Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացնող պատուիրակութեան այցելութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հինգ անձեր՝ զանազան նախարարութիւններու մաս կազմող: Պատուիրակութեան պարտականութիւնն է մօտէն քննել Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն պարզած ներկայ վիճակը ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Կիպրոսը, իր կարգին, կատարուելիք ուսումնասիրական աշխատանքը պիտի ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.):
Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պարզելէ ետք իր առաքելութեան նպատակը՝ փափաքեցաւ իմանալ անոր տեսակէտերը:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը յայտնեց, որ խնդրոյ առարկայ նիւթին ինք մօտէն ծանօթ է, որովհետեւ այս մասին զանազան առիթներով դասախօսած է արեւմտեան երկիրներու մէջ, յատկապէս օտար շրջանակներու, եւ նաեւ անդրադարձած՝ իր հեղինակած գրքերուն մէջ: Ապա, ան հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտերը.-
ա) երբ կը խօսուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու մասին, ամէն բանէ առաջ, անհրաժեշտ է յստակեցնել «փոքրամասնութիւն» հասկացողութիւնը, որովհետեւ անիկա կրօնական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային ու իրաւական հասկացողութիւն ունի եւ կը տարբերի երկրէ երկիր:
բ) Քրիստոնեայ համայնքները իրենք զիրենք փոքրամասնութիւն չեն նկատեր, ամէն իմաստով, որովհետեւ պատմականօրէն անոնք մաս կը կազմեն իրենց ապրած երկիրներուն ու ժողովուրդին։ Անոնք եկուորներ չեն. անոնք լիիրաւ քաղաքացիներ են:
գ) Իբրեւ քաղաքացիներ, անհրաժեշտ է, որ քրիստոնեաները մասնակից դառնան պետական բոլոր կառոյցներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն՝ առանց խտրականութեան: Հո՛ս է խնդիրը. երբ պետութիւն մը քրիստոնեաներուն կը մօտենայ որպէս փոքրամասնութիւն՝ զանոնք զրկելով քաղաքացիի յատուկ իրաւունքներէ:
դ) Երբեմն արեւմտեան շրջանակներէ ներս կը խօսուի, թէ քրիստոնեաներ կը հալածուին Միջին Արեւելքի մէջ: Ճիշդ չէ այս բնութագրումը: Հոս ու հոն պատահած փոքր միջադէպերը պէտք չէ ընդհանրացնել: Մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ այն, թէ քրիստոնեաներուն իրաւունքները, իբրեւ քաղաքացիներ, պէտք է պաշտպանուին սահմանադրութեամբ:
ե) Արեւմտեան երկիրները, այս պարագային եւրոպական, պէտք չէ քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու դերին մէջ ըլլայ։ Նման մօտեցում կրնայ հակազդեցութիւն յառաջացնել տարածաշրջանէն ներս: Եւրոպային դերը պէտք է ըլլայ յիշեցում՝ յարգելու քրիստոնեաներուն ամբողջական իրաւունքները, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ:
Վերոնշեալ կէտերուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն խօսեցաւ եւ ապա պատուիրակութեան անդամներուն կողմէ տրուած հարցումներուն պատասխանեց:
Յայտնենք, որ հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան: