ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ 2025 ՏԱՐՈՒԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԸ

Հրամանաւ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ 2025 թուականի եկեղեցական օրացոյցը։

Օրացոյցը կը պարունակէ հայ եկեղեցւոյ տօները, հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, աստուածաշնչական ամէնօրեայ ընթերցուածները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։

Օրացոյցի աւարտին կը գտնուի Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան, Դպրեվանքի ուսանողութեան, ուսուցչական կազմին եւ Կաթողիկոսարանին ենթակայ հաստատութիւններու պաշտօնէութեան անուանացանկերը, ինչպէս նաեւ թեմերու հասցէակապերը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վարչական կառոյցի մարմիններու պատկերը։

Օրացոյցը կրնաք ունենալ՝ այցելելով Կաթողիկոսարանի գրախանութ/կայքէջ, կամ ներբեռնել հետեւեալ հասցէակապէն։