Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2024-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նորանշանակ վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։
Հայր սուրբը որդիական երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց Հայրապետին՝ ընդգծելով, որ հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, Նորին Սրբութիւնը չի մոռնար իր շեշտը դնելու հայ երգին եւ երաժշտութեան վրայ: Հայր սուրբը ամփոփ ձեւով խօսեցաւ նաեւ 2023-2024 տարեշրջանի ծրագիրներուն մասին: Ապա, ան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վարչութեան անդամները, որոնք, իրենց կարգին, պարզեցին յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրները: Վարչութիւնը յայտնեց, որ երգչախումբը զանազան ծրագիրներու շարքին շեշտը պիտի դնէ Սուրբ Ծննդեան համերգին վրայ, որուն ընթացքին ան հանդէս պիտի գայ գործակցաբար Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին հետ: Համերգներու շարքին «Շանորհալի»ն Սայաթ Նովայի նուիրուած համերգով մըն ալ հանդէս պիտի գայ, իսկ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտութեան 30 ամեակին առիթով, Կաթողիկոսարանի երկու երգչախումբերը՝ «Շնորհալի»ն ու «Նարեկացի»ն եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը հանդէս պիտի գան միացեալ համերգով մը:
Երգչախումբի ծրագիրներու շարքին վարչականներ նշեցին, որ պիտի շարունակուին «Ձայն Երկնային» խտասալիկներու արձանագրութիւնները: Երգչախումը նաեւ պիտի կազմակերպէ սեմինարներ, ընկերային հաւաքներ եւ այլ երգչախումբերու հետ այլազան ծրագիրներ: Վերջապէս, վարչականները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Կաթողիկոսարանին եւ «Շնորհալի» երգչախումբին առաքելութեան բարգաւաճման իրենց ներդրումը ունենալու յանձնառութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքին մէջ նախ գնահատեց հայր սուրբը, «Շնորհալի» երգչախումբին ճամբով կատարած իր կատարած աշխատանքներուն համար: Ան ողջունեց նորակազմ վարչութիւնը եւ իր շեշտը ծառայութեան ոգիին վրայ դնելով՝ ըսաւ, որ «Շնորհալի» երգչախումբը 50 տարի շարունակ ծառայած է գիտակցութեամբ եւ նուիրումով. ոմանք իրենց ժամանակէն, ուրիշներ իրենց շնորհքէն եւ այլք իրենց քսակէն նուիրած են, որպէսզի երգչախումբին ճամբով իրենց ծառայութիւնը բերեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր ընդմէջէն՝ համայն հայութեան:
Յայտնենք, որ նորանշանակ վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն՝
— Նանոր Պոյաճեան
— Ցոլին Աբրահամեան
— Մեղրի Արսլանեան
— Գարոլին Թերզեան
— Սեւան Գենտիրճեան