Աստուծոյ օրհնութեամբ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ 2025 նոր տարուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը. պատարագիչն էր Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան անդամ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական հաւաք, որու ընթացքին Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, յանուն Միաբանութեան եւ ժողովրդեան, ընթերցեց ուղերձ։ Իր խօսքին մէջ հայր սուրբը ըսաւ. «Երբ Նոր տարուան խրախճանքներն ու խանդավառութիւնները մեղմացած են, յագեցած ենք շողշողուն մթնոլորտէ եւ կը պատրաստուինք դիմաւորել Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը, հարկ է լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկել անցեալ տարուան մեր ձախորդութիւնները եւ ծանրութեթեւի ենթարկել մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքի զիջումները ու նահանջները»։ Հայր սուրբը ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ պէտք է միասնական ոգիով գործել ու միակամ շարժիլ, գիտակից մօտեցումով երեւոյթներուն նայիլ, մեր դիմաց բացուած առիթները լաւագոյնս օգտագործել եւ անցեալի վաստակով չբաւարարուիլ։
Ապա, ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Առաջին հերթին, ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ մեզի տարի մը եւս առիթ տուաւ անդրադարձ կատարելու մեր կեանքին եւ քննելու մեր յաջողութիւններն ու ձախորդութիւնները, որպէսզի ըստ այնմ կարողանանք ուղղել զանոնք՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն մեր ժողովրդեան։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ հայ կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնք պէտք է վերաքննութեան ենթարկենք, որպէսզի տարուան ընթացքին փորձենք զանոնք սրբագրել՝ մեր ազգին բարգաւաճման ի խնդիր։
Այս առիթով Հայրապետը նշեց, որ 2025 տարին հայրապետական հռչակագրով հռչակած է «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»։ Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն աւանդութիւնները, որոնց պահպանմամբ ու սերունդէ սերունդ փոխանցմամբ կ՚ամրապնդուի անոր հաւաքական յիշողութիւնը։ Նոյնն է նաեւ մեր ազգի պարագային։ Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ որքա՜ն կենսական է մեր աւանդութիւններուն պահպանումը եւ ո՛չ միայն պահպանումը, այլեւ պատմութեան փոշիներուն տակ մնացած եւ կամ մոռացութեան դատապարտուած աւանդութիւնները կեանքի կոչել, կիրարկել զանոնք մեր ներկային մէջ եւ անոնցմով դաստիարակել մեր զաւակները։
Իր խօսքի աւարտին, նոր տարուան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի զաւակները՝ մաղթելով ու աղօթելով, որ 2025 տարին մեր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան, մեր Հայրենիքի սահմաններուն պահպանման ու ամրապնդման, Սփիւռքին վերակազմակերպման եւ մեր ազգին բարօրութեան առիթ կ՚ըլլայ։