ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերուն աւարտաճառերու ներկայացումը։ Թեկնածու հայր սուրբերն են Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։

Ներկայացնելով իր աւարտաճառը՝ հայր Տաճատ նշեց, թէ ան Պօղոս սարկաւագ Գալէմեանի «Հայ Քահանայութիւնը» անտիպ ուսումնասիրութեան խմբագրումն է։ Նիւթը առնուած է Նուպարեան գրադարանի արխիւէն (File Գալէմեան Սուրէն Վրդ. Հայ Քահանայութեան Ծագումը, No 93, cote P.I.2-3): Յիշեալ ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը անդրադարձած է հայ հոգեւորականին նկարագիրին, ուսման, կոչումին, պարկեշտութեան, անշահասիրութեան ու քարոզախօսութեան։ Ան յատուկ կարեւորութիւն տուած է հովիւ-հօտ յարաբերութեան ու հոգածութեան, ինչպէս նաեւ քահանայի մը կարգապահութեան ու քահանայական պաշտօնին դժուարութիւններուն։ Այս ուսումնասիրութիւնը Պօղոս սարկաւագին աբեղայական ձեռնադրութեան աւարտաճառն է եղած, զոր ձօնած է Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեանին։ Նշենք, որ Պօղոս սարկաւագ Արմաշի դպրեվանքի աշակերտներէն եղած է եւ աւարտելով՝ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած եւ օծուած է՝ վերակոչուելով Տ. Սուրէն աբեղայ։

Հայր Պարոյրին աւարտաճառի նիւթն է «Reference Book of the Armenian Orthodox Liturgy»: Անգլերէն լեզուով կատարուած այս աշխատասիրութիւնը կ՚օգնէ ընթերցողին ծանօթանալու հայ եկեղեցւոյ ծէսին եւ անոր տեսական, պատմական ու գործնական երեսներուն՝ բառարանային բացատրութեան ոճի օգտագործումով։ Աշխատանքին նպատակն է, յատկապէս ամերիկաբնակ եւ ընդհանրապէս օտարախօս, նոր սերունդին հրամցնել մեր եկեղեցւոյ ծիսական բառապաշարին ու արարողակարգին առնչուած դիւրահասկնալի եզրեր ու բացատրութիւններ՝ հետեւելով Օրմանեան եւ Գաթարոյեան արքեպիսկոպոսներու ծիսական բառարաններու օրինակին։ Աշխատասիրութեան սկիզբը կը գտնուի հայերէն-անգլերէն փոխատառումի եւ հնչիւնաբանական կանոններու ցուցակը, իսկ աւարտին՝ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկը՝ փափաքողները յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ եւ պրպտումներ կատարելու նպատակաւ։

Ծայրագոյն վարդապետութեան աւարտաճառերու ներկայացման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքին առընթեր կատարեց շարք մը նկատողութիւններ ու թելադրութիւններ, ինչպէս նաեւ բացատրեց ուսումնասիրութիւն կատարելու կերպերը՝ մատնանշելով որոշ կարեւոր կէտեր։ Այս առիթով ան նաեւ յիշեցուց, որ ուսումը մեր Միաբանութեան կեանքին ու ծառայութեան կարեւոր երեսներէն մէկը պէտք է դառնայ, սակայն անհրաժեշտ է զայն առաքելութեան ու ծառայութեան վերածել։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ յիշեցուց եւ ընդգծեց հոգեւորականի կոչումին նկատմամբ հաւատարիմ ըլլալու հրամայականը։

Ապա, միաբան հայրեր միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը, իսկ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց մեր եկեղեցին, Սուրբ Աթոռը եւ Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութիւնը։