Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի Պատարագը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան սուրբ խորանէն առած լոյսը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։ Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոսի լոյսը բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք ստանալով զայն՝ Սուրբ Ծննդեան աւետիսն ու օրհնութիւնը տարին իրենց տուները։ Ապա, գլխաւորութեամբ Նորին Սրբութեան, միաբան հայրեր եւ հաւատացեալներ միասնաբար, «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» հոգեպարար ու հոգեզմայլ Քրիստոսի ծնունդը աւետող շարականին երգեցողութեամբ, ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ Սուրբ Ծննդեան տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը։
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը եւ իր հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց։
Նշենք, որ աւանդութեան համաձայն, ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերը, դպրեվանեցիներն ու Մայր Տաճարին մէջ ծառայողները սիրոյ սեղանի շուրջ կը համախմբուին։ Այս առիթով, Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը ուղղելէ ետք, Դպրեվանքի հսկիչներէն եւ Մայր Տաճարի դպրապետ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեանին լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց՝ առ ի գնահատանք անոր նուիրուեալ ծառայութեան։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։