6-7 Յունուար 2025-ին, նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցան հետեւեալ հիւրերը.-
1) Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց մարոնիթներու Ռայի Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսին։ Խորհրդակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ ընդհանրապէս միջ-համայնքային ու յատկապէս միջ-քրիստոնէական գործակցութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութեան վրայ։
2) Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի շիիթ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան առնչուած նիւթեր։