7 Մարտի, 2014

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիաք Եունան Գ., Երուսաղէմի Լուտերական եկեղեցւոյ պետ Մունիպ Եունան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ժալխ եւ նոյն Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամ Դոկտ. Հապիպ Պատր։ Հանդիպման նպատակն էր քննել Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն առչուած շարք մը վարչական ու տնտեսական հարցեր։

Յիշեալ ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահներու հանդիպումը կայացնել Ապրիլ 11-ին, Ամմանի մէջ, Գործադիր Վարչութեան ժողովը՝ Յունիսի կէսերուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպում մը՝ նախընտրաբար Սեպտեմբերի կամ Հոկտեմբերի մէջ։ Նաեւ առնուեցան կարգ մը վարչական բնոյթ ունեցող որոշումներ՝ Խորհուրդի կառոյցին ու գործունէութեան առնչուած։

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ քրիստոնէական ներքին միասնականութեան գործնական արտայայտութիւն տալու հրամայականը։ “Այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց է քրիստոնէութիւնը շրջանէն ներս։ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կարեւոր դերակատարութիւն ունի քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան առաւել կենսունակութիւն տալու իմաստով” ըսաւ Վեհափառը։

More News