Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱԱՄԱԹ ԱՖՐԱՄ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի պետական երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամի այցելութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Լիբանանի ներքին կեանքը յուզող խնդիրները եւ մասնաւորաբար յառաջիկայ Յունուար 9-ին տեղի ունենալիք Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։

Յայտնենք, որ երեսփոխան Աֆրամ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն մէկն է։