ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հալէպ, 3 Դեկտեմբեր 2024

Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար մօտէն կը հետեւի Հալէպէն ներս տիրող իրավիճակին եւ մեր մտահոգութիւնները կը բաժնէ

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին ընկերա-տնտեսական ներկայ վիճակը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրախնամ հովանաւորութեամբ ու տնօրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը յառաջիկայ օրերուն, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, պիտի փորձէ նիւթապէս օժանդակել մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Օժանդակութիւնը պիտի ներառնէ անխտիր Հալէպի մէջ գտնուող բոլոր հայ ընտանիքները, առանց յարանուանական խտրութեան։

Այս առումով, կը տեղեկացնենք որ հեռախօսով կապ պիտի հաստատուի ընտանիքներուն հետ եւ ըստ այդմ օժանդակութիւնը տրամադրուի։

Համբերութիւն, տոկունութիւն եւ աստուածային օրհնութիւն կը մաղթենք մեր սիրեցեալ ընտանիքներուն եւ զաւակներուն։

ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ