ կազմակերպութեան կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին հետ, վըճ­ռա­­կան դեր ունի անոր ինքնութեան երաշ­խաւորման, ամբողջա­կանու­թեան պաշտ­պանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակակա­նու­թեան պահ­­պանման մէջ: Հետեւա­բար, ազգեր ու կրօններ միշտ նա­խան­­­ձա­խնդիր եղած են իրենց աւան­դութիւններու անվթար պահ­պան­ման նկատ­մամբ, որովհետեւ զանոնք նկատած են էա­կան՝ ինք­նա­ճանաչ­ման ու ինքնահաս­տատման, ինքնագոյութեան ու ինքնար­տա­յայտու­թեան ամ­րապնդման ու զարգացման համար:

*
*  *

ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

Երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք քրիստոնէական կեանքին ու հաւատքին հիմքը կազմող Աստուածաշունչին վրայ, Հին թէ Նոր կտա­կարաններուն մէջ յաճախակի ակնարկութիւններու կը հանդի­պինք աւանդութեան կարեւորութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ուշա­գրաւ են հետեւեալ երկու կէտերը.– ա) մարգարէներուն եւ առաք­եալ­ներուն կողմէ ժողովուրդին ուղղուած զգուշացում, թէ պէտք չէ Աս­տու­ծոյ պատուիրաններէն հեռանալ, եւ մարդկային սովորութիւններուն կառ­չիլ (Մր 7.13, 1.3): բ) թելադրութիւն՝ կառչած մնալու աւանդու­թիւն­նե­րուն եւ ըլ­լա­լու հաւատարիմ այն աւանդութիւններուն, որոնք մարգա­րէներուն ու առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած են ժողո­վուր­դին (Բ.Թես 2.14):

Ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, նաեւ մեր ժողովուրդի պարագային, աւանդութիւններուն արմատները պէտք է առնչուած ըլլան Աստուածաշունչին, քրիստոնէական կեանքին, վկա­յու­թեան, առաքելու­թեան ու պատմութեան, եւ այն բոլոր ուսուցումներուն, ար­ժէք­ներուն ու սկզբունք­նե­րուն, որոնք կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքի էու­թիւնն ու ինք­նու­թիւնը: Արդարեւ, որեւէ եկեղեցիէ ու քրիս­տոնեայ ժո­ղո­վուր­դէ աւելի, մեր ազգի ու եկեղեցւոյ պարագային այս իրողութիւնը այնքա՜ն զօրեղ կերպով շեշտուած է: Մենք ո՛չ միայն առաջին ժո­ղովուրդը եղած ենք քրիստոնէութիւնը ընդունող, այլ նաեւ քրիստո­նէու­թիւնը հայ կեան­քէն ներս մուտք գործելով հայացած է ու հայ կեանքը քրիստոնէացած: Քրիստոնէութեան ու հայութեան այս ամուր շաղա­խումը մեր ժողո­վուրդը մղած է քրիստոնէական նկարա­գիր տալու հին հեթանոսական աւանդութիւններուն, եւ երբեմն նոյն­իսկ՝ զանոնք հեռացնելու հայ կեան­­­քէն եւ նորը հաստատելու: Սուրբ Գրիգոր Լու­սա­ւորիչ Հայ­րա­պետէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեր աւանդու­թիւն­ները, ըլլան անոնք կրօ­­նա­կան, մշակութային, ազգային թէ ընկե­րայինթրծուած են աստուա­ծաշնչական ուսուցումներով ու ար­ժէք­նե­րով:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աստուծոյ Միածին Որդին իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, աշակերտներուն  թելադրեց երթալ աշխարհի չորս ծագերը եւ քա­րո­զել իր ուսուցումները: Քրիստոս եկեղեցի չհիմնեց, այլ առաքելու­թիւն մը յանձնեց իր աշակերտներուն: Քրիստոսի փոխանցած առաքե­լու­թիւնը իրագործելու ընթացքին  հին աշ­խար­հի զանազան շրջաններէն ներս յառաջացան կրօնական համախմբումներ ու հա­մայնքներ: Անոնք հետզհետէ սկսան կազ­մաւորուիլ՝ հաւաքներ կազմակերպելով, հաւաքական պաշտամունք­ներ կատարելով, պատասխանատուներ նշանակելով, յարաբերու­թիւն­ներ մշակելով: Այդ շրջանին տակաւին գո­յութիւն չունէին Աստ­ուածաշունչ, ծէս կամ նուիրապետութիւն: Եկե­ղեցին կազմաւոր­ուե­ցաւ կենդանիԱւանդութեան մը շուրջ, որուն մաս կը կազմէին այն բոլոր վկայութիւնները եւ ուսուցումները, որոնք փո­խանցուած էին Քրիստոսէն՝ իր առաք­եալներուն ու աշա­կերտ­նե­րուն ճամբով:

Արդ, Աւանդութենէն ծնաւ Աստուածաշունչին կազ­մա­ւո­րումը ա­ռա­ջին դարու աւարտէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ՝ դաւա­նական ու ծի­սական շարք մը աւանդութիւններ: Եկեղեցին յստակ տարբերութիւն մը դնէ Աւանդութեան ու աւանդութիւններունմիջեւ: Աւանդութեան պարագային, եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որով­­­հետեւ անոր մաս կը կազմեն Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, Հայրապետական կոն­­­դակ­ներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսու­ցում­ներ՝ այլ խօսքով, եկե­ղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: Աւանդութիւններու պարա­գային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկա­րա­գիր ունին եւ կրնան փոփո­խութեան ենթարկուիլ: Այս տիպի աւան­դու­թիւնները եւս կարեւոր են, պայ­մանովսակայն, որ անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունե­նան քրիստոնէական կրօնի հիմնա­կան ճշմարտութիւննե­րուն, ուսու­ցումներուն ու հաւատալիք­նե­րուն հետ:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԾԷՍ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Աւանդութիւնները անմիջականօրէն աղերս ունի մարդկային կեան­քի հոլովոյթին եւ միջավայրին հետ, եւ հետեւաբար, միշտ ենթակայ են շրջապատի ազ­դեցութեան, փոփոխութեան, վերանորոգման, ու նոյն­իսկ՝ կորստեան: Աւանդութիւնները սերտօրէն առնչուած են մշակոյ­թին, որով­հետեւ մշակոյթն է աւանդութիւն մը ձեւաւորողը ու կազ­մա­ւո­րողը, անոր իւրայատուկ ինքնութիւն ու արտայայտութիւն տուողը: Աւանդու­թիւն­ները նաեւ կապ­ուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Ծէսին ու աւան­­դութեան միախառնումը մէկ կողմէ՝ աւանդութիւնները պահած են անվ­թար, միւս կողմէն՝ աւանդութիւն­ները տուեալ ծէսին իւ­րայատկու­թիւնը պահած են ամուր: Աւան­դու­թեան առնչութիւնը մի­ջավայրին հետ միշտ եղած է գոյութենական, որով­հե­տեւմիջավայրին ճամբով ինք­զինք արտայայտելով, աւանդու­թիւնները միշտ ենթակայ եղած են անոր ազ­դեցութիւններուն:

Մեր մատնանշած երեւոյթները այնքան ցայտուն կերպով ի յայտ կու գան մեր ժողովուրդի պարագային: Արդարեւ, երբ պահ մը դիտենք­ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը, ներքին վերի­վայ­րումները, տեղափոխութիւնները, միջավայրի փոփոխութիւնները ու յատկապէս մշա­­­կոյթի տիրական ներկայութիւնը, յստակօրէն կը նըշ­մա­րենք աւան­դութիւններուն կարեւոր դերը: Սնայուն տեղաշարժի են­­թա­կայ մեր ժո­ղովուրդի կեանքէն ներս նաեւ յստակօրէն կը տես­նենք մեր աւանդու­թիւններուն մէկ մասին կո­րուստը կամ գունա­­թա­փումը եւ նոր աւան­դութիւններու յառաջացումը: Իսկ այսօր նաեւ ակա­­­նա­տես կը դառ­նանք նոյն աւանդութիւններուն տարբեր ար­տայայ­տու­թիւն­­ները՝ Միջին Արե­ւելքէն եւ արեւմտեան գաղութներէն ներս, որ­պէս հետեւանք մի­ջավայրի ազդեցութեան: Նշեալ երե­ւոյթ­ները մեզ պէտք է մղեն մէկ կողմէն՝ վերա­շեշտելու աւանդութեան ներկայացու­ցած անփո­խա­­րի­նելի կարեւո­րու­թիւնը, եւ միւս կողմէն՝ անհրաժեշ­տու­­թեան պա­րա­գային, անց­եա­լէն ժառանգուած աւանդու­թիւն­ները վե­րատե­սու­­թեան ու բարեփո­խու­թեան ենթարկելու հրամա­յականը:

*
*  *

ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱՇԵՇՏԵԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ
ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ինչպէս տեսանք, աւանդութիւնը բոլոր ժողովուրդներու ու կրօննե­րու կեանքէն ներս կենսական նշանակութիւն ու յատուկ կարեւո­րու­թիւն ունի: Նո՛յնն է պարագան, եւ աւելիո՛վ, մեզի համար, որ­պէս տա­ռապալից պատմութիւն ու լայնատարած սփիւռք ունե­ցող եւ համեմա­տաբար փոքր ժողովուրդ: Արդ, անհրաժեշտ է մեր պատմութեան փոր­­­ձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ հաստատումները կատարել.-

ա) Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է: Ճի՛շդ է, հաւատքը, մշակոյթը, հայրենիքը, լեզուն եղած են եւ կը մնան մեր ժողովուրդի գո­յութեան հզօր սիւները. սակայն, յիշեալ արժէք­ները պահողը, ամրացնողը եւ անոնց իւրայատկութիւնը երաշխաւո­րո­ղը ու զանոնք իրարու կամրջողը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցողը աւան­դութիւնն է:

բ) Ներկան անցեալին կապողը աւանդութիւնն է: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ աւանդութիւնն է որ ժամանակի ու միջոցի սահման­ները անդրանցնելով ամուր կը պահէ ու կը պահպանէ մեր ազգի պատ­մութեան անշեղ ու յարատեւ ըն­թացքը:

գ) Մեր ազգին միութիւնը ապահովողը աւանդութիւնն է: Պատմու­թիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, թէ յաճախ գաղթի ենթարկուած եւ զարգացման տարբեր հոլովոյթ ունեցող մեր ժողովուրդին բեկորնե­րուն մօտ մէկ ազգի պատկանելիութիւնը զօրեղ պահողը միշտ եղած է աւանդութիւնը:

դ) Մեր ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտողը աւանդութիւնն է: Ինչպէս որեւէ ազգի պարագային, նաեւ մեր մօտ, մեր ժողովուրդը, եկեղեցին ու մշակոյթը ուրիշներէն զանազանողը աւանդութիւնն է: Այլ խօսքով՝ մեր ազգի իւրայատուկ ինքնութեան կարեւոր արտայայտիչ­ներէն մէկն է աւանդութիւնը:

ե) Մեր արժէքները ու տեսլականները, մեր հաւատքն ու ոգին պա­­հո­­ղը ու մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդու­թիւնն է:

զ) Վերջապէս, Սփիւռքի տարածքին, հայապահպանման զօրեղ ազ­­դակներէն մէկն է աւանդութիւնը:

Յիշեալ հաստատումները տեսական չեն, այլ մեր ժողովուրդի անց­եալի ու ներկայի պատմութենէն ու կեանքի փորձառութենէն թելադ­րուող կարեւոր յիշեցումներ: Երբեմն սխալ ըմբռնում կը նկատենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, աւանդութիւնը համարելով պարզա­պէս անցեալ, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներ­կայ ժամանակ­ներուն անյա­րիր: Մերժելի է նման մտայնութիւն ու մօ­տեցում: Ժողո­վուրդ մը իր աւանդութիւններով կ’ապրի ու կը գոյա­տե­ւէ պատմու­թեան մէջ, իր աւանդութիւններով ինքզինք կ’ըլլայ ու ինքզինք կ’ար­տայայտէ միջա­վայրի մը մէջ: Իր աւանդու­թիւն­ներու ճամ­բով իր սե­փական արժէք­ները ու իտէալները կը փոխանցէ գալիք սերունդնե­րուն: Աւանդութիւնը ո՛չ անցեալ է եւ ո՛չ ալ անցեալի մէջ կը պահէ անոր հետեւողը: Ժողովուրդ մը ճանչնալու համար պէտք է անոր աւան­­դութիւններըճանչնալ:

*
*  *

ՀԱՐԿ Է ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁՆԵԼ
ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Համաշ­խար­հային մշակոյթով տիրապետուած, գիտութեամբ ու ճար­տարա­գիտու­թեամբ շաղախուած ներկայ ժամանակներուն, աւելի քան երբեք ա­ւան­դութիւնը կը նկատենք հրամայական, յատկապէս մեր փոքր ազ­գին, եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ աւանդապահ, սակայն ո՛չ աւանդամոլ: Հարկ է ըլլալ հաւա­տա­րիմ աւանդութիւններուն նկատմամբ, սակայն զանոնք չվե­րածել անփոփոխելի ու անհպելի երեւոյթի: Համոզուած ենք, որ ինքնու­թիւն կլանող, արժէքներ ու աւանդութիւններ ջլատող, իւրայատկութիւններ այլափոխող ու ամէն տեղ մեզ շրջապատող համաշխարհային մշա­կոյ­­թին դիմաց՝ աւանդութիւնը ինք­նապաշտպանութեան, ինքնահաս­տատ­­ման, ինքնարտայայտու­թեան կարեւոր գործօն մըն է: Եւ որպէս­զի այս գործօնը դառնայ աւելի զօրեղ ու ազդու.–

1) Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդու­թիւնները վերանայման ենթարկուին: Պատմութեան ընթացքին, մի­ջավայրի ազդեցութիւնը կրած մեր աւանդութիւնները պէտք է որ դառ­նան համահունչ ներկայ ժամանակներու ոգիին ու պայմաններու դրուածքին ինչպէս նաեւ մեր սպասումներուն ու կարիքներուն, ա­ռանց սակայն կորսնցնելու իրենց հիմնական տարրերը ու իւրայատ­կու­թիւնը: Այլ խօս­քով՝ հարկ է պահել միջուկը եւ բարեփոխել կեղեւը:

2) Անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները դարձնելով աւելի գրաւիչ ու մատչելի, զանոնք տանինք ժողովուրդին, յիշեցնելով անոնց կա­րե­ւո­րութիւնը մեր ժողովուրդին ամբողջականութիւնը ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով՝ յատկապէս Սփիւռքեան պայման­նե­րուն մէջ:

3) Անհրաժեշտ է, որ ներկայ ժամանակներուն համապատասխան նոր տիպի աւանդութիւններ մշակենք, որպէսզի կարելի դառնայ նոր սերունդները ներգրաւել մեր կեանքէն ներս: Սակայն հարկ է որ նոր աւանդութիւններու հաստատումը համապատասխանէ մեր հոգեւոր, բա­րո­յա­կան ու ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն:

4) Վերջապէս անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները սոսկ չպահենք, այլ զա­նոնք աւելի հարստացնենք, սոսկ անցեալի չվերածենք, այլ ներ­կային մէջ ապրի՛նք՝ անոնցմէ եկող ոգին ու պատգամը մեր կեան­քին մէջ թարգմանելով:

Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիս­տոն­եա­ներուն պատգամ մը կ’ուղղէ ըսելով՝ ձեր հայ­րերու աւանդու­թիւններուն ամուր կառչեցէք (Բ.Թես 2.15): Այսօր, Առաքեալին խօսքը փոխ առնելով, որպէս հայրական պատգամ մեր ժողովուրդի զաւակ­նե­րուն ջերմօրէն կը թելադրենք.– ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զո­հո­ղութեան պահ­ուած աւանդութիւններուն, այն հաստատ համո­զու­­մով ու խոր գի­տակ­ցութեամբ, թէ՝

– մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր՝ պատմութեան ար­հաւիրքներուն դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները մեր ինքնութիւնը երաշխաւորեցին՝ ինք­նու­թիւն այլափոխող ժամանակի հոսանքներուն դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները մեզի համար դարձան ապահովութեան կռուան, գոյութեան խարիսխ եւ միութեան օղակ՝ պայմաններուն պար­տադրած վերիվայրումին դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները դարձան մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, մեր իրաւունքներն ու պահանջները ար­ծարծ պահող կենդանի յուշարարներ՝ մարդկութեան լռութեան դի­մաց:

Այո՛, այսպէ՛ս եղան աւանդութիւնները մեր ժողովուրդին համար իր ողջ պատմութեան ընթացքին: Այսպէս են նաեւ այսօ՛ր՝ ներկայ փո­թորկալից աշխարհին մէջ:

Այլ եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու տուած Մեր այցելու­թիւն­­ներուն ընթացքին, տեսած ենք թէ ինչպէս անոնք անշեղօրէն հաւա­տարմօրէն կառչած են իրենց աւան­­դու­թիւններուն, երբեմն նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն անյա­րիր ու տարօրինակ թուացող աւան­դու­թիւններուն՝ կենցաղային պայ­մաննե­րէն սկսեալ մինչեւ կրօնի ու մշակոյթի հետ աղերս ունեցող մարզեր: Այդ ամուր կապուածութիւնը աւանդութիւններու արտաքին ձեւէն անդին՝ առնչուած է անոնց ճամ­բով արտայայտուող արժէքներուն, ոգի­ին, գա­ղափա­րին, ինքնու­թեան ու տեսլականին: Նո՛յն մօտեցումը ու հաւա­տար­մութիւնը պէտք է ունե­­նանք նաեւ մե՛նք մեր կրօնական ու ազ­գային աւանդու­թիւն­նե­րուն նկատմամբ:

Մեր ժողովուրդին մօտ աւանդութեան նկատ­մամբ որեւէ ձեւի մա­կե­րեսային վերաբե­րում, անտեսում կամ անտարբերութիւն, հարկ է որ փոխ­ուի: Արդարեւ, մեր անցեալը ներ­կային կա­պող, ներկան ամ­րա­պնդող ու ապագային բացող ու մեր ժո­ղո­­վուր­­դի ոգին, հաւատքը ու տեսլականը արտայայտող աւանդու­թիւն­ներուն նկատմամբ անհրա­ժեշտ է ունենալ հաւա­տարմութիւն ու նախան­ձախնդրու­թիւն:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է

Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, պատաս­խանատուներուն եւ իւրաքանչիւր հայու համար հիմնական առաջնա­հեր­թութիւն: Բազմաթիւ են ու բազմազան անցեալէն եկող աւանդու­թիւնները: Անհրաժեշտ է կարեւորութեան ու այժմէականութեան կար­­­գով վերադասաւորումի ենթարկել մեր աւանդութիւնները ու զա­նոնք վերականգնելու, վերանորոգելու ու ներկայ պայմաննե­րուն պատ­­շա­ճեցնելու ուղղութեամբ լծուիլ աշխատանքի: Անցեալին այս գծով որոշ փորձեր կատարուած են: Անհրաժեշտ է աւելի լայն մաշ­տապով ու համապարփակ կերպով ձեռնարկել նման  կարեւոր գործի: Այս ծի­րէն ներս, եկե­ղեցին, դպրոցը ու մեր մտաւո­րա­կան­ները կա­րեւոր դեր ունին կատարելիք:

Հետեւաբար, կը թելադրենք, որ

1) Աւանդութեան կարեւորութիւնը շեշտող յօդուածներ գրուին հո­գեւոր հայրերուն ու մտաւորականներուն կողմէ:

2) Մատչելի ու դաստիարակչական մօտեցումով յա­տուկ գրքոյկներ պատրաստուին աւանդութիւններու ծնունդը, հոլո­վոյ­թը եւ նպատակը պարզող:

3) Հոգեւոր հայրեր, թէ՛ իրենց քարոզներուն եւ թէ ընտանիքներուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին, յիշեցնեն մեր աւանդութիւն­նե­րուն ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութիւնը:

4) Մեր կառոյցները, յատկապէս տիկնանց միութիւնները, ժողո­վըր­դա­յին յատուկ հաւաքներ կազմակերպեն՝ աւանդութիւններ բա­ցատ­­րող ու անոնց դերը ու այժմէականութիւնը պարզող:

Վստահ ենք, որ յիշեալ գործնական քայլերը մեր զաւակները պիտի մղեն վերականգնելու, վերարժեւորելու ու վերակենսաւորելու մեր այն­քան գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութիւնները ներկայ ժամա­նակ­ներու լոյսին տակ:

Այս մտածումներով ու սպասումներով անգամ մը եւս մեր հայ­րական օրհնութիւնը կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կ’աղօ­թենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով պա­ծառակերպէ մեր ժողովուրդին կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշ­խարհի:

­Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

1 Յունուար, 2025

Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան