Ուբբաթ, 10 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Ամենապատուութիւն Աֆրամ Բ. Ասորի ուղղափառ Պատրիարքին միջեւ: Պատրիարքի կողքին հանդիպումին ներկայ էին երկու առաջնորդ սրբազաններ, իսկ Վեհափառ Հայրապետի կողքին՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:
Հանդիպման գլխաւոր նիւթն էր վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքներուն մօտեցումը: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ միասին գործելու եւ հաւաքական տեսակէտեր ճշդելու հրամայականը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Նիկիոյ առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի նշման առնչութեամբ կատարուող աշխատանքներուն: