ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ Ն.Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2024-ին, Աթշանէի ասորւոց վանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Իսկ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի, Զահլէի եւ Լեռնալիբանանի առաջնորդները:

Վեհափառ Հայրապետը նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Պատրիարքին՝ Մալապարի ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարքին վախճանման առիթով: Ան նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հայ-ասորի-ղպտի եկեղեցիներու միջեւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան ներկայ պատկերին: Աֆրամ Պատրիարք անդրադառնալէ ետք Մալապարի եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զանոնք դարմանելու կարելիութիւններուն, իր կարգին շեշտեց միջ-եկեղեցական գործակցութեան հրամայականը՝ յատկապէս Միջին Արեւելքը դիմագրաւող ներկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Նիկիոյ Տիեզերական առաջին սուրբ ժողովին 1700 ամեակը նշելու գծով տեղի ունեցող աշխատանքներուն մասին: